Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Քիչ Մը Ապուշ Ձեւանալը Լաւ Է

August 3, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Միշտ հաւատացի, որ գործի մը մէջ մեր դիմացինը քաջալերելու, դիմացինը սրտապնդելու լաւագոյն ձեւն է ամէն բանէ առաջ գովել անոր ծափահարելի կողմերը: Եթէ կ՛ուզեմ, որ դիմացինս յաջողի սա  գործին մէջ, կարեւոր է, որ նախ ըսեմ.

– Դուն կրնաս ընել այս բանը, դուն կարող մարդ ես, փորձէ անգամ մը:

Կրնա՞յ կամ չի կրնար, իսկապէս երկրորդական կարեւորութիւն ունի: Առաջնակարգ կարեւորը` սրտապնդումն է, քաջալերութիւնը: Պիտի սրտապնդես: Այդ կերպով է, որ մենք մեր դիմացինը հրաւիրած կ՛ըլլանք իր լաւագոյնը ընելու, իր բոլոր կարողութիւնները զօրաշարժի ենթարկելու, այդ կերպով ալ թերեւս իրեն օգնած կ՛ըլլանք, որպէսզի սովորականէն աւելի մեծ ճիգ վատնէ ու յաջողութիւն ալ արձանագրէ, իրմէ սպասուածը տայ: Ասիկա շատ սովորական ու պարզ ճշմարտութիւն է: Բոլորս ալ գիտենք, որ ասոր հակառակը աղէտ է: Ինչպէ՞ս պիտի սպասենք, որ մեր դիմացինը յաջողութիւն մը արձանագրէ, եթէ ամէն բանէ առաջ իրեն ըսենք, որ` «Դուն այս բանը չես կրնար ընել, դուն անկարող մըն ես»:

Է՜հ, այստեղ կրնամ փակագիծ մը բանալ եւ անդրադառնալ, որ գոյութիւն ունին կարգ մը բացառիկ պարագաներ, ուր օգտակար է դիմացինին ըսել. «Դուն այս գործը կրնա՞ս ընել, չեմ կարծեր, դուն այս գործը չես կրնար ընել»: Այս քիչ մը ժխտական գնահատումին դիմաց թերեւս դիմացինը պիտի ցնցուի, պահանջը պիտի զգայ փաստելու, թէ մենք կը սխալինք իր մասին, թէ` ինք կրնայ իրականացնել այդ գործը: Եւ շարժման պիտի անցնի, որպէսզի փաստէ իր կարողութիւնը: Այստեղ մեր ժխտական գնահատանքը գործ տեսած պիտի ըլլայ: Բայց…

Բայց ասիկա բացառիկ օրինակ է: Մարդիկ ընդհանրապէս հակառակէն է, որ կը քաջալերուին: Մարդիկ ընդհանրապէս կ՛ուզեն իմանալ սա հրաշալի նախադասութիւնը: «Դուն այս գործը կրնաս ընել, դուն կարողութիւններ ունիս, ըրէ՛ ուրեմն»:

Գործատէր մը, որուն հրահանգին տակ բազմաթիւ մարդիկ կ՛աշխատին, եւ որ իր մարդոցմէ կը սպասէ, որ յաջողութիւններ արձանագրեն, ամէն բանէ առաջ պէտք է իր մարդոց զգացնէ, որ անոնցմէ յաջողութիւն կը սպասէ պարզապէս անոր համար, որ անոնք կարող են իրականացնել այդ յաջողութիւնը:

– Դուն կարող ես, կրնաս:

Նոյնիսկ պիտի ըսեմ, որ լաւ է որ երբեմն քիչ մը ապուշ կամ անկարող ձեւանանք ու դիմացինին ըսենք.

– Տես, այս գործը դժուար կը թուի, ես պիտի չկարենայի ընել, դուն կրնա՞ս: Կը կարծեմ, որ դուն կրնաս:

Ես բաւական երկար ժամանակէ ի վեր սկսած եմ հաւատալ, որ մեծ իմաստութիւն կայ քիչ մը ապուշ կամ անկարող ձեւանալու մէջ: Չվախնա՛նք, որ մարդիկ իսկապէս կը սկսին ապուշ կամ անկարող նկատել մեզ, եթէ ըսենք, որ` «Ես այս բանը չեմ կրնար ընել, դուն կրնա՞ս»: Այդպիսի վտանգ մը չկայ: Ձեր դիմացիններէն ո՛չ մէկը պիտի սկսի կասկածիլ ձեր ապուշ կամ անկարող ըլլալէն, այլ ձեր դիմացինները պարզապէս պիտի մտածեն, որ իրենք կարող են սա կամ նա բանը ընելու, գործի պիտի լծուին, որպէսզի փաստեն, թէ իսկապէս կրնան ընել իրենցմէ սպասուածը: Ահա թէ ինչո՛ւ կը հաւատամ, որ իմաստուն ու խելացի գործ է քիչ մը համեստ, քիչ մը ապուշ, քիչ մը անկարող ձեւանալը: Վախնալու բան չկայ: Միայն խելացին է, որ կրնայ ապուշ ձեւանալ: Ապուշը երբեք պիտի չմտածէ ինքզինքը ապուշ ձեւացնելու մասին:

Բան չի փոխուիր, եթէ ընկերային կեանքի կամ գործի կեանքի մէջ ընդհանրապէս հակառակը կը պատահի: Ընկերային կեանքի մէջ մարդիկ ամէն ճիգ կը վատնեն, որպէսզի իրենք զիրենք ցոյց տան որպէս կարող ու տաղանդաւոր մարդ: Ասիկա անբնական չէ, որովհետեւ ամէն մարդ իր կարողութիւններուն ու յաւակնութիւններուն համաձայն է, որ արժէք պիտի ստանայ ու պիտի գնահատուի: Այս տեսակէտով օրինաւոր է, որ ամէն մարդ ինքզինքը սուղ ծախէ, ինքզինք եղածէն աւելի փայլուն ցոյց տայ: Արդիւնքը վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ, յայտնի չէ, բայց ատիկա արդէն երկրորդական կը մնայ, որովհետեւ մարդիկ իրենց դիմացինները քանի մը անգամ կրնան խաբել, բայց շարունակ չեն կրնար խաբել: Անտաղանդ մարդը չի կրնար յաւիտեանս դիմացինները խաբել` ինքզինք տաղանդաւոր ցոյց տալով:

Բայց ատոր փոխարէն` տաղանդաւոր մարդն ալ իր դիմացինները կը ջլատէ, դիմացիններուն ամբողջ կամքը կը խորտակէ, եթէ շարունակ անոնց յիշեցնէ կամ փաստէ, թէ ինք զինք շրջապատող մարդոցմէ աւելի տաղանդաւոր է: Կրնայ աւելի տաղանդաւոր ըլլալ կամ չըլլալ: Բայց ան ամէն կերպով խելացի գործ տեսած պիտի ըլլայ, եթէ երբեմն մոռցնել տայ, թէ ինք տաղանդաւոր է, նոյնիսկ եթէ քիչ մը ապուշ ու անտաղանդ ըլլալ ձեւացնէ: Ասիկա մէկ կողմէ զինք պիտի փրկէ պատասխանատուութենէ, մէկ կողմէ ալ ուրիշները պիտի հրաւիրէ ցոյց տալու իրենց կարողութիւնն ու տաղանդը:

[email protected]

Նախորդը

«Քննական Ակնարկ «Միշըների Հերըլտ»-Ի 1915-1918 Թթ. Հայ Ժողովուրդի Ցեղասպանութեան Եւ Վերածնունդի Մասին Արձանագրած Վկայագրութիւններուն»(Հեղինակ` Երուանդ Հ. Քասունի)

Յաջորդը

Համաձայնութիւն Չինական Ընկերութեան Մը Հետ`. Ինթեր Միլանի Նոր Մարզադաշտ Մը Կառուցելու Համար

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.