Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

April 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆԱՀԱՐ»

– Կ՛անդրադառնայ յառաջիկայ 12 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն` նկատել տալով, որ Թուրքիոյ մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում իշխող կուսակցութիւնը կը մերժէ իգական սեռի լաչակաւոր ներկայացուցիչներուն թեկնածութիւնը առաջադրել եւ անոնց թեկնածութեան զօրակցիլ (Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Լ՛Օրիան լը ժուր» եւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթերը):

«ՍԱՖԻՐ»

– Անդրադարձ` Կանայի սպանդին 15-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին, որուն ներկայ գտնուած էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Օրաթերթը մէջբերած է նաեւ ձեռնարկին ընթացքին Յ. Մխիթարեանի արտասանած խօսքէն բաժիններ (Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Պայրաք» օրաթերթը):

– Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին վերլուծական յօդուած մը, որուն մէջ կը նշուի նաեւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի կողմէ ստանձնուելիք նախարարներուն թիւը: Յօդուածագիրը կը նշէ նաեւ ՀՅԴ-ի բաժինը` շեշտելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իրաւունք ունի ստանալու երկու նախարար:

«Լ՛ՕՐԻԱՆ ԼԸ ԺՈՒՐ»

– Օրաթերթը կ՛անդրադառնայ հայ կաթողիկէ համայնքին Ծաղկազարդի տօնակատարութեան եւ պատարագին, որուն նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս – Պետրոս ԺԹ.  պատրիարքը` Պէյրութի Տեպպաս հրապարակին վրայ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

– Անդրադարձ` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցող Գրիգոր Ակոբեանի ցուցահանդէսին:

– Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին նորութիւն մը, որուն ծիրին մէջ նշուած է, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունած է առաջադրել 10 նախարար, որոնց մէջ ներառուած է նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցչութիւնը:

«ՍԱՅԱՏ»

– Շաբաթաթերթը հրատարակած է Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունիի հետ հարցազրոյց մը, որուն մէջ ան նկատել կու տայ, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին ստանձնելիք նախարարութիւններուն մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վերապահուած են երկու նախարարութիւններ:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԽՈՒՐԱՖԻՆ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։