Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

April 14, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ Պասիլ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մաղթեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին յիշատակը լիբանանցիներուն խիղճերուն մէջ ըլլայ յուշ մը եւ օրինակ մը, որպէսզի անոնք միշտ յիշեն, որ լիբանանցիներուն միջեւ բաժանումը եւ բախումները ահաւոր քանդում պատճառած են:

«Լիբանանցիները պէտք է քաջ գիտակցին, որ պետութիւնը կարելի է հիմնել միայն երկխօսութեամբ եւ փոխըմբռնումով` օրէնքին, սահմանադրութեան եւ ազգային ուխտին վրայ հիմնուելով: Միայն հզօր պետութիւնն է, որ կրնայ պաշտպանել իր քաղաքացիները եւ անկախութիւն ու ազգային արժանապատուութիւն ապահովել անոնց», շեշտեց նախագահ Սլէյման:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց նախարարութիւնը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ պետական գործավար նախարար Մունա Օֆէյշ, որ նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան բանտերուն մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանտերու իրավիճակի բարելաւման միտող առաջարկները:

Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ այդ թղթածրարը նոր կազմուելիք կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ հարցին վերջնական լուծում մը գտնել:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ:

Նախորդը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՆՁՐԵՒԱԲԵՐ ԱՂՕԹՔԻ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ ( 14 ապրիլ 2011 )

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.