Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերօրեայ Մտորումներ. Հօրս Պարտքն Է

August 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ

Տարիներ առաջ Ամերիկայէն ժամանած ընկերուհիիս հետ, իր կեցութեան սահմանափակ ժամանակամիջոցին ուղղուեցանք Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»: Ընկերուհիս շատ կարեւոր պարտականութիւն կը համարէր իր մօր յիշատակին նուիրատուութիւն կատարելը այն հաստատութեան, ուր իր մայրը ապաստան գտած եւ ուսում ստացած էր:

Գոհ էինք, որ հայր սուրբը ժամանակ տրամադրած էր մեզի, եւ կարգ մը հին տոմարներուն մէջ նոյնիսկ փորձած էինք ընկերուհիիս մօր մասին որոշ տեղեկութիւններ քաղել: Ո՛չ բերդը, ո՛չ քաղաքը այդ օր հետաքրքրած էին մեզ: Որքան ալ «Թռչնոց բոյն»-ի շէնքը բարեկարգուած էր, մամուռի պէս մեր ոտքերուն կպած էր «Որբը տուն շինեց»-ին, «Մանկութիւն չունեցողներու» տխրութիւնը:

Տարիներով որբութիւն ապրած էր ընկերուհիիս մայրը` ովկիանոսէն ալ անդին: Լռակեաց էր: Տնային պարտականութիւնները իրը չէր համարեր: Անկիւն մը քաշուած` Աւետարան կը կարդար, նոյնիսկ այն գիշեր, երբ ընկերուհիս ճամպրուկները պատրաստ` յաջորդ օր պիտի ճամբորդէր անորոշ քաղաք մը, անորոշ ապագայով:

Հաստատագիր մը առնելու համար նմանօրինակ այցելութեամբ հիւրընկալած էի երբեմնի մեր աշակերտներէն մէկը, որ ծանօթացնելէ ետք ինքզինք, կը պատմէր, որ իր կեանքը լաւ պայմաններու մէջ դնելու ընթացքին մէջն է: Լաւ չէի ճանչնար զինք, որովհետեւ դաս չէի տուած իրեն, բայց լաւ կը ճանչնայի իր բազմանդամ ընտանիքին հայրը, որ իւրաքանչիւր վերամուտին կը ներկայանար դպրոց, կը պարպէր իր կեանքի դժբախտութիւններուն տոպրակը ու կ՛երթար: Պատերազմի տարիներն էին:

Ընդհանրացնելով` շրջահայեացօրէն ակնարկեցի դպրոցի հին ու նոր անվճարունակ ծնողներուն, որոնց պայմաններու բերումով արձանագրած թերացումներով կ՛ունենանք նիւթական մնայուն տագնապ: Լուռ մտիկ ըրաւ, սակայն ուշացած պատասխանը սահմռկեցուցիչ էր` «Բայց ես պատասխանատու չեմ հօրս պարտքերուն…»:

Նոյն միջավայրէն հասած երկու անձեր, տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ, նոյն հարցին նկատմամբ հակադիր վերաբերում կ՛արձանագրէին:

Բայց ինչո՞ւ կ՛անցնինք ովկիանոսէն անդին, անցանկապատ այս օրերուն, կը նուազի՞, թէ՞ աճ կ՛արձանագրէ անտիրական ծնողներու թիւը: Արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ յաջորդ սերունդին պատասխանը:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Են Նախասիրութիւններդ

Յաջորդը

Մեր Ածուին Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.