Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Առօրեայէն. Կենսոլորտը Պղտորող Ծխախոտը Եւ Կլկլակը

September 14, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՔԱՍԻԱ

Լիբանանի կենսոլորտին մաքրութեան պաշտպան մեր պատասխանատուները  վերջապէս անդրադարձան, թէ հարկ է, որ ժողովուրդը մաքուր օդ շնչէ, առողջ մնայ լիբանանեան երկինքին տակ: Պայքարը սկսաւ ծխախոտի եւ կլկլակի չափազանցուած ծուխ արտանետող, մարդոց թոքերուն, առողջութեան վնասող, նոր հիւանդութիւններ ստեղծող սիկարեթին եւ կլկլակին օգտագործումը, շահագործումը զարգացնողներուն դէմ:

Նոր օրէնքով արգիլուած է պաշտօնական վայրերու, հաւաքական շրջանակներու, ճաշարաններու մէջ ծխելը:

Այս որոշումը պատճառ դարձաւ ըմբոստանալու, նախ` ճաշարաններու տէրերու կողմէ ցուցադրուած, նոյն ատեն` սիկարեթի եւ կլկլակի յատուկ հանգստավայրեր յաճախողներու:

Լիբանանցիները ամբողջութեամբ, կամ մեծամասնութեամբ ծիծաղելի գտան ծխախոտին եւ կլկլակին ծուխին դէմ արգելք դնելու հարցը, երբ մեր բոլորին հետ կը գործեն ելեկտրածին սարքերը` իրենց անտանելի մուր ու ծուխով: Պետութիւնը ինչո՞ւ համար չի հոգար մայր ելեկտրականութիւնը բնականոն հոսանքի վերածելու, որպէսզի բնակչութիւնը փրկուի ոչ միայն մուրէն ու մուխէն, այլեւ` իր քսակին վրայ ծանրաբեռնուած տոլարի հաշիւներէն:

Պետութիւնը ինչո՞ւ համար բնակչութեան աղբահաւաքման կուտակումներուն գարշահոտը չքացնելու մասին չի մտածեր:

Հապա՞ ինքնաշարժի անիւներ հրկիզելը` իւրաքանչիւր «կողմի» մը քաղաքականութեան հակառակ թուացող միջադէպի մը պարագային: Եւ դեռ` տեսակաւոր մուր ու մուխեր, ծուխեր ու գարշահոտ:

Ա՞յս էր կենսականը: Վնասել մանր-մունր «պիզնես»-ով զբաղող քաղաքացիներո՞ւն: Թող իւրաքանչիւր անձ մտահոգուի իր առողջութեան վնասող գործօններէն հեռանալու մասին: Այս պարագային պետութիւնը պէտք էր մտածէր յատուկ միջավայրեր կարգաւորելու մասին` ծխախոտը կամ ածուխը ներկայացնելու:

Եկէք` արդար մտածումով մօտենանք այս հարցին:

Սիկարեթ ծխելու վարժութիւնը մէկ կողմ դրած` անդրադառնանք սա «էրկիլէ» կոչուած կլկլակին, որուն գործածութիւնը մրցանիշ մը հաստատեց Լիբանանի մէջ: Տարիներ առաջ կը տեսնէինք մայթերու վրայ սրճարաններ, կլկլակ ծխող հասուն տարիքի այրեր: Կինե՞րը: Հազուադէպօրէն տեսնուած, ընտանեկան յարկին տակ ծուխ ներշնչող… Երիտասարդ կիներու կամ աղջիկներու համար ամօթ կը նկատուէր կլկլակ ծխելը: Անգամ մը եւս կրկնենք ամէնուն լեզուին վրայ ծաղկող «օրերը փոխուած են» բանաձեւը, ամէն ինչ ընդունելի եւ ներելի նկատենք, քայլ պահենք իրագործուած գիտական կամ ընկերային յեղաշրջումներու հետ: Բայց այսքան սանձարձակութի՞ւն: Հասանք այնպիսի ժամանակի մը, երբ մեր շուրջը կը տեսնենք «էրկիլէ»-ի յատուկ ծխարաններ, սրճարաններու կողքին կամ անոնցմէ անջատ ու ազատ վայրեր: Ծանուցումներ կը լսենք կլկլակներուն գոյնը, համն ու հոտը գովաբանող: Յատուկ մշակոյթ մը ծաղկած է կլկլաբանութեան… Այս մշակոյթէն զերծ չեն մեր հայուհիները: Օրինակները առատ են, յիշենք մէկ քանին:

Ծանօթ, աւանդապահ ընտանիքի մը այցելութիւն տուած ենք: Երիտասարդ մայրը նստած է կլկլակին պղպջուն շիշին դիմաց եւ կը վայելէ: Նստանք զրոյցի` քիչ մը զարմանալով երիտասարդ մօր համարձակութեան, որ կը շարունակէր ֆռֆռացնել հաճոյք ստեղծող էրկիլէն: Կողքի սենեակէն ներս մտաւ պարման դուստրը, մօտեցաւ մօրը` խնդրանքով.

– Մամա, քիչ մըն ալ ինծի տուր…

Առանց այլեւայլի մայրը յանձնեց օձապտոյտ խողովակին կցուած ծծակը: Տեսարանը զարմացուց զիս ու բարեկամուհիս: Աղջնակի՞ մը յանձնել կլկլակը, այդքան կենսակա՞ն է արդեօք: Ապշած կը հետեւէինք ես ու բարեկամուհիս` կատարուած հայկական մեր աւանդութեան անյարիր գործողութեան, երբ բարեկամուհիս անհամբեր եւ ջղային շեշտով ըսաւ.

– Մարօ՛, ինչո՞ւ կը ծխէք այս էրկիլէն, այդքա՞ն կարեւոր բան մըն է մայր ու աղջիկ իրարու ձեռքէ կ՛առնէք կու տաք ծծակը: Դիտողութիւնը անհաճոյ թուեցաւ երկուքին ալ, երբ աղջնակը ուսը թօթուելով` ձգեց էրկիլէն տրտունջով.

– Դուք ալ ինչ տգէտ էք, նենէիս պէս կը խօսիք…

Սրճարանները, ճաշարանները, ծխարանները կը յորդին յաճախորդներով, որոնք հանգստանալու, իրենց տարտերը պարպելու տեղը գտած են, կը հանգստանան, կը հաճոյանան, քիչ մըն ալ համը կը ճաշակեն թմրելու, երազներու ոլորտին մէջ:

Մեր տուած մայր եւ աղջկան օրինակը չորս-հինգ տարուան անցեալ ունի: Ներկայիս ամէն տան մէջ այս նիւթին շուրջ կը խօսուի, որովհետեւ սիկարեթին եւ էրկիլէին անսպառ ներշնչումը պղտորած է կենսոլորտը, պատճառ դարձած` հիւանդութիւններու աճին, հետեւաբար կարիքը ստեղծուած է պետական պաշտօնական արգելքի կամ յատուկ վայրերու մէջ ծխելու արտօնութեան:

Թեման այժմէական է: Առօրեայ նիւթ, ըսի-ըսաւի առատ խօսակցութիւն, արդար եւ տեղին բամբասանքով համեմուած:

Պօղոս կ՛ըսէ.

– Երէկ պսակի ներկայ եղանք, երբ եկեղեցիէն դուրս ելանք` դիմացի ճաշարանին մէջ տեսանք հազիւ 13 տարեկան հայ աղջիկներ, որոնք կլկլակ կը ծխէին… Զարմացանք ես ու կինս: Ուրեմն հո՞ս հասեր ենք, այսքան համարձակութիւն շատ չէ՞: Ասիկա ազատութի՞ւն է:

 

Նախորդը

Յուշատետր. Մարդը Առանձին Չէ

Յաջորդը

Մանուկներու Շահագործման Մասին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.