Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Կարօ Ղազարեանի Հետ

August 11, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Լիբանան այցելեց Հայ իրաւաբանական միջազգային միութեան նախագահ, լոս Անճելըսի իրաւաբանական համալսարանի  տնօրէն, գրական եւ մարդկային հարցերու եւ իրաւունքներու իրաւաբան` Կարօ Ղազարեան, որուն հետ ունեցած մեր հարցազրոյցը կը հրատարակենք ստորեւ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Առաջին անգամ ե՞րբ այցելեցիք Լիբանան, ի՞նչ էին ձեր տպաւորութիւնները:

Կ. Ղ.- Շատ յուզիչ եւ տպաւորիչ: Երբ կ՛անդրադառնամ առաջին այցելութեանս, դարձեալ կը յուզուիմ: Ես ծնած եմ Պուրճ Համուտ եւ հոն մեծցած եմ: Եղած եմ ՀՄԸՄ-ական «Սարդարապատ» ակումբի պատանի: Աւարտած եմ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանը: 28 Օգոստոս 1978-ին, պատերազմի օրերուն ինծի առիթ ընծայուեցաւ ճամբորդելու Միացեալ Նահանգներ` շարունակելու համար ուսումս: Լոս Անճելըս բաւական երկար մնալէ ետք, ինծի միացան ծնողքս եւ եղբայրս: Ժամանակ մը ետք, բաւական դժուարութիւններէ ետք հասայ նպատակիս, որ իրաւաբան դառնալն էր: Երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, որ իրաւաբան  էր, իմ հերոսս էր: Նպատակիս հասնելէն ետք ես միացայ Հայ իրաւաբանական միութեան, որ հիմնուած էր 1989-ին, Րաֆֆի Յովհաննէսեանին կողմէ, որ ամերիկահայ էր, սակայն Հայաստան վերադարձած էր եւ հոն գործունէութիւն կը տանի: Ան Հայաստանի անկախութենէն ետք դարձաւ առաջին արտաքին գործոց նախարարը: Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ Հայ իրաւաբանական միութիւնը իրարմէ անկախ անձեր են: Ես ներկայիս իրաւաբանական միութեան նախագահն եմ: Մեր նպատակն է հասնիլ այն գաղութներուն, ուր հայապահպանման հարցեր գոյութիւն ունին եւ մասնաւորաբար շեշտեն Հայ դատի յառաջխաղացքը, իրականացումը, արդարութեան հասնիլը: Այդ առնչութեամբ բազմաթիւ գործունէութիւններ կը կատարուին ներկայիս մեր հաստատութիւններուն մէջ: Տարբեր, զանազան դատեր կը կատարուին Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչպէս` Մովսէսեան մեծ դատը, որ նպատակ ունի վերստանալու կամ հատուցումներ կամ հողային իրաւունքներ այն հայերուն կողմէ, որոնք փաստաթուղթեր ունին, որ Արեւմտահայաստանի մէջ հողերը կը պատկանին իրենց ընտանիքներուն:

Հ.- Հայապահպանման ինչպիսի՞ հարցեր կը հետապնդէք:

Պ.- Հայապահպանման հարցերը զանազան են: Ես յաճախ կ՛այցելեմ Հայաստան եւ իմ խօսակցութիւններս Հայաստանի պետական անդամներուն հետ` նախարարներ, նախագահական պալատի անդամ կամ նախագահ, կեդրոնացած կ՛ըլլան հետեւեալ հարցերուն վրայ. սփիւռքահայութիւնը տարբեր տեսակի հայկական ոգի մը ունի, եւ այդ հայկական ոգին ես կը փորձեմ հասցնել Մայր Հայաստան: Մենք բոլորս ծնած ենք սփիւռքի մէջ, տարբեր ափերու, տարբեր երկիրներու, տարբեր լեզուներու ստրկութեան տակ: Կ՛աշխատինք մեր հայոց լեզուն պահպանել, հայ դպրոցը բաց պահելով, հայ եկեղեցին զարգացնել: Մեր առաքելութիւնը բոլորովին տարբեր է, քան` Մայր Հայաստանի առաքելութիւնը: Մայր Հայաստանը 70 տարիներ Խորհրդային Միութեան ազդեցութեան տակ տարբեր տառապանքներու ենթարկուած է, եւ մենք կը յարգենք այդ մէկը: Բայց ներկայիս հայապահպանումը Միացեալ Նահանգներու կամ տարբեր երկիրներու մէջ հետեւեալ ձեւով կը փորձենք խթանել` դպրոցները բաց պահել, դպրոցներ այցելել իբրեւ հայ իրաւաբաններ եւ խօսիլ հայ պատանիներուն հետ, որպէսզի հայ պատանին շարունակէ ուսումը այնպիսի ասպարէզներու մէջ, որ ծառայէ հայ գաղութին:

Հ.- Այս մէկը Հայ իրաւաբանական միութեան  պատասխանատուութի՞ւնը կը նկատուի, թէ՞ ձգուած է իրաւաբանին:

Պ.- Հայ իրաւաբանական միութեան պատասխանատուութիւններն են` հայապահպանում, Հայ դատի յառաջխաղացք եւ հայկական մարդկային իրաւունքներ պաշտպանել, ուր որ ըլլայ: Ներկայիս  նոյնիսկ Միացեալ նահանգներու մէջ հակահայ ալիքներ գոյութիւն ունին, եւ երբ այդպիսի անախորժ եւ անարդար բաներ կը պատահին, մենք կ՛արտայայտուինք: Հակահայ ալիքները տարբերութիւն չեն դներ հայերուն միջեւ: Մեզի կը մնայ միացնել մեր բոլոր մտածելակերպերը հայկական եռագոյն դրօշակի տակ Հայ դատի արդարութիւն գտնելու հիման վրայ եւ յառաջանալ: 21 ամսուան ընթացքին իմ երրորդ այցելութիւնս է իմ ծննավայրը` Պուրճ Համուտ եւ պիտի չըլլայ վերջինը: Ես յոյսով եմ, որ յառաջիկայ տարի, յունուար կամ փետրուար ամիսներուն, Երեւան այցելեմ գոնէ մէկ անգամ`  նախագահական ընտրութիւններուն ներկայ ըլլալու, իսկ մինչեւ դպրոցական տարեշրջանի աւարտը պիտի փորձեմ այցելել Լիբանան եւ ներկայ գտնուիլ հանդէսներուն:

Հ.- Իրաւական համակարգը ինչպէ՞ս է հոն, յատկապէս երբ կը խօսինք հայկական հարցի մասին` ըլլայ այդ մէկը հայապահպանում, կամ Հայ դատի հետ ներշնչուած: Դժուա՞ր է Ամերիկայի մէջ կիրարկել այդ բոլորը:

Պ.- Բաւական դժուար գործ է, որովհետեւ թրքական  եւ Ազրպէյճանի լոպիները, շատ հզօր  աշխատանք կը տանին Միացեալ Նահանգներու մէջ,  սակայն մենք կրնանք այդ հոսանքին առաջքը առնել: Հայ իրաւաբանական միութիւնը քանի մը տարիներէ ի վեր Հայ դատի յանձնախումբին հետ կը գործակցի:

Այս կառոյցը շատ գործունեայ  կը համարուի, այսինքն կարեւոր ծառայութիւն կը մատուցէ ձրիաբար եւ օրէնքի օժանդակութիւններ կը տրամադրէ Լոս Անճելըսի հայահոծ գաղութին:

Մենք յաճախ հանդիպումներ կ՛ունենաք ժողովուրդին հետ եւ զանոնք ձրիաբար կը լուսաբանենք եւ կը տրամադրենք մեր իրաւաբանական մասնագիտական ծառայութիւնները, խորհուրդները եւ ուղղութիւն կու տանք անոնց: Ասկէ զատ, միութեան կողմէ մենք կը ներկայանանք տարբեր հայկական դպրոցներ` Լոս Անճելըսի մէջ: Գոյութիւն ունին 5 հազարէ աւելի հայ իրաւաբաններ, որոնք աջակից են միութեան: Իմ կոչս հետեւեալն է. հայ իրաւաբանը, ո՛ւր որ ալ ըլլայ եւ ո՛ր լեզուով ալ արտայայտուի, պէտք է արտայայտուի հայապահպանման համար, հայկական իրաւունքներու համար, որպէսզի հայը համահաւասար իրաւունք ունենայ բոլորին պէս: Միասնաբար աշխատելով` մենք պիտի փորձենք յառաջ բերել միացեալ մարմին, միացեալ ձայն, միացեալ քայլ, որ ազդեցիկ ըլլայ:

Հ.- Ձեր միութիւնը Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ ինչպիսի՞ աշխատանք տարած է եւ ի՞նչ իրագործումներու հասած է:

Պ.- Մեծ մասամբ դատարաններու մէջ մենք ունեցած ենք մեր մասնակցութիւնը` Աքսայի հարցով գերմանական ընկերութիւններու դէմ բացուած դատին գծով, կ՛աշխատինք Ցեղասպանութեան ընթացքին որեւէ իրաւաբանական օրէնքներու առնչուած հարցերը լուծելու, իրաւունքները ճշդելու եւ զայն  իրաւատիրոջ վերադարձնելու: Ես կը կարծեմ, թէ ժամանակը հասած է, որ հայ ազգը տեղեակ ըլլայ իրաւաբանական միութեան մասին եւ դիմէ անոր:

Հ.- Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին իրաւաբանական միութիւնը աշխատանք կը տանի, որպէսզի նորընտիր նախագահը ճանչնայ Ցեղասպանութիւն բառը գործածել: Գիտենք, որ նորըտիր նախագահը, ինչպէս միշտ, կը խոստանայ ցեղասպանութիւն բառը օգտագործել եւ չօգտագործեր: Միութիւնը ի՞նչ ճիգ կը թափէ՞ այս գծով:

Պ.- Անցեալին` քաղաքավար կերպով, սակայն ներկայիս` խիզախ եւ յանդուգն կերպով. ես կրնամ ըսել, թէ ուրախ եմ, որ առաջին անգամ ըլլալով առիթ ընծայուեցաւ իրաւաբանական միութեան, որպէսզի այս տարուան 24 ապրիլի ոգեկոչման ընթացքին արտայայտուինք: Այդ պատիւը ինծի ընծայուեցաւ, եւ ես 10 վայրկեանի ընթացքին արտայայտուեցայ եւ յստակօրէն ըսի, որ նախագահին արտասանելիք բառը մեծ Եղեռն պէտք չէ, այլ` Ցեղասպանութիւն: Նաեւ արտաքին գործոց նախարարին յիշեցուցի, որ ինք խոստում տուած էր, որ եթէ ինք նախագահ ընտրուի, պիտի ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը,  սակայն, ափսո՛ս, մոռցաւ: Սակայն բառը գործածելը մեզի համար բաւարար չէ, որովհետեւ մենք գիտենք, որ եղածը Ցեղասպանութիւն էր եւ նոյնիսկ իրենք գիտեն, որ այդպէս էր:

Երբ վերադառնամ Միացեալ Նահանգներ, կոչ պիտի ուղղեմ տարբեր հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու, որպէսզի ի միանալով մեզի, այցելենք  Սպիտակ տուն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին: Կ՛ուզեմ ըսել, որ Հայաստան առանձին չի կրնար արտայայտուիլ Հայոց ցեղասպանութեան, Հայ դատի, սփիւռքահայ ցաւերու մասին, այլ պէտք է միասնական եւ համախմբուած յանձնախումբ մը ստեղծուի: Հարկ է գործունեայ մարմնին մը ստեղծել եւ յառաջանալ: Սփիւռք եւ Հայաստան պէտք է զիրար հասկնան, այլապէս կը ստեղծուի երկփեղկում, որ ի նպաստ մեզի չէ:

Հ.- Հայաստանի մէջ հայ փաստաբաններու հետ կապի մէ՞ջ էք, կը գործակցի՞ք:

Պ.- Այո՛, կը գործակցինք: Ես Հայաստանի իրաւաբաններու պալատին մէջ դասախօսութիւն տուած եմ իրենց հրաւէրով: Երեւանի պետական համալսարանին մէջ դասախօսութիւններ տուած եմ, ինչպէս նաեւ` Երեւանի ամերիկեան համալսարանին մէջ: Յաճախ հանդիպումներ ունեցած եմ Հայաստանի Գերագոյն դատարանի նախագահի Գագիկ Յարութիւնեանին հետ:

Արդարութեան նախարար Հրայր Թովմասեանի հետ մեր միութիւնը սկսաւ նոր գործունէութեան եւ, մենք կը ղրկենք գործունեայ մարդիկ` աշխատելու համար այդ նախարարութեան մէջ: Զօրաւոր Հայաստան կարեւոր է սփիւռքին համար, սակայն նաեւ զօրաւոր եւ առողջ սփիւռքը շատ կարեւոր է Հայաստանին համար:

Հ.- Իբրեւ միութեան նախագահ` ի՞նչ երազ ունիք, որ ապագային կ՛ուզէք անպայման իրականացնել:

Պ.- Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ եւ համապատասխան հատուցումներ եւ զիջումներ, Հայաստանի սահմաններու բացում, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացողներու կապակցութեամբ հաւասարապէս իրաւունք ունենալ եւ քուէարկել, նոյնիսկ եթէ Հայաստանէն դուրս ապրի: Խտրականութիւն չըլլայ սփիւռքահայու կամ Հայաստանի մէջ բնակող հայու միջեւ:

Հ.- Նորանոր նուաճումներ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք ձեր աշխատանքներուն: Ձեր վերջին խօսքը ի՞նչ պիտի ըլլայ:

Պ.- Ես ալ յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի, կը մաղթեմ, որ հայապահպանման իրագործման համար լիբանանահայութիւնը աշխատանքը շարունակէ երկու ուղղութեամբ` բաց պահել հայկական վարժարանները եւ վառ պահել հայ եկեղեցւոյ լոյսը: Հայոց թանկագին լեզուն, հայոց պատմութիւնը, հայոց եկեղեցին չմոռնանք, չխուսափինք օժանդակելու, մնանք հայ եւ չմոռնանք մեր նահատակները եւ մեր նախահայրերուն զոհողութիւնները:

Նախորդը

«Այն Բոլոր Ձայները, Որոնք Թաքցրել Էի Իմ Մէջ, Բացուեցին Հայաստանում». Հարցազրոյց Իտալացի Քանդակագործ Մասիմօ Լիփփիի Հետ

Յաջորդը

Նախկին Վարչապետը Կը Պատասխանէ Անկախ Հայաստանի Միակ Ողիմպիական Ախոյեանին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.