Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

July 18, 2012
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ջրառատ Վարդավառ
Հայաստանի Մէջ

Կիրակի, 15 յուլիսին Վարդավառի տօնը տիրական, շօշափելի եւ ջրառատ ներկայութիւն էր Հայաստանի մէջ: Երեւանի փողոցները ողողուած էին դոյլերով «զինուած» պատանիներով եւ երիտասարդներով, որոնք ոչ մէկ անցորդի առիթ կու տային առանց Վարդավառ տօնելու եւ թրջուելու շարունակել իրենց ճամբան:

«Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի
«
Պարարուեստի Օրեր» Ծրագիրը Աւարտեցաւ

10 յուլիսին Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի «Պարարուեստի օրեր»-ու եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Իւրաքանչիւր պարախումբ հանդէս եկաւ պարային ելոյթով մը:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի աջակիցներուն, հովանաւորներուն եւ մասնակիցներուն` նշելով, որ Գ. Սունդուկեանի թատրոնի պատմութեան մէջ չէ պատահած, որ հանդիսատեսներու թիւն ու բեմին վրայ եղողներուն թիւը նոյնը ըլլայ:

Ան նշեց, որ 1300 սփիւռքահայ  պատանիներ այս ծրագիրով եկած են Հայաստան եւ ելոյթներ ունեցած` մայրաքաղաքի տարբեր մարզերու եւ Արցախի մէջ: «Մենք խոնարհւում ենք այս երիտասարդների առաջ, որովհետեւ նրանք աշխարհի տարբեր երկրներում, տարբեր մշակոյթների եւ լեզուների ազդեցութեան տակ այսօր հայ են մնացել ու մշտարթուն են պահում հայի ոգին», հաստատեց նախարարը:

Աւարտին սփիւռքի նախարարը բոլոր պարախումբերուն յանձնեց փառատօնի մասնակցութեան հաստատագրեր եւ յուշանուէրներ:

Յուլիս 9-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հանդիպեցաւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի «Պարարուեստի օրեր»  ծրագրի մասնակցողներուն:

Նախարարը հիւրերը ողջունելէ ետք ներկայացուց անոնց նախարարութեան ծրագիրները եւ նշեց, որ` «նախարարութեան ծրագիրներուն իրականացման հիմնական հարցը այն է, որ սփիւռքի մեր հայրենակիցները գալով հայրենիք եւ մասնակցելով այս ծրագիրներուն` իւրաքանչիւրը իր գաղութը  վերադառնալէ ետք կը զգայ եւ կ՛ապրի հայրենիքի շունչով եւ մշտարթուն հայու ոգիով»: Ան յայտնած է նաեւ, որ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասին պիտի պատրաստուի նաեւ ժապաւէն:

Հանդիպման աւարտին ներկաները իրենց տպաւորութիւնները բաժնեկցեցան նախարարին հետ եւ ներկայացուցին առաջարկներ:

Յայտարարուեցան «Ոսկէ Ծիրան»
9-
րդ Միջազգային Փառատօնին
Մրցանակակիրներուն
Անունները

Սիւզան Խարտալեան

Յայտարարուեցան «Ոսկէ ծիրան» 9-րդ միջազգային փառատօնին մրցանակակիրներուն անունները: «Լաւագոյն խաղարկային ժապաւէն» անուանակարգին մէջ «Ոսկէ ծիրան» մրցանակի արժանացաւ Սերգէյ Լոզնիցայի «Մշուշի մէջ», իսկ «Արծաթէ ծիրան»` Անկա Սասնալի «Հեռուէն սիրուն կ՛երեւի» ժապաւէնները: Դատական կազմի յատուկ մրցանակ ստացաւ Խոսէ Լուիս Տորրես Լէյվան` «Ամառ» ժապաւէնին համար:

«Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» անուանակարգին «Ոսկէ ծիրան» մրցանակին արժանացան Էմատ Պուռնաթի եւ Կի Տաւիտիի` «Հինգ կոտրուած տեսախցիկ», «Արծաթէ ծիրան»` Ալեքսէյ Վախրուշեւի «Թունտրայի գիրքը. պատմուածք Վուկվուկայի` փոքրիկ քարի մասին» ժապաւէնները:

«Լաւագոյն հայկական խաղարկային ժապաւէն» անուանակարգին մէջ «Ոսկէ ծիրան» մրցանակ ստացաւ Նաթալիա Պելեաուսքենէի «Եթէ բոլորը» ժապաւէնը: Իսկ «Արծաթէ ծիրան» մրցանակը բաժին ինկաւ «Նանա» ժապաւէնի բեմադրիչ Վալերի Մասադեանի:

«Լաւագոյն հայկական ժապաւէն» անուանակարգին մէջ գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ Կասիանա Տէր Յարութիւնեանի, Սեզար Կանանեանի, Գարի Կանանեանի «Հայկական ռապսոդիա» ժապաւէնը:

Կարճատեւ ժապաւէններու յատուկ «Կորիզ» մրցոյթին «Ոսկէ ծիրան» ստացաւ Էտուարտօ Մուրութոյի «Երբ մեռնենք գիշերը» ժապաւէնը, իսկ դատական կազմի յատուկ կարծիքին արժանացաւ «Պատահական միջադէպի աննշան մանրամասները» ժապաւէնը, որ բեմադրած է Միխայիլ Մեսթեցքի:

Ֆայփրեսքի մրցանակին արժանացաւ «Գարնան առաջին անձրեւները» ժապաւէնը: «Եթէ բոլորը» եւ համշէնահայ բեմադրիչ Օզճան Ալփերի «Ապագան յաւերժ է» ժապաւէնները արժանացան Էյքումենիք դատական կազմի մրցանակներուն:

Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի ակադեմիայի մրցանակին արժանացաւ Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնը, Բրիտանական խորհուրդի մրցանակին` «Հայկական ռապսոդիա» շարժանկարը, Հայաստանի ժապաւէն արտադրողներու միութեան մրցանակին` «Ֆիտելի հետ, ինչ ալ ըլլայ» ժապաւէնը:

«Հրանդ Մաթեւոսեան» մրցանակը ստացաւ ֆրանսահայ բեմադրիչ Տիգրան Աւետիքեան` «Վատ հայրը» ժապաւէնին համար:

Փառատօնին փակման արարողութեան ընթացքին «Ոսկէ ծիրան»-ի պատուաւոր հիւր աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ակնիէսքա Հոլանտ արժանացաւ «Փարաջանովի Թալեր» մրցանակին, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սահմանած մրցանակին` «Եղիցի լոյս»-ին արժանացաւ ռուս հանրայայտ բեմադրիչ Ալեքսանտր Սոքուրովին:

Յայտնենք, որ փառատօնին ընթացքին կայացան «Յարգանքի տուրք» եւ յետահայեաց ցուցադրութիւններ: Նաեւ նշուեցան Ֆրունզէ Դովլաթեանի 85, Անտրէյ Թարքովսքիի 80 եւ Եուրի Երզնկեանի 90-ամեակները: Շարժապատկերի փառատօնի ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ «Գիրք եւ շարժապատկեր» ծրագիրը:

Յիշեցնենք, որ փառատօնին բացումը կատարուած էր յուլիս 8-ին եւ անոր մասնակցած էին 170 երկար, կարճ, խաղարկային եւ վաւերագրական ժապաւէններ:

«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ը 165 Միլիոն Դրամ
Յատկացուցած Է Արմաւիրի Մարզին Մէջ
«
Զենիթ» Հակակարկտային 23 Կայաններու
Տեղադրման
Համար

Կլիմայական պայմանները միշտ չէ, որ նպաստաւոր են հայրենի գիւղացիներուն համար: Ամէն տարի երկրին գիւղատնտեսութիւնը բերքի եւ գոյքային զգալի կորուստներ կը կրէ անբարենպաստ եղանակին պատճառով: Կարկուտին հասցուցած վնասը կը կազմէ` բնական աղէտներուն պատճառած ամբողջ վնասին մօտաւորապէս 50 առ հարիւրը: Ինչպէս նաեւ յաճախ կարկուտի տեսքով տեղումները կը յանգեցնեն բերքի մեծածաւալ, իսկ որոշ դէպքերու պարագային` ամբողջական կորուստի: Ասկէ բացի, վերջին տասնամեակներուն  արձանագրուող կլիմայական փոփոխութիւնները պատճառ հանդիսացած են կարկուտ տեղալու սաստկացման:

Մշակուած հողատարածքները կարկուտէ պաշտպանելու ամէնէն իրատեսական տարբերակը հակակարկտային կայաններու տեղադրումն է: Միայն այս տարուան ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը արդէն 45 միլիոն դրամի ներդրումներ իրականացուցած է Արմաւիրի Քարակերտ, Լեռնագոգ, Շենիկ, Նոր Արտամետ եւ Արգինա գիւղերուն մէջ ութ միաւոր «Զենիթ» հակակարկտային կայաններու արտադրման եւ տեղակայման համար: Անցեալ տարի, ըստ որոշ գնահատականներու, գիւղացիները գիւղատնտեսական ապրանքներու մօտաւորապէս 60 առ հարիւրը կորսնցուցին կարկուտի պատճառով:

Հակակարկտային կայանի կառավարումը կ՛իրականացուի բջիջային հեռախօսէ Ճի. Էս. Էմ. շարժական կապի միջոցով` կիրարկելով կարճ հաղորդագրութիւններ: Վերջինիս թեքնիք ապահովումը կ՛իրականացուի «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.» ընկերութեան կապի միջոցներով. բջիջային առաջատար ընկերութիւնը հակակարկտային կայաններու համար նաեւ սահմանած է կապի յատուկ սակագին: Նշենք, որ կայանին ինքնավար աշխատանքը ապահովելու համար կ՛օգտագործուի արեւային ելեկտրասնուցման համակարգ:

Հակակարկտային համակարգը բաղկացած է կազարտադրիչ եւ ինքնաբերաբար գործող համակարգէ: «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան յայտնած է, որ` «յաճախ գարնան կարկուտը զգալի վնաս կը հասցնէ գիւղացիներուն: Նաեւ այս մէկը կորուստներու պատճառ կը հանդիսանայ Հայաստանի ամբողջ գիւղատնտեսութեան համար, որ ե՛ւ առաջնային, ե՛ւ տնտեսութեան ամէնէն խոցելի ոլորտներէն է: Զգալի ժամանակ եւ ներդրումներ պահանջող բերքը կրնայ բնական աղէտի պատճառով ոչնչանալ ընդամէնը քանի մը վայրկեանի մէջ: Այս մէկը հսկայական կորուստ է թէ՛ երկրի տնտեսութեան եւ թէ՛ սեփական տնտեսութիւններու համար: Հակակարկտային կայանները կ՛օգնեն աւելցնելու գիւղատնտեսութեան ոլորտի եկամտաբերութիւնը, իսկ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ` բարելաւելու մարզերու բնակչութեան կեանքի որակը», շեշտած է տնօրէնը:

Յայտնենք, որ 2008-2010 թուականներուն «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը այս ծրագիրին իրականացման համար յատկացուցած է 120 միլիոն դրամ, իսկ միայն 2012-ին` 45 միլիոն դրամ: Գիւղական համայնքներու մէջ 4 տարուան ընթացքին 165 միլիոն դրամ գումարի ներդրումներով «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը յաջողած է օգնել եւ նուազագոյնի հասցնել բերքին կորուստը եւ ապագայի հեռանկարով գիւղացիներուն ապահոված է կայուն զարգացման համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումը:

Տեղեկացնենք, որ հինգ գիւղերու մէջ մօտաւորապէս 90 առ հարիւր արդիւնաւէտութեամբ գործող հակակարկտային կայաններու տեղադրման շնորհիւ` ընդամէնը մէկ տարուան ընթացքին Արմաւիրի մարզին մէջ այժմ կարելի է պաշտպանել 800 հեկտար մշակուած հողատարածք:

«Զենիթ» հակակարկտային կայանները մշակուած եւ արտադրուած են «Բարվա» կեդրոնին կողմէ` մտաւոր եւ արդիւնաբերական տեղական կարողականութեան կիրարկումով:

Իր Մահկանացուն Կնքեց Հայաստանի
Նկարիչներու
Միութեան Ամէնէն Տարեց Անդամը

Հայաստանի նկարիչներու միութեան ամէնէն տարեց անդամը` Ելենա (Հեղինէ) Աբրահամեան իր մահկանացուն կնքեց: Նկարչուհին ծնած է 11 նոյեմբեր 1912-ին: Լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նկարիչներու միութեան «Կերպարուեստ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Վրէժ Առաքելեան նշած է, որ` «Ե. Աբրահամեան, բացի սիրուած նկարիչ ըլլալէ, ան Հայաստանի վաստակաւոր մանկավարժ էր եւ դաստիարակած էր քանի մը սերունդ: Ան շատ բարձր վարկ ունէր իբրեւ դասաւանդող եւ մեծ համարում` մինչեւ հիմա», հաղորդած է Վ. Առաքելեան:

Ելենա Աբրահամեան իր կեանքի վերջին տարիներուն եւս շարունակած է ստեղծագործել, թէեւ` աւելի քիչ: Ան եղած է նաեւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանի ուսուցիչը, որ յայտնած է, թէ` «ես բախտը ունեցած եմ իր աշակերտը ըլլալու եւ շատ բան սորված եմ անկէ»: Ան վկայելով` շեշտած է, որ Ելենա Աբրահամեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է կերպարուեստին` ստեղծելով հոյակապ բնանկարներ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան
Ամերիկայի
Երիտասարդական Մարմինը Արցախի Մէջ
Կազմակերպած
Է Ճամբար

Երկրորդ տարին ըլլալով` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական մարմինը Արցախի մէջ դպրոցականներու համար ճամբարներ հաստատեց անոնց ամառնային արձակուրդը եւ հանգիստը հետաքրքրական դարձնելու նպատակով:

ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի երիտասարդական թեւի հովանաւորութեամբ վերջերս պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ճամբարին, որուն մասնակցած էին 108 անձեր:

Ղարաբաղի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ այսպիսի ճամբարներու կազմակերպման:

Արդարեւ, Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Սլաւա Ասրեան նշած է, թէ կարեւորը այն է, որ ճամբարին շնորհիւ մանուկները իրարու եւ սփիւռքահայերու հետ կապ կը հաստատեն: Փոքրիկները բաժնուած են երեք խումբերու` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն: Բաւական կարեւոր բաժին տրուած է դաստիարակչական աշխատանքներուն, խաղերուն, հայրենասիրական դասերուն: Ճամբարի ընթացքին մանուկներուն պիտի ուսուցանուի նաեւ անգլերէն:

Պատրաստեց՝
ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հիւղաւաններուն Հարցը Եւ Ժողովուրդին Տեղաւորման Աշխատանքները

Յաջորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Վարժարանի Շրջանաւարտներու Նոր Փաղանգ Մը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 18, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 4, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.