Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում

September 1, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մասնակցութեամբ 160 տարազաւոր սկաուտներու, 12-19 օգոստոս տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի տարեկան բանակումը, Մթէյն շրջանին մէջ: Բանակումի ընդհանուր նիւթն էր «Նաւասարդեան խաղեր – Միջնադարեան ժամանակաշրջան», որ իրագործուեցաւ խումբերու յայտագիրներուն, ձեռային աշխատանքներուն, բանակումի ընդհանուր յարդարման եւ խարուկահանդէսի ներկայացման ընդմէջէն:

Կիրակի, 12 օգոստոսէն սկսեալ, մասնաճիւղի 9 խումբերը` երէց, պարմանուհի, արի, արենուշ, մեծ գայլիկ, մեծ արծուիկ, պզտիկ գայլիկ, պզտիկ արծուիկ եւ մոկլի հերթաբար մեկնեցան դէպի Մթէյն, լարեցին վրանները, յարդարեցին իրենց խումբի բանակավայրերը եւ մասնակցեցան խմբապետական կազմերուն պատրաստած յայտագիրներուն:

ՀՄԸՄ-ի վահանը ներկայացնող դրօշակի կայմն ու բանակավայրի մուտքը գտնուող միջնադարեան բերդը պատրաստելէ ետք, խումբերը անցան իրենց աշխատանքներուն: Տարազաւորները մասնակցեցան լեռնարշաւի, միացեալ Ռելլի փէյփըրի մը, շրջանին մէջ գանձ գտնելու խաղի, դասախօսութիւններու, չարքաշ խաղերու, փէյթնպոլի, արշաւներու, հանգրուանային խաղերու եւ այլն: Ուրբաթ առաւօտեան կազմակերպուեցան մասնաճիւղային խաղեր. մասնաճիւղը բաժնուեցաւ երկու խումբերու, եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ մրցակցութիւն: Խաղերու ընդմէջէն կարելի եղաւ սերտ կապ հաստատել բոլոր խումբերուն միջեւ եւ թափ տալ «Մէկ մասնաճիւղ, մէկ ընտանիք» կարգախօսին:

Շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 4:30-էն սկսեալ, ծնողները այցելեցին բանակավայր եւ ծանօթացան իրենց զաւակներուն պատրաստած աշխատանքներուն եւ յայտագիրներուն: Սկաուտները պատրաստած էին կրպակներ, որոնց միջոցաւ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդը տարբեր տեսակի ուտեստեղէններ, զովացուցիչ, սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանքներ եւ շապիկներ կը վաճառէր:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տարազաւորները տողանցեցին դէպի դրօշակի կայմ, ուր տեղի ունեցաւ բանակումի պաշտօնական փակման արարողութիւնը, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետութեան: Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ աստիճանատուութիւն, եւ պզտիկ արծուիկ երամի խմբապետական կազմէն Լոռի Սնապեան ստացաւ պաղիրայի աստիճանը: Մեծ կանչի արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ խումբերու եւ մասնաճիւղի մակարդակով մրցանակաբաշխութիւն: Բանակումի լաւագոյն խումբի մրցանակին արժանացաւ արիական խումբը, լաւագոյն յայտագիր մրցանակին` պզտիկ արծուիկ երամը, նախաձեռնող խմբապետական կազմ մրցանակին` պզտիկ գայլիկ վոհմակը, իսկ լաւագոյն բանակող սկաուտի մրցանակին` Լարա Աճէմեան:

Դրօշակի արարողութեան յաջորդեց «Միջնադարեան տօնախմբութիւն» խորագիրով խարուկահանդէսը: Իրենց կողմէ պատրաստուած ներկայացման տարազներով, անդամները պարեցին, երգեցին, թատրերգութիւն խաղացին եւ երգիծական ներկայացումներ կատարեցին` պատկերացնելով միջնադարեան խնդիր մը, ուր խաչակիրները, արաբներն ու հայերը կը մրցէին իրարու դէմ:

Կիրակի, 19 օգոստոսին, սկաուտական գոյքերը հաւաքելէ եւ բանակավայրը մաքրելէ ետք, տարազաւորները վերադարձան ակումբ:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի տարազաւորներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 23 սեպտեմբեր 2012ին` առաւօտեան ժամը 9:00-11:00, վերամուտի սկաուտական առաջին հաւաքին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հետեւիլ մասնաճիւղի պաշտօնական խումբին Դիմատետրի վրայ` «ՀՄԸՄ Անթիլիասի Սկաուտներ» անունով:

Նախորդը

Nulla Dies Sine Linea – Ոչ Մի Օր Առանց Գծի

Յաջորդը

Մեր Աշակերտները Կը Գրեն. Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Գրական Պարբերականը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.