Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կացութիւնը Հալէպի Հայաշատ Թաղամասերուն Մէջ

September 11, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժիրայր Ռէյիսեան

Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք Հալէպի մէջ ուժեղ պայթում մը շարք մը բնակելի տուներ եւ պետական շէնքեր աւերելէ զատ, խլած է բազմաթիւ մարդոց կեանքը: Նախնական տուեալներու համաձայն, արձանագրուած է 27 զոհ եւ 64 վիրաւոր: Հալէպի հայ համայնքը լուրջ վնասներ չէ կրած:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Երկիր Մետիա»-ի կը հաղորդէ, որ թէեւ նախապէս լուրջ ճակատումները չէին ընդգրկէր Հալէպի հայաշատ թաղամասերը, սակայն անցեալ շաբաթ բաւական լուրջ իրավիճակ ստեղծուած է. հրասանդի հրթիռներ Նոր Գիւղէն ետք հասած են նաեւ Վիլլաներ եւ Սուլէյմանիէ թաղամասերը` ահ ու սարսափի մատնելով բնակիչները եւ պատճառ դառնալով կարգ մը բնակարաններու տարբեր աստիճանի վնասներու: Բնակարանի մը մէջ հրդեհ յառաջացած է, սակայն շտապ օգնութեան մեր հայ տղաքը անմիջապէս օգնութեան հասած են եւ իրենց ճիգերուն շնորհիւ հրդեհի տարածման առաջքը առնուած է:

Այս զարգացումները աւելի լուրջ ընթացք առած են ուրբաթ կէսօրէ ետք Նոր Գիւղի մէջ, ուր քանի մը օր սպասողական լարուած վիճակէ ետք թաղամասը վերածուած է ռազմադաշտի: Սուրիական ազատ բանակի զինեալները փորձած են շրջան ներթափանցել, իսկ սուրիական օդուժը եւ բանակի միաւորներ ծանր ռմբակոծումով, թաղային պաշտպանութեան խմբակներու հետ ամէն ճիգ թափած են ետ մղելու համար այդ յարձակումը: Բնականաբար այս ծիրին մէջ որոշ գործողութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Պոսթան Փաշա թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուի ծերանոցը: «Նիւթական վնասներ բնականաբար եղան: Զոհուեցաւ հայ երիտասարդ մը եւ վիրաւորուեցան մի քանիներ, որոնց օգնութեան հասան բուժօգնութեան մեր տղաքը», ըսաւ Ռէյիսեան: «Երկիր Մետիա» հետագային հաղորդեց, որ զոհուած հայ երիտասարդը Վարդան Պիւրքլեանն է:

Բախումներու ընթացքին վնասուած են ելեկտրականութեան կեդրոնն ու ջրամբարը: «Կառավարութիւնը այժմ ամէն ճիգ կը թափէ անհրաժեշտ եղած նորոգութիւնները կատարելու», նշեց Ռէյիսեան:

Ան յայտնեց, որ շրջանին մէջ կացութիւնը այժմ յարաբերաբար աւելի հանդարտ է: Լրատու աղբիւրներու համաձայն, երէկ վնասուած է Նոր Գիւղի Կիւլպենկեան հիւանդանոցին մէկ բաժինը: Նոյնպէս կիրակի օր հրասանդի հրթիռներու թիրախ դարձած է Ազիզիյէի մէջ նախկին իտալական հիւանդանոց անունով ծանօթ, մայրապետներու կողմէ ղեկավարուող մանկամսուր մը եւ այդ շէնքին մօտ գտնուող յոյն կաթողիկէներու եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Խանտաքէն Ճիտէյտիէ տանող ճամբուն վրայ արաբ բողոքականներու եկեղեցին:

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն վնասուած է հայուհիի մը բնակարանը, իսկ Երեւանէն Հալէպ վերադառնալէ ետք, օդակայանի ճամբուն վրայ վիրաւորուած է հայ մայր մը եւ իր զաւակը, որոնք դարմանումի համար փոխադրուած են հիւանդանոց:

Նախորդը

Հունգարիա Հայաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ Վերականգնելու Բարեկամական Կապերը

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 12 Սեպտեմբեր 1962 )

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.