Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

November 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ասկէ քառասունվեց տարիներ առաջ, ՀՅԴ-ի իննսունամեակի շեմին, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան գրած է «Առինքնողը Դաշնակցութեան մէջ» յօդուածը: ՀՅԴ-ի գաղափարապաշտ էութեան կողքին կուսակցութեան նկարագրային յատկանշական գիծերուն շեշտադրումը կ՛ընէ ան:

 Շ. Մ.

Ի՞նչն է առինքնողը, որ մինչեւ այսօր, երբ կեանքի պայմանները բնաւ չեն համապատասխաներ ՀՅ Դաշնակցութեան նկարագիրին, եւ դիւրին չէ անոր ամբողջական արտայայտումը, հայ ժողովուրդի գիրկէն ծնող երիտասարդութիւն մը կը մօտենայ ՀՅ Դաշնակցութեան ու կը մղուի հաւատալու անոր, մտնելու անոր շարքերէն ներս: Ո՞րն է առինքնողը:

Իննսունամեակի փուլին այս հարցն է, որ ամէնէն աւելի հալածող կերպով կը ցցուի մտածումիս դիմաց ու կը մղէ փորձել փնտռելու պատասխանը: Ու պատասխանը չի կրնար ըլլալ միայն անցեալին մէջ, ան պէտք է, որ ներկայ ըլլայ ներկային մէջ, այլապէս երիտասարդութիւնը պիտի չունենար այն մղումը, որ զինք կը բերէ Դաշնակցութեան:

Ի՞նչն է առինքնողը:

Իր գաղափարաբանութի՞ւնը: Ինչքան ալ բարձրորակ ըլլայ ան, (եւ ուշադիր վերլուծումը ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան երեւան պիտի հանէ արդարութեան ծարաւէն ժայթքող, համայն մարդկութեան համար իսկ արժէք ներկայացնող, մարդը բնութեան ուժերէն եւ իր նմաններուն ճնշումներէն ու շահագործումներէն ազատելու բարձրորակ նպատակով հաստատուած իր աշխարհայեացքը), չի բաւեր, տեւաբար, սերունդ առ սերունդ, յաջորդաբար իրեն քաշելու համար հայ երիտասարդութիւնը, կեանքի բոլոր պայմաններու տակ ալ: Գաղափարաբանութիւնները մտապատկերացումներ են, վերլուծումներ են, որոնք գիտակցութեան լուսարձակին տակ առնուելով կրնան համոզիչ դառնալ, գրաւել. սակայն ինքնաբերաբար առինքնող, խանդավառող, ջերմացնող ու կապող չեն կրնար ըլլալ: Իր գաղափարաբանութեան մաս կազմող ազգային իտէալնե՞րը արդեօք…: Դարձեալ բաւարար չեն ինքնաբերաբար գրաւելու, հմայելու համար երիտասարդութեան հոգիները: Եւ վերջապէս, հայ ազգային կուսակցութիւնները, բոլորն ալ, խորքին մէջ ազգային նպատակներ կը հետապնդեն, հոգ չէ թէ տարբեր եղանակներով, տարբեր ճամբաներով: Ինչո՞ւ այս ձգողութիւնը դէպի ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Ի՞նչն է առինքնողը:

Դաշնակցութեան հզօրանքին ու քաշողական ուժին աղբիւրը իր գաղափարները չեն, թուղթի վրայ բանաձեւուած իր տեսակէտները չեն, ինչքան ալ մեծարժէք ըլլան անոնք:

Իր կազմակերպական կառո՞յցն է արդեօք առինքնողը. ժողովրդավարական ամուր հիմերով, զինք բաղկացնող բոլոր տարրերուն իրապէս հաւասար սեփականատիրութի՞ւնը,  Դաշնակցութեան բարոյական հարստութեան եւ հաւասար իրաւո՞ւնքը` ծառայելու Դաշնակցութեան նպատակներուն: Ինչպէ՞ս կրնայ կառոյց մը ինքնին առինքնող ըլլալ: Կառոյցը այն շրջանակն է, որուն մէջ կը գործէ կուսակցութիւնը իր կազմակերպական միաւորներով: Կուսակցութիւնը կմախքն է, միսն ու ոսկորն է, ջիղերն եթէ կ՛ուզէք, եւ ուժեղ են անոնք Դաշնակցութեան որդեգրած ձեւին մէջ. սակայն կառոյցը ինքնաբերաբար չի ճառագայթեր. կազմակերպութիւնը ինքը հոգի չէ, սիրտ չէ, բաբախում չէ, չի կրնար առինքնող ըլլալ:

Անցնող իննսունամեակի ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան կրած հալածանքներն ու յարձակումնե՞րն են արդեօք, որ առինքնող կը դարձնեն զինք: Կը մղեն ժողովուրդը ու մասնաւորապէս երիտասարդութիւնը, դէպի ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Իր տարած յաղթանականե՞րն են արդեօք, որ առինքնող կը դարձնեն զինք: Յաղթանակները եկած են արդէն իսկ առինքնուած երիտասարդութեան երկարատեւ զոհաբերութիւններէն ետք. ու միշտ չէ, որ յաղթանակներ եկած են պսակելու Դաշնակցութեան գործունէութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ շղթայազերծուած զանազան հալածանքներուն ու յարձակողականներու պահերուն, ճիշդ է, որ հայ ժողովուրդը անմիջապէս մօտեցած է Դաշնակցութեան, բնազդաբար զգալով այդ հալածանքներուն իրեն հասցուած հարուածներ ըլլալուն իրողութիւնը, սակայն չի կրնար ըլլալ, որ կուսակցութեան դէմ ուղղուած յարձակում ըլլալու իրողութիւնները առինքնող ըլլան: Առինքնող բանի մը գոյութեան սպառնացող վտանգն է, որ կը մղէ ժողովուրդը Դաշնակցութեան շուրջ բոլորուելու, երբ վտանգը կը սպառնայ անոր:

Ի՞նչն է ուրեմն առինքնողը ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ:

Իր գործե՞րը. անշո՛ւշտ. սակայն գործերը որպէս այդ, այսինքն որպէս ձեռնարկ չէ, որ առինքնած են հայ երիտասարդութիւնը, այլ այդ գործերու ընթացքին արտայայտուած կեցուածքները, նկարագիրը, ոգին, որ յատուկ եղած է ՀՅ Դաշնակցութեան` միշտ. իր ծնունդի պահէն իսկ սկսող, իր առաջին մանիֆեստով աղաղակող ոգին, որ անվթար պահպանուած է տասնամեակէ տասնամեակ եւ վերածուած` Դաշնակցութեան ճառագայթող ու հոգիները ջերմացնող փարոսի, առինքնող լոյսի, որուն կու գան խանդավառ, թափ ունեցող հոգիները, գաղափար ու գաղափարականութիւն սիրող հոգիները, նուիրում ու զոհաբերում սիրող հոգիները. ոգին, որ այսօր եւս, ՀՅ Դաշնակցութեան հարիւրամեակին տանող տասնամեակի սեմին, պահանջներ կը դնէ հայ երիտասարդութեան դիմաց ու կը գրաւէ, կ՛առինքնէ: Անանձնական կեցուածք, մշտական զոհաբերում, տեւական խիզախում, ահա՛ Դաշնակցութեան մարմնաւորած ոգիին երեք հիմնական տարրերը, որոնցմէ երբեք չդատարկուեցաւ ան. մինչեւ իսկ իր կեանքի ամենադժուարին, ամենատկարացած պահերուն, տեղատուութեան ամենածանր րոպէներուն անգամ:

Պատահեցան պահեր, երբ շարքերը նօսրացան, իրենց կոչումին ոչ արժանի տարրերը լքեցին կուսակցութիւնը. ոմանք մինչեւ անգամ անցան Դաշնակցութիւնը հարուածողներուն կողմը:

Պատահեցան ժամանակաշրջաններ, երբ դաշնակցական ըլլալու իրողութիւնը անգամ կը բաւէր բանտերու կամ աքսորավայրերու ճամբան բռնելու համար. սարսափը կը տեղաւորուէր շատերու հոգիներուն մէջ, ու երեւոյթները կը մղէին մտածելու, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պէտք է դադրած ըլլայ գոյութիւն ունենալէ: Եւ սակայն, քիչ ետք, կամ քիչ անդին, ամէն անգամ որ հայ ժողովուրդի կեանքը կը պահանջէր խիզախում, զոհաբերում, անանձնական նուիրում, ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատմութեան կը պատասխանէր` «Ներկա՛յ»:

ՀՅ Դաշնակցութեան հզօրանքի աղբիւրը իր գաղափարները չեն, կ՛ըսէի քիչ առաջ. եկած է պահը սակայն, ըսելու` Դաշնակցութեան հզօրանքին աղբիւրը իր գաղափարներն են. սակայն իր ուխտեալներուն գերեզմաններէն եկող ոգիի ճառագայթումներով ջերմացած, վերածուած առինքնող գաղափարներու, հոգիներու ծարաւը յագեցող մշտահոս աղբիւրի:

Ուխտեալներ, ուխտեալներու անսակարկ նուիրումով գործունէութիւններ. եւ տեւական խիզախումը անոնց, ամէն անգամ որ հայ ժողովուրդի կեանքը կամ հիմնական շահերը վտանգուած են. այդ ճամբուն վրայ նաեւ սեփական կեանքի զոհաբերումը, երէկ ու նաեւ այսօր` Դաշնակցութեան գաղափարները կը վերածեն մշտավառ հնոցի, որ սրտերը կը բորբոքէ, կը տաքցնէ հոգիները ու գաղափարական երիտասարդութիւնը կը մղէ դէպի ՀՅ Դաշնակցութիւն դէպի անոր այրող բոցը, որ միաժամանակ կը բարձրացնէ անհատը իր եսէն վեր եւ կը տանի իր ժողովուրդի ճակատագրին ամբողջական նուիրումով ծառայելու զոհասեղանին: Երբ կուսակցութիւն մը այնքան զոհեր կու տայ,  ինչքան ՀՅ Դաշնակցութիւնը տուած է, ազգային գոյութիւնը կը դադրի անդիմագիծ գոյութիւն մը ունենալէ, կ՛իմաստաւորուի գիտակցութեամբ ու կամքով, վճռականութեամբ, խիզախումի կարելիութեամբ, եւ ազգը իր տեղը կը գրաւէ աշխարհի այլ ազգերու կողքին, մեծ ըլլան անոնք, թէ փոքր, իր պէս համահաւասարապէս կենսունակ, համահաւասարապէս իրաւատէր ու պահանջատէր ժողովուրդ: Չկայ աւելի մեծ ուժ, աւելի ահաւոր ուժ, աւելի գրաւիչ ուժ` քան զոհը, գիտակցօրէն մահը աչք առնող, իր կեանքի գնով իր ժողովուրդին համար գործող ու նահատակուող նուիրեալը: Դաշնակցութեան գաղափարները ապրեցուցին անոր գրկէն ծնած հսկաները եւ իրենց նահատակութեամբ կրկնակի իմաստաւորեցին: Բացէ՛ք Դաշնակցութեան պատմութեան էջերը, հին ու նոր, ու դուք պիտի գտնէք փաղանգը անմահներուն, որոնք իրարու յաջորդեցին, իրարմէ խլեցին Դաշնակցութեան գաղափարական դրօշը, ու զոհուեցան անոր ոգին անվթար պահելու համար:

Այդ գնով, գաղափարները կը դառնան առինքնող, արբեցնող:

Այդպիսի կեցուածքներով ոգեկանը կ՛ամրապնդուի ու կը դառնայ հայ կեանքէն ներս մշտապէս ներկայ մագնիս:

Այդպէս էր երէկ. այդպէս է եւ այսօր:

Հայ ժողովուրդի կեանքի ընթացքը կը շարունակուի վերիվայրումներով: Անոր մղած արդարութեան եւ իրաւունքի պայքարը աւարտած չէ դեռ:

Մարդկութիւնը ինքնաբերաբար չի տար ազգերու եւ ժողովուրդներու իրաւունքները: Ինքնաբերաբար ոչինչ ձեռք կը բերուի:

Վճռական ու յարատեւ պայքարն է միայն, որ իրական գրաւականն է պատմաքաղաքական յարմար րոպէին հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներուն ձեռքբերումին:

Վճռական ու յարատեւ պայքար կարելի է մղել միայն խիզախելով, տեւաբար զոհաբերելով, Դաշնակցութեան գաղափարներուն ոգեկան պարունակութիւնը անաղարտ պահելով:

Յառաջիկայ տասնամեակը նորանոր վերիվայրումներու հաւանականութիւններով հարուստ է: Աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ դերակատար պետութիւնները, իրենց թափած բոլոր ճիգերուն հակառակ, ի վիճակի չեն հաստատուն հաւասարակշռութիւն մը առաջացնելու մարդկութեան համար: Պատմական փոփոխութեանց նոր ժամանակաշրջանի մը նախօրեակին է աշխարհը, ու իրեն հետ նաեւ հայ ժողովուրդը:

Հայութեան կրաւորական կեցուածքը, կրաւորական գոյութիւնը ոչ մէկ արժէք ու ոչ մէկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն աշխարհին համար եւ նուազագոյն չափով իսկ չեն կրնար դերակատար ըլլալ իր դատի հետապնդման ճամբուն վրայ: Յառաջիկայ տասնամեակի ընթացքին այլ ժողովուրդներու կարգին հայ ժողովուրդը եւս հարկադրուած պիտի ըլլայ պատմութեան բեմին վրայ կանգնելու եւ իր ձայնը լսելի դարձնելու` ոչ որպէս խնդրարկու, աղերսարկու, այլ որպէս պահանջատէր: Հայութիւնը քայլ առ քայլ պէտք է դուրս գայ կրաւորական կեանքի մահացնող գոյավիճակէն եւ պէտք է մտնէ ներգործական դերակատարութեամբ ու կենսունակութեամբ լի կեանքի մը գոյավիճակին մէջ: Այդ ճամբուն վրայ, այդ մարտնչումներուն ընթացքին, ինչպէս իր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, առաջին գիծի վրայ պիտի ըլլայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Ատոր համար ան պէտք է կարենայ կրկնապատկել, քառապատկել իր ուժերը, իր զոհաբերումները, որպէսզի հայութեան մղած պայքարը դառնայ աւելի ազդու, ասելի հաստատօրէն դէպի նպատակը առաջնորդող: Այդ ճամբուն վրայ եւ ատոր համար ՀՅ Դաշնակցութիւնը պէտք ունի իր հաւատաւոր ու գաղափարական հայ երիտասարդութեան գիտակից ու ամբողջական նուիրումին:

ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ գտնուողներուն, անոր եկող երիտասարդ ու նոր տարրերուն համար պէտք է մտասեւեռում դառնայ ՀՅ Դաշնակցութեան հզօրանքին հիմնական տարրերուն անվթար պահպանումը, անոնց պահանջատիրութիւնը բոլորէն, եւ իրենք իրենցմէ` ամէնէն առաջ: Բոլորի կեցուածքը պէտք է ապրող վկայութիւն մը ըլլայ Դաշնակցութեան խիզախումին, նուիրումին, անանձնականութեան:

Ոգեկոչել ՀՅ Դաշնակցութեան իննսունամեակը, յարգանքի տուրք մը վճարած ըլլալու համար անոր, պիտի նշանակէր լաւ չճանչնալ զայն: ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեան ընթացքին երբեք չէ փնտռած գովասանքը, գնահատանքը, պատուանշանները. այդ բոլորէն խորշած է Դաշնակցութիւնը, խորշած են Դաշնակցութեան նուիրեալները, անոնք, որոնք իրենց գաղափարական կեցուածքներով Դաշնակցութեան նկարագիրը կերտեցին եւ իրենց մահով սրբագործեցին զայն: Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ գտնուողները չեն կրնար, պէտք չէ բաւարարուին գնահատանքի խօսքերու ունկնդրութեամբ կամ արտաբերումով. անոնք պարտին վերանորոգել իրենց ուխտը. ոչ թէ հրապարակային արտայայտութիւններով, այլ ներքին խօսակցութեամբ մը, իրենց ցարդ յայտնաբերած կեցուածքներուն անկեղծ քննութեամբը. եւ պէտք է գտնեն այն ճանապարհը, այն կեցուածքները, որոնք կը համապատասխանեն իրենց ուխտին: Անոնք պարտին իրենց էութեան մէջ փնտռել, գտնել, կեանքին բերել ու ամրապնդել այն տարրերը, որոնք ՀՅ Դաշնակցութեան հզօրանքին հիմերն են` անանձնական կեցուածքը, տեւական զոհաբերումը, ինքնավստահ խիզախումը` ի խնդիր հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան:

Անանձնական կեցուածք, որ դաշնակցականը դուրս կը բերէ ոչ միայն իր անմիջական նեղ շրջանակէն, այլ նաեւ մինչեւ անգամ համասփիւռքեան սահմանափակումներէն, զայն առաջնորդելու համար, կուսակցութեան գերագոյն որոշումներուն գործադրութեան ճամբով, համայն հայութեան ծառայելու:

Տեւական զոհաբերում, որ չի պայմանաւորուիր ուրիշներու ըրածով կամ չըրածով, եւ կ՛իրականացուի ընդհանրական նպատակներուն համար` քաջ գիտնալով, թէ այդ է ուժին իրական աղբիւրը:

Խիզախում` երբ ամէն ինչ ղժուարին կը թուի, երբ չորս կողմը, ուրիշներ կը տկարանան, կ՛ընկրկին, կը նահանջեն մինչեւ անգամ: Կրկնակի խիզախում անոնց բաց ձգած պարտականութիւնները եւս ստանձնելու համար: Խիզախում մինչեւ անգամ երբ առաջադրուածները պահ մը անկարելի կը թուին: Խիզախում ճիշդ այն պահերուն, երբ անկարելի կը թուին ոչ միայն յաղթանակները, այլ վերապրիլն անգամ: ՀՅ Դաշնակցութեան հզօրանքին գաղտնիքը իր գաղափարներուն իրականացման համար անթիւ ու անհամար զոհաբերումներու մէջ է: Իրենց եսերը Դաշնակցութեան ոտքերուն տակ նետած, անանձնական կեցուածքի օրինակով գաղափարներուն շունչ ու կեանք տուած հսկաները… հարկ եղած պարագային տուն, տեղ, ընտանիք ու կեանքը անգամ Դաշնակցութեան գաղափարներուն համար զոհաբերողներու փաղանգը. անոնք` որոնք տեւաբար խիզախեցին, առանց տկարացումի, առանց ընկրկումի, մինչեւ մահ… Քրիստափորներ, Գէորգ Չաւուշներ, Մակարներ, Պետօ Սերէմճեաններ, Արամ Արամեաններ, Հրայրներ, Բաբգէն Սիւնիներ, Արմէն Գարոներ, Մկրտիչ Եօթնեղբայրեաններ, դաշնակցական Խեչոներ, Համազասպներ, Քեռիներ, Անդրանիկներ, Փիթարա Մանուկներ, Չոլոներ, Ռուբէններ, Դրոներ, Թեհլիրեաններ եւ դեռ հարիւրաւորներ, որոնց անունը չի յիշատակուիր այս րոպէիս, ու նաեւ հազարաւորներ, որոնց անունները չեն յիշուիր անգամ. որոնք Դաշնակցութիւն շնչեցին, Դաշնակցութիւն ապրեցան, Դաշնակցութիւն կերտեցին իրենց կեանքով, անանձնական կեցուածքով` երբ կեանքի հրամայականը կը պահանջէր իրենցմէ իրենց եսերը մատաղ ընել կուսակցութեան. զոհաբերումով` երբ պէտք էր ամէն ինչ զոհել. եւ խիզախումով` երբ հայութեան սպառնացող վտանգները կը պահանջէին ճակատիլ պատմութեան հալածանքներուն հետ, մինչեւ անգամ անհաւասար ուժերով. այսինքն` տեւաբար, միշտ ու միշտ առանց վարանելու, առանց սակարկելու, առանց պահ մը իսկ ընկրկելու:

Ա՛յդ է առինքնողը Դաշնակցութեան մէջ:

Ու հիմա, կեանքի ներկայ փուլին, ներկայի չափազանց դժուարին պայմաններուն մէջ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր մարտնչումի ընթացքը, նոյն հզօրանքով, հզօրանքի նոյն տուեալներով ուժեղ: Զայն բաղկացնող անհատներուն կը մնայ, մեզի բոլորիս կը մնայ մեր նայուածքը յառել ՀՅ Դաշնակցութեան էութեան եւ ամէն օր քիչ մը աւելի մեծ ճիգ թափել թօթափելու համար սփիւռքեան պայմաններուն բերած տկարութիւնները, Դաշնակցութեան էութեան հետ խորթ եղող սովորութիւններն ու բարքերը, որ մեր չորս կողմը գտնուող կեանքի տեղական պայմաններէն կու գան. պայմաններ, որոնք հայկական բարձրաւանդակի, հայրենի պապենական հողերուն վրայ գտնուող պայմանները չեն եւ չեն կրնար ինքնաբերաբար ներշնչող ըլլալ, ոգեղէնին առաջնորդող ըլլալ:

Մեզ այդ ճնշումներէն փրկողն ու խիզախելու ատակ դարձնողը դարձեալ ու միշտ ինքը կրնայ ըլլալ, ի՛նքը միայն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր լուսապայծառ էութեամբ, անսակարկ նուիրումով, ու տեւական զոհաբերումով:

10 հոկտեմբեր 1980 
Պէյրութ

Նախորդը

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

RelatedPosts

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)
Անդրադարձ

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

Հաւաքական Ղեկավարութեան Կուսակցութիւնը

November 27, 2026
Ցայգալոյս.   ՀՅ Դաշնակցութիւնը Յեղափոխութիւնն Է
Անդրադարձ

Ցայգալոյս. ՀՅ Դաշնակցութիւնը Յեղափոխութիւնն Է

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։