Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոս. «Քնար» Երգչախումբի Յիսնամեակին Նուիրուած Համերգ

June 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 10 յունիս  2012-ին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ` «Քնար»  երգչախումբին կատարմամբ, նուիրուած երգչախումբին հիմնադրութեան յիսնամեակին (1962-2012): Արդարեւ, երգչախումբին անդամներն ու Հայ կաթողիկէ միութեան պատասխանատուները, հակառակ երկրին մէջ տիրող տագնապալի վիճակին, որոշեցին ու յաջողցուցին սոյն համերգը, նախ եւ առաջ այն յոյսով ու համոզումով, որ երկրին տագնապը անպայման վերջ կը գտնէ ու դամասկահայութեան  օճախը կը մնայ շէն, կը պահպանուին ու առաւել կը ծաղկին Սուրիոյ  ասպնջական հողին վրայ հիմնուած ու ամրացած եկեղեցական ու ազգային կառոյցները, դպրոցներն ու ակումբները:

Համերգին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ դամասկահայեր, հայ երգն ու երաժշտութիւնը սիրող տեղացի բարեկամներ ու արուեստագէտ մասնագէտներ` գլխաւորութեամբ   ձեռնարկի հովանաւոր Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդ  Յովսէփ եպս. Առնաութեանին, Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանին, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանին, Գէորգ վրդ. Պահէեանի, Անարատ յղութեան միաբանութեան քոյրերու, քահանայ հայրերու ու դամասկահայ միութիւններու ներկայացուցիչներու:

Նախքան ելոյթը, մինչ ներկաները իրենց տեղերը կը գրաւէին,  մեծ պաստառի վրայ համակարգչային պատրաստութեամբ  ցուցադրուեցան «Քնար» երգչախումբին հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ յիսնամեակ ձեռնարկներու ու համերգներու յիշարժան պատկերները:

Խմբավար Շանթ Քէշիշեան  համերգին սկիզբը յայտնեց բոլոր անդամներուն հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը` նման համերգ մը ունենալու եկեղեցւոյ սուրբ կամարներուն տակ, ուր ծնունդ առած է երգչախումբը, եւ ուր ամէն կիրակի ու տօնական օրերուն «Քնար»-ի անդամները կը կատարեն ս. պատարագի երգեցողութիւնը: Ան  երախտագիտութիւն յայտնեց աստուածային նախախնամութեան, որ «Քնար»-ին պարգեւեց օրինակելի յարատեւութիւն` հասնելու մինչեւ ոսկեայ յոբելեան: Ապա ան յոյս յայտնեց, որ կը շարունակուի այս աշխատանքը` շնորհիւ անդամներուն նուիրուածութեան, երիտասարդներուն եռանդին ու այն մեծ քաջալերանքին, որ երգչախումբը կը վայելէ համայնքի առաջնորդէն ու դամասկահայութենէն:  Ան նաեւ մաղթեց, որ Սուրիան մնայ, ինչպէս միշտ, հայրենիքը իր բոլոր զաւակներուն, հարուստ` անոնց բազմազանութեամբ, համակեցութեամբ ու հանդուրժողականութեամբ:

Համերգը սկսաւ Կոմիտաս վարդապետի «Տէր Ողորմեա» շարականով` ի յարգանս  երկրի բազմաթիւ նահատակներուն եւ աղօթք առ Աստուած, որ ողորմի անոնց հոգիներուն ու պարգեւէ աշխարհիս ու մանաւանդ Սուրիոյ` խաղաղութիւն: Այնուհետեւ իրարու յաջորդեցին հայկական խմբերգներ` ազգային ու ժողովրդական նիւթերով, որոնք հեղինակուած կամ մշակուած էին հայ ականաւոր երաժիշտներու ու բանաստեղծներու կողմէ: Հնչեցին երգեր, ինչպէս` «Երեւան-էրեբունի» Էտկար Յովհաննիսեանէն, Մակար Եկմալեանի մշակմամբ «Տէր կեցոյ դու զհայս»`  մենակատարութեամբ Ժոզեֆ Իսկենտերեանի, «Լռեց» մենակատարութեամբ երգչախումբի վեթերան երգիչ  Արամ Գայայեանի, որ ինչպէս միշտ, խոր ապրումով մեկնաբանեց երգը` արժանանալով ներկաներուն ջերմ ծափերուն. «Սպասում» մշակմամբ Խորէն Մեխանեճեանի, «Եաման եար»` մշակումը Թ.Ալթունեանի, Վան-Վասպուրականի մեղեդիներու շարան` Մելիք Մաւիսաքալեանի մշակմամբ:  Նաեւ` նոր երգեր, որոնք խմբավար Շանթ Քէշիշեանին մշակումներով ու պատշաճեցումներով հաճելի կերպով կատարուեցան: Այդ երգերէն յիշենք «Սուրբերու աչքերը»` Մարտին Ահարոնեանի, «Վարդանանք հայոց»` Լէյլա Սարիբեկեանէն, «Կարմիր կակաչները»`  Ռուբեն Հախվերդեանէն, «10 միլիոն հայ ենք մենք»`  Արթուր Գրիգորեանէն: Եւ այսպէս ընթացաւ համերգը` մերթ ազգային խրոխտ, մերթ ժողովրդական երգերու ուրախ կշռոյթին տակ: Գովելի աշխատանք տարած էին «Քնար»-ի անդամները` ներկայացնելով համահունչ երգեցողութիւն ու որակաւոր կատարում, հետեւելով Շանթ Քէշիշեանի ցուցմունքներուն: Մեծ էր նաեւ ներդրումը դաշնակահար Առնօ Քէշիշեանին, որ արդէն 10 տարիներէ ի վեր  մեծ հմտութեամբ կը նուագակցի երգչախումբին` նուրբ եւ պատշաճ նուագակցութեամբ: Կարգ մը երգերու կատարումին առաւել փայլ ապահովեց խումբի անդամներէն  Ժան Թումայի  հայկական տհոլի ու հարուածային գործիքի նուագակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Սարօ Սուվալեանի կիթառով մասնակցութիւնը:  Երգչախումբի մեներգիչներ Ժոզեֆ եւ Ժան-Փիեռ Իսկենտերեանները անթերի կատարումներ ունեցան:

Համերգին ընթացքին Շանթ Քէշիշեան կարդաց «Քնար»-ի հիմնադիր  Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին ողջոյնի խօսքը, ուր դրուատիքով կ՛անդրադառնար իր հիմնած «Քնար»-ի բեղուն գործունէութեան` մաղթելով բիւր բարիք ու յարատեւութիւն, որպէսզի երգչախումբը միշտ պարծանք ու պատիւ բերէ` հանդիսանալով Հայաստանի արձագանգը Սուրիոյ ազնիւ ժողովուրդի ծոցին մէջ: Նոյնպէս, խմբավարը կարդաց Լաթաքիայէն մտաւորական, երգչախումբի հին ու նոր բարեկամ Յակոբ Ադամեանին ներշնչող ողջոյնի խօսքերը: Համերգին տպաւորիչ պահերէն էր, երբ «Քնար»-ի ոգին ու ուժը հանդիսացող Սարգիս Քէշիշեանը խումբին ընկերակցութեամբ մեկնաբանեց «Հոռովել» երգը, նոյն ջերմութեամբ ու կատարողական բարձր մակարդակով, որով այս երգը ան կատարած էր 50 տարիներ առաջ, «Քնար»-ի առաջին համերգներուն: Ներկաները որոտընդոստ ծափողջոյններով գնահատեցին սոյն կատարումը: Երգացանկը փակուեցաւ Առնօ Բաբաջանեանի «Մեր սիրելի Երեւան» խանդավառ երգով, որ ներկաներուն լաւ տրամադրութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց:

Այնուհետեւ դեսպան Արշակ Փոլատեան արտասանեց իր սրտի խօսքը` բարձր գնահատելով «Քնար»-ի յիսնամեայ անցած ճանապարհը,  հաստատելով, որ այս երգչախումբը հիմնած մարդիկ յառաջ տարած են աշխատանք մը, որ այսօր կը մօտենայ արհեստավարժ մակարդակի ու պատիւ կը բերէ որեւէ բեմի, ուր ան ելոյթ կ՛ունենայ: Ապա ան մեծ անակնկալ մը մատուցեց` երգչախումբին լման կազմը պարգեւատրելով Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ոսկիէ մետալով` խրախուսելով քնարականները շարունակելու նոյն ուղիով,  յարատեւելու կամքով: Յովսէփ եպս. Առնաութեան խօսք առնելով` շեշտեց, որ այսօր պէտք ունինք երգի, որ բարիք կը սփռէ մինչ ամէն տեղ ռումբերու ձայներ կը լսուին: «Քնար»ը,- ըսաւ գերապայծառ տէրը,- կ՛երգէ եւ կ՛աղօթէ այս յոբելենական երեկոյին, որպէսզի Աստուած պարգեւէ խաղաղութիւն աշխարհի եւ մանաւանդ` Սուրիոյ»: Անոր հրաւէրով Արմաշ եպս. Նալպանտեանն ալ գնահատանքի տպաւորիչ խօսք մը  արտասանեց եւ, ի վերջոյ, ձեռամբ գերապայծառ տիրոջ երգչախումբի վեթերաններէն Արամ Գայայեանին, Սարգիս եւ Մանուէլ Քէշիշեաններուն, Ժոզեֆ եւ Ժան-Փիեռ ու Մարլեն Իսկենտերեաններուն  յանձնուեցան երգչախումբի անդամներուն անունով յիսնամեակի յատուկ յուշանուէրներ` առ ի գնահատանք անոնց երկարատեւ նուիրումին: Համերգը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով, զոր երգչախումբը կատարեց կոմիտասեան հիասքանչ մշակումով:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Հայրերու Օրուան Ճաշկերոյթը

Յաջորդը

Մի՛ Սպաննէք

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.