Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրը Օրին. Բացատրութիւն Կը Պահանջենք

June 22, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայաստանը մեզի համար զբօսաշրջութեան հրապուրիչ երկիրներու դասակարգին մէջ չի տեղաւորուիր: Մեր հայրենիքին երբեք նման հայեացքով չենք նայած եւ պիտի չնայինք: Ընդհակառակն` հայաստանեան անձնագիր ունինք թէ չունինք մեր գրպաններուն մէջ, մեզ կը շահագրգռէ, կը հետաքրքրէ, կը մտահոգէ ու կ՛ուրախացնէ մեր հայրենիքի իւրաքանչիւր յաջողութիւն կամ ձախողութիւն, իւրաքանչիւր հաճելի թէ տհաճ երեւոյթ:

Ահա ցնցող նոր միջադէպ մը` «Հարսնաքար»-ի տխուր պատմութիւնը: Խումբ մը բժիշկներ, ինչ որ կը նշանակէ` մտաւորական կրթուած մարդիկ, որոնք նաեւ լաւատեղեակ են տեղական մշակոյթին ու սովորութիւններուն, օլիկարգի (սակաւապետի) մը ճաշարանը կ՛երթան եւ փոխանակ հաճելի ընթրիք մը կամ ճաշ մը վայելելու, կենցաղային վէճի մը պատճառով ահաւոր ծեծի կ՛ենթարկուին ճաշարանի մատուցողներուն ու «անվտանգութեան» պաշտօնեաներուն կողմէ:

Հայաստանի տարածքին ճաշարաններու կարեւոր մէկ մասը օլիկարգներու կը պատկանի: Գոնէ այդպիսի տպաւորութիւն ունինք: Եթէ սխալ ենք, երջանիկ կ՛ըլլանք սրբագրելով մեր տպաւորութիւնը: Օլիկարգները, գիտենք, որ սանձարձակ գործելու եւ իրենց շրջապատը արհամարհելու վարքագիծ ունին: Գիտենք, որ իրենց թիկնապահներն ալ նոյնքա՛ն ապաշնորհ են ու լկտի:

Հիմա այս բոլորի լոյսին տակ, ինչպէ՞ս կ՛ուզէք տեղական սովորութիւններուն անծանօթ մարդիկ հանգիստ ու ապահով զգան իրենք զիրենք` Հայաստանի մէջ ճաշարան մը մտնելու եւ կտոր մը հաց ուտելու ատեն: Ի՞նչ երաշխիքներ կան, որ, օրինակ` երիտասարդ սփիւռքահայեր, կարճ տափատ հագած կամ քիչ մը թափթփած հագուստով, հանգիստ զգան ու գրգռութեան մը զոհը չդառնան, եւ ի վերջոյ` ջարդուած ոսկորներով հիւանդանոց մը փոխադրուելու վտանգը չդիմագրաւեն, երբ ընդամէնը ճաշ մը ուտել է իրենց ուզածը:

Այս մտահոգութիւնները թօթափելու համար յստակ քայլերու կը սպասենք Հայաստանի ոստիկանութեան ու դատախազութեան կողմէ. քայլեր, որոնք կր բացատրեն պատահածը եւ ցոյց կու տան, թէ նման պատահարներու պատասխանատուները ինչպէ՛ս կը պատժուին, ինչպէ՛ս կ՛ենթարկուին օրէնքի:

 

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Հոլլանտի` Օպամայի Վերածուելու Վտանգը

Յաջորդը

Ըստ Մակ-ի Մէկ Զեկուցումին Անցեալ Տարի Աշխարհի Տարածքին Պատերազմներու Պատճառով 800 Հազար Մարդ Գաղթական Դարձած Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։