Փաքիստանեան երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Փաքիստանը, Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան այսօր Իսլամապատի մէջ Միացեալ պաշտպանութեան Մեքքայի դաշնագիրին վերաբերեալ ժողով մը պիտի գումարեն:
Աղբիւրները նշած են, որ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Փաքիստան պիտի հասնին մասնակցելու ժողովին, որ պիտի գումարուի ուրբաթ եւ շաբաթ օր:


