Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՆՔ ԵՆՔ` ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. ՊԱՇՏՕՆԵԱՅ, ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ, ՊԱՇՏՕՆԱՏԷ՜Ր

April 18, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս խորագիրը որեւէ զարմանք թող չպատճառէ ոեւէ մէկուն, որովհետեւ այդ իրավիճակները քիչ մը ամէն տեղ կան, որոնց շարքին` նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր «պաշտօնեայ»ականութիւնը միշտ ի պատուի է, բայց, չկարծուի հասարակ պաշտօնէութեամբ, այլ` անկէ վեր ու վե՜ր, անհասանելի պաշտօնեաներու… պաշտօնակատարութեամբ ու պաշտօնատիրութեամբ:

Հակառակ այս առնչութեամբ մեր ունեցած «ժլատ» (բայց գէթ` հաւաստի) տեղեկութիւններուն, վերջերս վերահասու եղանք նաեւ հայրենական յօդուածի մը` «Ինչպէ՞ս են պաշտօնեայ դառնում Հայաստանում», Կարէն Յակոբջանեան, 12 յունուար 2011, (վերարտատպուած ֆրանսահայ «Նոր Յառաջ»ի 20 յունուար 2011-ին մէջ), ուր աւելի «պերճախօս» տուեալներու ու տեղեկութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցանք:

Հիմա ոմանք այս տխուր իրականութեան անդրադարձումը կը մեկնաբանեն անով, որ Հայաստանի մէջ սպիտակ կողմերը սեւերէն աւելին են (կամ հաւասար), մենք ալ կ՛ըսենք. թերեւս, բայց ատիկա ճի՞շդ բանաձեւում է, առարկայակա՞ն մօտեցում է, երբ իրականութեան եւ անիրականութեան միջեւ կան փարսախներով հեռաւորութիւն:

Մենք սփիւռքի մէջ կը տառապինք բազմաթիւ «ախտ»երէ, եւ չկարծուի, թէ ատոնք (միայն) իրարու նկատմամբ գերադասութիւններէ, իրերամերժութիւններէ կամ մրցակցութիւններէ կու գան, այլ` իւրաքանչիւր կազմակերպութենէ ներս գոյացած պաշտօնակալութենէն («պիւրոքրաթիզմ»էն), որ ընկերութեան մէջ ահաւոր «որդ-ցեց» մըն է, կրծելով մեր իրականութիւնը:

Սակայն սփիւռքը սփիւռք, իր ցաւերով ու յոյզերով, տագնապներով ու մտահոգութիւններով, որոնք միշտ մեր կիզակէտին վրայ կը գտնուին, մինչ բուռ մը հայրենիքը ո՞ւր է, ո՞ւր կ՛երթայ, ղեկավարութիւնը ո՞ւր կը տանի հայ ժողովուրդը:

Իրաւունք կա՞յ, թէ՞ չկայ այս մասին արտայայտուելու, խորհրդածելու եւ, ի հարկին, ՔՆՆԱԴԱՏԵԼՈ՛Ւ, երբ իշխանաւորներ ու աւագանիներ կը շարունակեն, յստակ ըսած, շահագործել իրենց դիրքերը, նախագահականէն մինչեւ խորհրդարանականն ու կառավարականը:

Այս մասին խօսիլը մե՞ղք է, թէ արգիլուած, երբ հայրենի ժողովուրդէն ու մանաւանդ «համտեսողներ»էն շատեր կը դժգոհին իշխանութիւններու վարմունքէն ու հովանաւորեալ պաշտօնակալութենէն:

Յօդուածագիր Յակոբջանեան իրաւացիօրէն կը հարցադրէ. «Ի՞նչ չափանիշներով են նախարար, մարզպետ եւ այլ պաշտօնի նշանակւում մարդիկ», նոյնհետայն յիշեցնելով. «Խօսւում է այն մասին, թէ ոմանց նշանակում են «քեշ» (կանխիկ) փողի դիմաց», իսկ ինչո՞ւ` «խօսւում է», որովհետեւ Հայաստանի մէջ գործող կառավարման համակարգը պատուած է գաղտնիութեան եւ անթափանցիկութեան քողով:

Ահաւասիկ այս վերջին պարագան է, որ ամէնէն վտանգաւորն ու աղէտաբերն է, քանի հոն «կը հիւսուին» կամ «կ՛եփին» հարցերն ու թեկնածուները, իսկ ի՞նչ կամ որո՞նք պիտի ըլլան ատոնք, եթէ ոչ` գործող իշխանութիւններու բացարձակատէրերը, ինչպէս` Հանրապետական կուսակցութեան մենաշնորհեալները, ընդ հովանեաւ պրն. Սերժ Սարգսեանի:

Գաղտնիք չէ, որ օրինակի համար, Ազգային ժողովի ու կառավարութեան անդամներուն մեծ մասը «պիզնըսմեն» է (պարկեշտ թէ անպարկեշտ վարկածները մէկ կողմ դրած), հետեւաբար ինքնըստինքեան արդէն կը պարզուի, թէ անոնք ընտրութիւններու թէ նշանակումներու ժամանակ ինչպէ՛ս թառած են իրենց աթոռներուն վրայ:

Կ՛ըսուի, թէ Օրինաց Երկիր կուսակցութեան առաջադրած գիւղատնտեսութեան նախարարը (որ վերջերս պաշտօնանկ եղաւ), փոխան «կոկիկ» գումարի նշանակուած է իր պաշտօնին, բայց այն աստիճան «աւերներ» գործած է, որ անհնար էր այլեւս զինք պահել (կամ պաշտպանել), ուստի, մինչեւ իր տուած գումարը «վերստանայ», մնացած է հոն, ապա` տուն ճամբուած… պարարտացած քսակով:

Անոր տեղը նշանակուած նոր նախարարը, որ կ՛ըսուի, թէ յաջողած գործարար մըն է, կրնա՞յ ըլլալ, որ «առանց պայման»ի հոն հասաւ, առաւել եւս, իր անձնական հասոյթները ձգելով ու միա՞յն նուիրուելով պետական-հասարակական ծառայութեան, մինչ իր պաշտօնակիցները կը շարունակեն իրենց դիրքերը շահագործել ու նորանոր հարստութիւններ դիզել:

Իշխող կուսակցութիւններու անդամներուն զեխ ու շռայլ կեանքը ինչպէ՞ս բացատրել կամ մեկնաբանել` շքեղ դղեակներէն մինչեւ «լիւքս» ինքնաշարժեր, վայելքի շրջապտոյտներ, շահաբեր գործարքներ, նաեւ` «զգլխիչ» գրասենեակներու եւ ընկերութիւններու հիմնում:

Ասոնք ի՞նչ միջոցներով կ՛ըլլան. մարդ որքան միամիտ կամ… բթամիտ ըլլալու է կարծելու, թէ պարկեշտ ճամբաներով կամ «հալալ» քրտինքով, մանաւանդ որ նոյն այդ կուսակցութիւնները, արդէն այժմէն ազդանշանը տուած են խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններուն` պահելու իրենց իշխանութիւնները եւ «ռիմոթ-քոնթրոլ»ները:

Դեսպաններ նշանակելու կամ տեղադրելու փաթեթը խայտառակութեան ուրիշ թղթածրար մըն է, որուն կարգ մը մանրամասնութիւնները… փշաքաղիչ են, երբ ծանօթ են անոնց գործուղման խորհրդաւոր ծալքերը:

Սակայն ուշագրաւ կէտ մըն է նաեւ գործող վարչապետին եղբօր Չինաստանի մէջ դեսպան նշանակուելու պարագան: Թեկնածու մը, որուն անունին շուրջ հարցականներ շատ կան, նոյնինքն` հայրենական տեղեկատուական մարզերէն ներս, իսկ աւելի հետաքրքրականը, Չինաստանի մէջ քաուչուկի արտադրութիւնը ըլլալով առատ եւ աժան, արդեօ՞ք նոր դեսպանը փորձութիւններու պիտի չենթարկուի, մանաւանդ որ եղբայրը… մե՜ծ հետաքրքրութիւններ ունի:

Յօդուածագիրը իրաւացիօրէն կը գոռայ. «Ա՜յ քեզ զուգադիպութիւն…»:

Ընդունելի թէ ոչ, հաւատալ թէ ոչ, իրական թէ ոչ, ո՞վ կրնայ անտարբեր մնալ կամ ինքզինք հաւկոյր ձեւացնել, թէ ասոնք չեն պատահիր, երբ ամէն ինչ զգալի ու տեսանելի է, իսկ Հայաստանի մէջ, ժողովրդային շշուկներն ու զրոյցները, մի՛շտ, ամբողջ իրականութեան մը տխուր պատկերը կը ցոլացնեն:

Վստահաբար շատեր կրնան առարկել, թէ ո՛ւր չկան նման վերիվայրումներ. Լիբանանի՞ մէջ, ճիշդ է, կա՛ն, բայց ատոնք որքանո՞վ կ՛արդարացնեն շահագործումներու ախորժակները ու ժողովուրդին պարտադրուած հիասթափութիւնները, երբ պաշտօնեան կը դառնայ պաշտօնակատար, ապա` պաշտօնատէր, ժողովրդավարութիւնը շփոթելով սակաւատիրութեան ու բռնատիրութեան հետ, որովհետեւ փտածութիւնը վարէն չէ, այլ…:

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Նախորդը

«ՆՈԱԶ ԱՐՔ» ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻ ԼՈՒՎՐԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ, ԻՍԿ ԳԱԼ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԱՅԻՍԻՆ` ՔԱՆՆԻ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

Յաջորդը

ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ` ԱՌԱՆՑ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.