Ուքրանիան մտադիր չէ Ռուսիոյ սկսած պատերազմը Լիպիա կամ այլ երկիրներու տարածք տեղափոխելու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհա` իր լիպիացի պաշտօնակից Թահեր Սալեմ Պաուրի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
Նշեալ զրոյցը տեղի ունեցած է 22 նոյեմբերին Լիպիոյ Պենկազի նաւահանգիստին մօտ ուքրանական հարուածներէն ետք, որոնց պատճառով, ըստ Քիեւի, խորտակուած է ռուսական «Մերքիւրի» մարտանաւը, վնասուած է նաեւ ռուսական բեռնատար նաւ: Լիպիոյ արեւելեան իշխանութիւնները յայտնած են երկու զինուորներու մահուան մասին:
Սիպիհա ընդգծած է, որ ուքրանական հարուածներու թիրախները եղած են բացառապէս ռուսական զինուորական առարկաներ, որոնք անմիջականօրէն կ՛օգտագործուին Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ:
Լիպիոյ` ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած կառավարութիւնն ու երկրի արեւելեան իշխանութիւնները դատապարտած են ուքրանական հարուածները: Ֆրանսան, սակայն, պաշտպանած է Քիեւի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, իսկ Իտալիան եւ Գերմանիան զգուշացուցած են պատերազմի աշխարհագրութեան ընդլայնման վտանգէն:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն Ֆլորիտայի Թրամփի կեցութեան վայրին մէջ իրենց ժողովէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Ռուսիոյ կոչ ուղղեցին` Ուքրանիոյ «պատերազմը չընդլայնելու»:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, մեկնաբանելով Պենկազիի մէջ ռուսական մարտանաւին վրայ կատարուած յարձակումը, յայտարարեց. «Չէզոք երկիրներու շրջանային ջուրերուն մէջ թշնամական արարքները միջազգային օրէնքին կը հակասեն»:
Քրեմլին իր կարգին յայտարարեց. «Հակամարտութիւնը դէպի Միջերկրական ծով եւ Պալթեան ծով ընդլայնելու ուքրանական փորձեր նկատեցինք»:


