Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հ. Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Բացում

June 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 25 յունիս 2012-ին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ համախմբուեցան աւելի քան 150 մանուկներ` կատարելու «Ամառնային դպրոց»-ին բացումը:

Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2012-ը հռչակած է «Հայ գիրքի տարի», հաստատութեան տնօրէնութիւնը իր կարգին յարմար նկատեց այս տարուան ամառնային աշխատանքներուն կեդրոնական նիւթը ընտրել հայ գիրքը:

Բացումին ներկայ էին ծնողներ, ծրագիրի  պատասխանատու մարմինները, ուսուցիչներն ու օգնականները, կամաւոր ծառայողները եւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ  ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեան, որ վեր առաւ հաստատութեան տարած մարդասիրական աշխատանքները, յատկապէս` մանուկներու նկատմամբ ունեցած իր լայն ծառայութիւնները:

Ապա բեմ հրաւիրեց Սերոբ Օհանեանը, որ իր կարգին շեշտը դրաւ մանուկներու իրաւունքներուն վրայ: Ան ըսաւ. «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը բոլորիս տունն է, յատկապէս` հայ մանուկներուն: Մենք պիտի փորձենք եւ աշխատինք ձեզի համար, որովհետեւ մանուկին իրաւունքն է ունենալ խաղաղ ամառ, լեցուն` դաստիարակչական  խաղերով: Այսօր ուրախ ենք, որ մեր հաստատութենէն ներս կ՛ընդունինք 165 մանուկներ եւ 25 կամաւորներ` տարբեր մասնագիտութիւններով,  ինչպէս` մանկավարժ, հոգեբան, ընկերային ծառայող, խմբավար, լեզուներու,  թուաբանութեան, մարզանքի եւ արուեստի մասնագէտ  ուսուցիչներ ինչպէս նաեւ` յատուկ այս ծրագրին համար Ամերիկայէն ժամանած անգլերէնի դասատուներ»:

Խօսքի աւարտին, ի նշան մանուկներու անմեղութեան, թռցուցին գունաւոր փուչիկներ, ապա «Ուրախ տարեդարձ» խումբի կերպարները միանալով մանուկներուն, հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:

Նախորդը

Իմ Մայրիկիս Տօնն Է Այսօր

Յաջորդը

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Հայրերու Օրուան Ճաշկերոյթը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.