Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոհեր. Դուրսը Ի՞նչ Կայ

August 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պ. ԱՒԵՏԵԱՆ

«Պում, պում, պում»

– Պատուհանին քով մի՛ նստիք…

– Ապակիները կը փշրուին, փեղկերը փակ մի՛ պահէք…

– Պատշգամ մի՛ ելլէք…

«Պում, պում, պում»

Պայթում, կրակոցի ձայներ, ուղղաթիռը կը սաւառնի ու կրակոցներ կը թափէ երկինքէն… յետոյ, յետոյ… սա Միջին Արեւելքի գարունն է կ՛ըսեն… Գարուն` ծաղկում, գեղեցկութիւն խորհրդանշող հրաշալի եղանակ, մինչ կիզիչ ամառը հրէշի երախէն դուրս խուժող  բոցով երկինք ու երկիր կը հրկիզէ…

Հեքիաթներու հրէշն է նստած է երկրի ամենաբարձր գագաթին… հեքիաթները սուտ են, երեւակայութեան արդիւնք, բայց նաեւ փոխաբերական իմաստով գրողներ ու հեքիաթասացներ իրականութիւնը կը դնեն կենդանիներու, բոյսերու, պարիկներու, հրէշներու բերնին մէջ:

«Արաբական գարունը աստիճանաբար կը ծաւալի», բոլոր լրատուական միջոցները իրենց գլխաւոր հեռարձակումը կեդրոնացուցած են գովերգելու, փէշերը կրակի բոցերուն տուած, «մեծ»-երու հոգատար թեւերուն մէջ սնանող «առեւանգումի, խողխողումի, յափշտակումի» այս գարունը…

Հրէշը նստած է երկրի ամենաբարձր գագաթին:

Տնտեսական շրջափակումով սկսած «ազատութեան ու ընկերվարութեան» լոզունգը, բարեփոխութեան դիմակով աստիճանաբար կը սեղմէ օղակը` վառօդի հոտով ու բռնութեամբ խեղդելով խեղճ ժողովուրդը, մինչ աշխարհի տարածքին «բարեսիրտ» պետութիւններ իրենց քաջալերական, բարոյական, նիւթական աջակցութիւնը կ՛առաջարկեն նոյն այդ բարեհոգի «մեծ»երու յարուցած բեռան տակ կքած ժողովուրդին…

Հրէշը նստած է երկրի ամենաբարձր գագաթին… հրէշը ամէն տեղ է:

Երկնքին վրայ լիալուսինն ու աստղերը կը պսպղան… անոնք արեւէն կը ստանան իրենց լոյսը ու անոր հզօր ճառագայթներու դիմաց անկարող միայն անոր բացակայութեան, գիշերն է, որ դուրս կու գան իրենց հմայքը ցուցաբերելու:

Պատուհանէն սահմանուող երկնքի պաստառին վրայ լիալուսինն ու աստղերը չեն միայն, գիշերուան հանդարտութիւնը ճեղքող ուղղաթիռը կը սաւառնի, յետոյ «Սոխոյ»-ը «Միկ»-ը ու… ու «Պում, պում, պում»…

Հրէշը նստած երկրի ամենաբարձր գագաթին երախը բացած կրակ կը տեղացնէ «Պում, պում, պում»:

– Թող մաքրեն, թող մաքրեն:

Ուղղաթիռը պտոյտներ կը կատարէ ու անընդհատ կը հարուածէ, ո՞ւր, զո՞վ, որո՞նք կը դառնան թիրախ, կարեւորը կը մաքրեն ու բոլոր պարագաներու անմեղ մարդիկ զոհ կ՛երթան… կարեւորը, կարեւորը…

Քանի մը ամիս առաջ էր, տակաւին իրավիճակը մասամբ հանդարտ, թաքսիի վարորդը մատնանշելով բեռնատարի կռնակին խռնուած զօրակոչիկները.

– Կը տեսնե՞ս, ասոնք մատաղացուներ են.-ըսաւ:

Գլուխս շարժեցի, պատասխան չունէի, զգուշութիւնը մեր համայնքի պարագային  յոյժ կարեւոր է, մինչ «մատաղացու» բառը կը տանի զիս տասնամեակներ անդին, դէպի մեր մեծ պապերուն ճակատագիրը… Նոյն ջարդարարը հիմա սրած է ախորժակը, գրաւելու հինաւուրց այս քաղաքը իր յափշտակած բազմաթիւ հողերուն կարգին…

Ամենաբարձր գագաթին բազմած հրէշին մատակարարն է ան:

***

 Պատուհանէն սահմանափակուած երկնքի պատառիկին վրայ կրակոցներու փայլփլուն-կարմիր գիծեր կը հատեն մթութիւնը ու կը սուրան, կ՛իյնան հինաւուրց, հազարաւոր մարտեր տեսած քաղաքին ծոցը:

«Պո՜ւմ»

– Այս մէկը թնթանօթի զարկ է:

«Թա՛խ, թա՛խ, թա՜խ»

– Սա` քալաշնիքովի…

Վաղ առաւօտեան երկինքն ու երկիրը հանդարտած, պահ մը խաղաղութեան դաշինք կը կնքեն: Երկրի ամենաբարձր գագաթին նստած հրէշը սակայն արթուն է… ու յանկարծ`

«Պո՛ւմ, պո՛ւմ, պո՛ւմ»

Երկնքի վրայ միամիտ ծփացող խումբ մը աղաւնիներ խելակորոյս ու խուճապահար կը փոխեն իրենց ուղղութիւնը, մինչ Ապու Քամելի խանութին մէջ բանտուած սոխակը ոգեւորուած զարկերէն` կը սուլէ, կը դայլայլէ… Տէրը ամէն օր կը հանդիպի, կը կերակրէ ու սոխակը անգիտակ հինաւուրց քաղաքի վիճակին, իւրաքանչիւր զարկը խրախուսիչ սուլոց համարելով` կը խանդավառուի ու իր լաւատես, հիանալի գեղգեղանքը կը սփռէ ամայի թաղին մէջ:

Կիրակի առաւօտեան, երբ քիչ մը համարձակները տակաւին փողոց կ՛իջնէին, մենք ես քաջալերուած` ուղղուեցանք թաղի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին, Աստուածածնայ տօնին նախօրեակին խաղողօրհնէք էր:

Ապրի՛ն մեր տղաքը, կը հսկեն եկեղեցին ու առաջնորդարանը խուլ ու ամայի, բայց պատմական այս թաղին մէջ:

Սակաւաթիւ հաւատացեալներու, նոյնքան սակաւաթիւ դպրաց դասը, լման հոգեւորական կազմով եկեղեցւոյ արարողութիւնը, խողողօրհնէքը կատարեցին, մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, խաղաղութեան պատգամ.

«Աստուած պահէ, պահպանէ այս հօտը»

«Տէր ողորմեա» ու «Պում, պում, պում»… թող զարնեն, արդէն վարժուեցանք:

– Մի՞թէ:

Հրէշը ամէն տեղ է, ամէ՛ն տեղ…

***

Թաղին անկիւնը «մատաղցու» մը զէնքը ձեռքին կանգնած` կը ստուգէ անցորդներուն անձնաթուղթերը, այս «մօր կաթի հոտը տակաւին բերնին մէջ» զօրակոչիկները պիտի պաշտպանեն երկիրը:

– Աստուած պահապան:

Խուլ ու ամայի հինաւուրց քաղաքի այս թաղին մէջ սոխակի սուլոցն ու հիանալի դայլայլը կ’արձագանգէ, Ապու Քամելը այսօր չկրցաւ կերակրել իր պաշտպանեալը, հաւանաբար տան ճամբաները լաւ չեն… «մատաղցու»-ներն ալ ծարաւ են… Բոլորը Աստուծոյ ստեղծածներն են, բոլո՛րը…

Հեքիաթին հրէշը կը նստէր գիւղի ջուրի ակին վրայ, ամէն օր գեղեցիկ աղջիկ մը կը պահանջէր ջուր տալու համար, իսկ այս հրէշը ի՞նչ կը պահանջէ… Հրէ՞շ, միայն հրէ՞շ, թէ՞ հրէշներու որջ, ոչ թէ գիւղին, այլ ամբողջ երկրի վրայ:

Սոխակը տակաւին կը դայլայլէ, հաւանաբար Ապու Քամելը բաւարար կեր դրած է…

Մենք ալ կը դիմանանք, հայ քրիստոնեան իրաւունք չունի յուսահատելու:

 

Հալէպ
7/8/2012

 

 

Նախորդը

Նամականի. Ո՞վ Է Հայը

Յաջորդը

Չէ,՛ Հալէպը Կարելի Չէ Դատարկել

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.