Ռուսիան ու Չինաստանը կը զօրակցին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան, ինչ որ կ՛արտօնէ ամբողջութեամբ բացայայտել շրջանի տնտեսական եւ տարանցիկ ներուժը: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին` «Ռուս-չինական յարաբերութիւնները փոփոխուող աշխարհին մէջ. միասին յանուն խաղաղութեան եւ կայունութեան» միջազգային կլոր սեղանի ժամանակ:
Անոր համաձայն, ռուս-չինական գործակցութիւնը միջազգային անվտանգութեան համակարգի առանցքային տարրերէն մէկն է եւ համաշխարհային հաւասարակշռութեան պահպանման կարեւորագոյն գործօնը:
«Ռուսիան ու Չինաստանը համախոհներու հետ միասին կը նպաստեն աւելի արդար բազմաբեւեռ աշխարհակարգի կառուցման եւ Եւրասիոյ մէջ հաւասար ու անբաժանելի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան տարածքի ձեւաւորման, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Հարաւային Կովկասը», ըսած է Քոփիրքին:
Դիւանագէտը նշած է, որ Մոսկուան եւ Փեքինը «կը խթանեն» Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ չինական «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» նախաձեռնութեան համակցումը` պայմաններ ստեղծելով ցամաքային միացեալ տնտեսական զարգացման համար:
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Ռուսիան ամբողջութեամբ կ՛աջակցի Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան մէջ Չինաստանի նախագահութեան եւ Փեքինի կողմէ նշեալ ֆորումի աշխատանքի առաջնահերթութիւններուն, որոնց շարքին են բաց ըլլալը, նորարարութիւններն ու փոխկապակցուածութիւնը:
Անդրադառնալով երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան` Քոփիրքին ընդգծած է, որ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի տնտեսութիւնները օրկանապէս զիրար կ՛ամբողջացնեն, իսկ երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը իրերայաջորդ չորրորդ տարին ըլլալով կը գերազանցէ 200 միլիառ տոլարը:
Մոսկուան եւ Փեքինը կ՛ամրապնդեն փոխադրամիջոցային կապերը, միասնաբար կ՛իւրացնեն Հիւսիսային ծովային ուղին, կը գործադրեն խաղաղ հիւլէական ուժի ոլորտին մէջ նախագիծեր, կը համագործակցին տիեզերական ոլորտին եւ արբանեակային բնագաւառին մէջ: Կ՛ընդլայնուի գործակցութիւնը գիւղատնտեսութեան, գիտութեան, ճարտարագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու ոլորտներուն մէջ:


