Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան, խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան 25 նոյեմբերին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէի հետ:
Ողջունելով հիւրը` Աննա Գրիգորեան խօսած է Հայաստան-Ֆրանսա սերտ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան խորացումի մասին` բարձր գնահատելով շարք մը ոլորտներու մէջ Ֆրանսայի աջակցութիւնը:
Խմբակցութեան ղեկավարը իր դիտարկումները ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ: Ան, մասնաւորապէս, մտահոգութիւն յայտնած է քաղաքական հետապնդումներու եւ քաղաքական առաջնորդներու կալանաւորումներու առնչութեամբ:
Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրապարակած նոր Սահմանադրութեան նախագիծին` պատգամաւորները նշած են, որ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները դէմ են փաստաթուղթով առաջարկուող փոփոխութիւններուն:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանային զարգացումներու վերաբերեալ: Կարեւոր նկատուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը: Այս պարունակին մէջ ընդդիմադիր պատգամաւորները ընդգծած են մարդասիրական խնդիրները, յատկապէս` Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու վերադարձի հարցը:


