Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցած Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. Յայտարարեց Լիբանանի 35-րդ Միջազգային Ռելիին Կայացումը

August 31, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, 7-9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 35-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ եւ Լիբանանի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:

Երէկ այս տեղեկութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց Ա. Թէ. Սէ. Էլ` Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն ներկայ էին մեծ թիւով մարզական լրագրողներ:

Կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներէն Ժաք Սալհա իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս մամլոյ ասուլիսին կայացումը ի մասնաւորի ուղղուած է բոլոր անոնց, որոնք կասկած ունէին այս ռելիին կայացման գծով: Ան ըսաւ, որ Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնի (Ֆիա) Ֆրանսայի նախագահ Ժան Թոր Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին տուաւ կանաչ լոյսը` ճշդուած թուականին ռելին կայացնելու համար:

Լուսանկարները տրամադրեց` PROFOTO

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ այս ռելիին հովանաւոր բոլոր ընկերութիւններուն` նկատի ունենալով, որ անոնցմով է, որ այս ռելին կը յաջողի:

Ապա, յայտարարուեցան անունները այն 35 ինքնաշարժներուն վարորդներուն եւ անոնց օգնականներուն, որոնք մինչեւ ճշդուած ժամկէտը իրենց անունները արձանագրած էին:

Երբ հարցումը ուղղուեցաւ թէ արդեօք Ծոցի երկիրներուն վարորդները պիտի ժամանե՞ն Լիբանան` մասնակցելու ռելիին, պատասխանը եղաւ այն, որ ով որ կ՛ուզէ կրնայ գալ Լիբանան, իսկ ան որ երկմտանքի մէջ է, կազմակերպիչ ակումբը ժխտական ձեւով չէ որ նկատի պիտի առնէ անոր տալիք որոշումը, այլ` սովորական:

Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ ռելիին մասնակցողները պիտի ստանան իրենց սովորական կէտերը, մինչ չմասնակցողները ոչ` մէկ կէտ:

Ինչ կը վերաբերի ընդամէնը 836,76 քմ երկարութիւն ունեցող այս ռելիին, անոր ազդանշանը պիտի տրուի ուրբաթ, 7 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Ժունիէի քաղաքապետարանին առջեւէն:

Վերջապէս յայտարարուեցաւ որ ամէն տարի ռելիէն քանի մը օր ետք, տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի ռելիներու ակումբներուն ժողովը այս տարի բացասաբար տեղի պիտի ունենայ 27-28 հոկտեմբերին` Լիբանանի մէջ:

 

Նախորդը

Օրը Օրին. Տարածենք Վարակը

Յաջորդը

Ճատրակ. Միջերկրականեան 4-րդ Խաղեր. Երէկ Տեղի Ունեցան 4-րդ Եւ 5-րդ Հանգրուանի Մրցումները

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.