Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Վարժարանի Հանդէսներ

July 6, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին,  Թորոսեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու Ծաղիկ դասարանի վկայականաց բաշխումը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք մեր փոքրերը իրենց յատուկ ոճով բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ անցան յայտագրի գործադրութեան: Անոնք հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով երգերու գեղեցիկ փունջով մը օրհնեցին ու փառաբանեցին Աստուած:

Ապա իւրաքանչիւր դասարան հանդէս եկաւ իր պատրաստած երգերով, պարերով ու արտասանութիւններով: Հաճելի էր դիտել զանոնք շքեղօրէն զարդարուած բեմին վրայ, ուր իւրաքանչիւրը կը փորձէր իր լաւագոյնը կատարել ուրախացնելու համար ծնողներն ու ներկաները:

Աւարտական Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց թատրերգութիւն մը` «Աշխատասէր հաւիկը» խորագրով:

Ներկաները տեսերիզի ընդմէջէն դիտեցին 2011-2012 տարեշրջանի ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր գործունէութիւնները: Ապա մուտք գործեցին 16 փոքրիկ շրջանաւարտները, որոնք ներկաներուն հրամցուցին «Հրաժեշտի երգը», որմէ ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը` ձեռամբ վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանի եւ հովիւ վեր. Յովհաննէս Սվաճեանի:

Իր խօսքին մէջ տնօրէնը շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները` մատնանշելով, թէ այս առաջին եւ ամէնէն կարեւոր վկայականն է, որ կը ստանան իրենց կրթական ասպարէզին մէջ: Ան յիշեցուց ծնողներուն, թէ աշխատանքը շարունակական աշխատանք է, աշխատասէր հաւիկին պէս, որ գործը  շարունակեց, մինչեւ որ հացերը ստացաւ: Մենք ալ մեր աշխատանքը շարունակելու ենք, եթէ կ՛ուզենք արդիւնք ձեռք ձգել:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք ամբողջ տարին աշխատեցան բծախնդրութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ գուրգուրանքով, ինչպէս նաեւ` վարժարանի թատրոնի ուսուցիչ, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին, որ միշտ պատրաստ է օժանդակելու:

Հանդէսը աւարտեցաւ վեր. Յովհաննէս Սվաճեանի առաքելական օրհնութեամբ: Ապա, շրջանաւարտները շնորհաւորելէ ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Շաբաթ, 23 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8.00-ին, տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի վկայականներու բաշխման հանդէսը:

Շրջանաւարտներու պաշտօնական մուտքէն եւ զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Էմմաննուէլ եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Յովհաննէս Սվաճեան կարդաց Աստուածաշունչը եւ աղօթք մատուցեց:

Օրուան բանախօսն էր Լենա Պաղտոյեան, որ յայտնեց,  թէ խելացի աշակերտը այն անձն է, որ կը շարունակէ սորվիլ, որովհետեւ ուղեղին մէջ միայն այդ կեդրոնն է,  որ չի մեռնիր ժամանակի ընթացքին, այլ սորվելով` կը նորոգուի: Ապա վարժարանին երգչախումբը, Նեկտար                                                             Փալազեանի ղեկավարութեամբ, երգեց «Մենք չենք ձգեր Սուրբ Գիրքը», «Հիմն հայոց գրին» եւ «Հայոց տառեր» երգերը, որոնք նուիրուած էին հայ տպագրութեան 500-ամեակին: Զ. կարգը ներկայացուց «Քանդակներ» խորագրով մնջախաղ մը, եւ Թ. կարգէն Կասիա Հաճեքեան դաշնակի վրայ հանդէս եկաւ Արամ Խաչատուրեանի «Ժողովրդականի նմանողութեամբ» կտորով: Իններորդ կարգի աշակերտները յայտնեցին իրենց կարծիքը հայ գիրքի եւ անոր արժէքին մասին: Ներկայացուեցաւ նաեւ 2011-2012 տարեշրջանի գործունէութեան խճանկարը տի. վի. տի. արձանագրութեամբ:

Յայտագիրը շարունակուեցաւ ուղերձներու ընթերցումով, Կասիա Հաճեքեան հայերէն, իսկ Արազ Պարտաքճեան` արաբերէն լեզուով:

Յաջորդաբար 6-րդ եւ 9-րդ կարգի աշակերտները ստացան վկայականներ: Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ տնօրէնուհին ուղղեց իր խօսքը շրջանաւարտներուն` յանձնարարելով, որ սիրեն գիրքն ու միշտ ընեն իրենց լաւագոյնը եւ չմնան միջակութիւններու մէջ:

Հանդէսը փակուեցաւ վեր. Յովհաննէս Սվաճեանի առաքելական օրհնութեամբ: Շրջանաւարտները հատեցին կարկանդակը: Ապա ներկաները հիւրասիրուեցան:

 

 

 

Նախորդը

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Յաջորդը

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. 80-Ամեակի Հունձք

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.