Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պաշարուած միջնաբերդում կարգ ու կանոն, հոգեւոր, մտաւոր կարողութիւններու ճիգ կ՛ըլլայ, իսկ մենք հէնց պաշարուած միջնաբերդ ենք: Կա՛մ թոյլ կը լինենք ու մեզ կը ճզմեն, կա՛մ խելացի` եւ կը յաղթահարենք:

ՀՐԱՆԴ ՄԱԹԷՒՈՍԵԱՆ

Առիթով մը ըսած էինք, թէ գաղափարները չեն մեռնիր, անձնասպան կ՛ըլլան:

Եւ ի պատասխան այս մտածումին, գրչեղբայր մը ընդգծած էր. ճիշդ է, սակայն հարկ է ընդմիշտ սնուցել այդ գաղափարները, որպէսզի ապրին եւ կենսունակ մնան:

Վաստակաւոր, անզուգական եւ ներհուն գրող Հրանդ Մաթէւոսեանի վերեւի մտածումը, կարծես, այս օրերուն համար գրուած ըլլար. արդարեւ, ան որ ոչ միայն կը վերաբերի հայրենիքին, սեփական ժողովուրդին ու պետականութեան ճակատագիրին, այլ նաեւ` հաւաքական կեանքի տարբեր կառոյցներու` կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն եւ միութիւններ:

Դարձեալ կը նշենք ՀՅ Դաշնակցութեան օրը: Ու այս առիթով պարտաւոր ենք վերյիշել աւելի քան դար մը ապրող այս կուսակցութեան կատարած ազգային գործը, գերազանցապէս հայրենասէրի վաստակն ու օրինակելի կենսափորձը, որպէսզի ըստ էութեան արժեւորենք գաղափարական այս կուսակցութեան անցած ուղին:

Ուղի, որ լեցուն է եղած կեանքի տատասկներով, դժուարին օրերով, անանցանելի ուղիներով ու մանաւանդ` անձնազոհութեան վսեմ վկայութիւններով:

Շատ անգամ դժոխային պայմաններու, թշնամի ուժերու հարուածներուն կուրծք ցցելով հանդերձ, բուռ մը յեղափոխականներ, ազնուական հոգիի ու բոցաշունչ մտքի տիպարներ, յանդգնութիւնը ունեցան դիմազերծելու հայութեան թշնամիներուն թաքուն-բացայայտ մտադրութիւնը` հայրենազրկել դարաւոր պատմութիւն ունեցող ժողովուրդը, բնաջինջ ընելով անոր ժողովրդագրական պատկերը, մշակոյթը:

Ու այդ թշնամիներու առաջին շարքին էին (են) թուրքերը (օսմանցի թէ երիտ.), որոնց համար Հայաստանի ու հայութեան վերացումը` նպատակային թիրախ ըլլալով հանդերձ, կրօնական-քաղաքական առաջադրանք է եղած, ու ցարդ կը շարունակէ մնալ իբրեւ այդպիսին:

Փաստը` թուրք-ազերիական զազրելի սպանդները, Արցախի բռնագրաւումը, ժողովուրդի բռնի տեղահանութիւնն ու դարաւոր մշակոյթի աւերումն էր:

Արդ, իր ծնունդէն ի վեր (1890) ՀՅ Դաշնակցութիւնը կառչած մնաց իր հաւատամքին եւ գաղափարական էութեան: Հաւատամք, որ կը միտի իր թմբիրէն արթնցնել հայ  ստրկացած զանգուածը, վերաջրդեղել հայու ոգին, թարմացնել ազգային-հաւաքական գիտակցութիւնը եւ կերտել ազատ ու անկախ հայրենիք-պետութիւն:

Ու այդ հաւատամքի կենսագործման համար մեր կուսակցութիւնը չզլացաւ իր թանկագին տղաքն ու աղջիկները զոհաբերել յանուն համազգային էութեան մը ծաղկումին, գաղափարական աշխարհի աշտարակումին, բերդի կառուցումին:

Արեամբ ու քրտինքով ստեղծուած ՀՅ Դաշնակցութեան կենդանագիրը ունեցաւ իր հարազատի պատմութիւնը, գիր-գրականութիւնը եւ անփոխարինելի կենսափորձը:

Այո՛, այդ կենսափորձը նուիրականացաւ կենդանի աշխատանքին խայծ տալով ու տիպարներու հսկայական փաղանգի գործուն մասնակցութեամբ եւ անմնացորդ զոհաբերութեամբ:

Յայտնապէս սրբազան նպատակներու տիրութիւն ընող ՀՅ Դաշնակցութեան միացան հազարաւոր ուխտաւորներ` հայութեան տարբեր շերտերէն եկած, որոնք շնորհիւ իրենց ազգային, քաղաքական, գաղափարական ու բարոյական նկարագիրին ու պատրաստուածութեան յաջողեցան յաղթահարել սարսափելի պայմանները, դիմել զէնքի ու յեղափոխական արարքներու` պարզապէս իր լրումին հասցնելու գերագոյն նպատակը` ժողովուրդի փրկութիւնն ու հայրենիքի ազատագրումը:

Այլ խօսքով` ազգային տեսակի, դիմագիծի, ժառանգի եւ արժէքներու տէր կանգնելու բարձրագոյն գիտակցութեամբ իրերայաջորդ սերունդներ երդուեցին, մարտնչեցան ու նահատակուեցան` հայոց քաղաքակրթական պատմագրութիւնը առաւել հարստացնելու եւ ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահելու ի խնդիր:

Պատմաիրաւական փառաւոր այս ճանապարհին` ՀՅ Դաշնակցութիւնը կրցաւ յաղթահարել լեռնացած խոչընդոտներն անգամ ու ոչինչէն ստեղծել պետութիւն, որ կերտուեցաւ հայութեան ծով արեամբ եւ հզօր անհատականութիւններու շնորհիւ:

Եւ չուշացաւ պատմութեան դառն ճակատագիրը` անկախութեան կորուստը, համայնավար վարչակարգի հաստատումը եւ հայրենիքէն ակամայ հեռանալու դառն պարտադրանքը:

Իսկ գաղութներու կազմաւորման մէջ անուրանալի էր Դաշնակցութեան դերն ու ներդրումը, իր ֆետայի թէ մտաւորական ուժերու ուղղակի մասնակցութեամբ եւ համբերատար աշխատանքի յանձանձումով:

Ժամանակի թաւալքին հետ շրջադարձ ապրեցաւ ամբողջ հայութիւնը, երբ Արցախի գոյամարտին առընթեր վերանկախացաւ Հայաստանը:

Ազգային ազատագրական նորովի պայքարին մէջ դարձեալ իր պատուաբեր եւ վսեմ ներդրումը ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, նախ` վերընձիւղելով հայրենի հողին վրայ, տարածելով իր կազմակերպական ցանցը եւ ուղղակի թիկունք կանգնելով Արցախի ժողովուրդին եւ պետութեան:

Գաղութահայ կեանքի թէ հայրենիքի կենսաւորումին, պաշտպանութեան եւ հզօրացման մէջ անուրանալի իր աշխատանքով ՀՅ Դաշնակցութիւնը փաստեց, որ կը գտնուի իր բարձունքին վրայ` հայրենասիրական բազմաբնոյթ գործունէութիւն եւ վաստակ ցոյց տալով:

Փաստօրէն, ֆետայական-զինուորական, քաղաքական-պետական, ժողովուրդի թէ ընկերատնտեսական կեանքի բարելաւման բազմամակարդակ աշխատանքներու մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը արձանագրեց իր պատմակերտ վկայութիւնը:

Այդուհանդերձ, պէտք չէ մտահան ընել մետալի միւս երեսը, դաժան կեանքի ճանապարհին ու գործունէութեան առանցքներուն պատահած անախորժ դէպքերը, կուսակցական բացթողումները, թերութիւնները, անախորժ մօտեցումները, խաղք ու տկլոր  սայթաքումները, բարոյահոգեբանական անկումները, որոնք, եթէ երբեք ունին բացատրութիւն, հիմնաւորում, այլապէս ալ ընդունելի, բացառելի կամ ըմբռնելի չեն կրնար ըլլալ Դաշնակցութեան աշխարհահայեացքին ընկալումով:

Պարզապէս կոյր եւ դալուկ մտքի տէր անհատ պէտք է ըլլալ չտեսնելու կամ ուրանալու կուսակցական կեանքին մէջ պատահած մարդկային խեղճութիւններն ու տկարութիւնները:

Իրերայաջորդ կուսակցական գործիչներ, վաստակաւոր մտաւորականներ եւ յեղափոխական տիպարներ, իրենց յուշագրութիւններուն մէջ իսկ անդրադարձած են բազում անախորժ երեւոյթներու, որոնք շատ անգամ ծանր կշռած են հաւաքական կեանքին վրայ. մերթ խրտչեցնելով կուսակցականներ, բարոյալքելով շատեր, մերթ ալ առիթ «ընծայելով» հակառակորդներու` զրպարտելու, բամբասելու ու թշնամական վերաբերում ցոյց տալու, պարզապէս յագեցնելու համար հակադաշնակցականի իրենց մոլուցքը:

Բարեբախտութիւն է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրն ու Կանոնագիրը իրենց ամենալայն հասկացողութեամբ ի զօրու են ու կը շարունակեն ներշնչել սերունդներ համակ: Նման արժեհամակարգի առընթեր, Դաշնակցութեան ողջ պատմութիւնն ու կենցաղակերպը տակաւին կ՛առինքնէ նորահաս սերունդի տղաքն ու աղջիկները:

Սա չի նշանակեր երբեք, որ դաշնակցական իրականութեան մէջ կը գործեն սուրբեր կամ անսխալական անհատներ: Աւելի՛ն. կազմակերպական կեանքի ամբողջ տեսադաշտը պարտաւոր է ինքզինք նորոգելու, վերաթարմացնելու եւ ի հարկին դէմքերու փոփոխութիւն յառաջացնելու, որովհետեւ ժողովրդավար կարգերու իրաւ ու անհերքելի բնոյթը, յաջողութիւնը կը կայանայ սերունդներու յաջորդականութեամբ:

Փաստօրէն, քննական մտքի ու քննադատական մօտեցումներու առկայութեան, կազմակերպական կեանքի առողջացումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է, որով պէտք է զինուի մեր առօրեան եւ իւրաքանչիւր կուսակցական ընկեր:

Մուշեղ Իշխանի իսկ բոցկլտուն բառերով` «Աշխարհիս դժուարագոյն բանն է բարոյական դրամագլուխ դիզելը եւ մանաւանդ զայն պահպանելը»:

Այս օրերուն, մեր մտահոգութեան կիզակէտն է վաստակաւոր մտաւորական ու դաշնակցական գործիչին վերոնշեալ հաստատումը, պարզապէս որովհետեւ մենք` հաւաքաբար, ականատես ենք սայթաքումներու եւ անցեալի վաստակի մսխումին` կամայ-ակամայ, պէս-պէս պատճառաբանութիւններու ընդառաջ:

Գաղտնիք մը չէ, որ եթէ երբեք Դաշնակցութիւնը դար մը աւելի կ՛ապրի ու կը գործէ ճակատը բարձր ու վեհանձնութեամբ, այդ կը պարտի իր փառաւոր անցեալին, բարոյական վաստակին ու գաղափարական առանձնայատկութեան:

Միւս կողմէ, դժբախտութիւն է հայ կեանքի մէջ (ժողովրդական ու պետական) մակարդակի վրայ տեսնել ու լսել տկլոր անհատներու թրքավարի ցանկութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը «արմատախիլ» ընելու, այլապէս ձերբազատելու ազգային շունչ ու պահանջատէրի ոգի յանձանձող կուսակցութեան մը ներկայութենէն:

Զառանցա՞նք, մտքի բոպիկութի՞ւն, թէ՞ հայու թշուառական տեսակի տժգոյն նմուշի մը դէմ յանդիման է հայ ժողովուրդը` ականատես ըլլալով պետական այրերու, որոնք օրն ի բուն կ՛երազեն ՀՅ Դաշնակցութեան վերացումը հայ կեանքէն:

Նմաններ, գիտակցաբար կամ ոչ, կը յանկերգեն թուրքին փայփայած երազը` բնաջնջել ամէն ազգային արժէք, որ արգելք է իրենց փանթուրանական ծրագիրին:

Նոր օրերու տժգոյն «խաղաղասէր»-ները կրնան չսիրել այս կուսակցութիւնը, կրնան քննադատել ու մեղադրել զայն, սակայն ցաւալին այն է, որ անոնք կը փափաքին նաեւ արգելակել ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը հայրենի հողին վրայ:

Սակայն անոնք պէտք է քաջ գիտնան, որ չեն կրնար «արմատախիլ» ընել հայ կեանքի մէջ արմատացած դաշնակցականութիւնը:

Այո՛, դաշնակցականութիւնը, որ ամրոց մըն է ինքնին, կառուցուած` հիմնադիր սերունդի արեամբ ու քրտինքով, արմատացած` աննման հայդուկներու սխրանքով,  կեանքի կոչուած` անթիւ ուխտաւորներու անձնազոհութեամբ ու պաշտպանուած` համակիր զանգուածներու աջակցութեամբ:

Արդ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը չի վերանար հայ կեանքէն այնքան ատեն որ ողջ է հայութիւնը, կանգուն է Արարատը եւ կ՛ապրի Հայաստանը:

 

 

Նախորդը

Հաւաքական Ղեկավարութեան Կուսակցութիւնը

RelatedPosts

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

Հաւաքական Ղեկավարութեան Կուսակցութիւնը

November 27, 2026
Ցայգալոյս.   ՀՅ Դաշնակցութիւնը Յեղափոխութիւնն Է
Անդրադարձ

Ցայգալոյս. ՀՅ Դաշնակցութիւնը Յեղափոխութիւնն Է

November 27, 2026
ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը Պատմական Փառքէն Անդին
Անդրադարձ

ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը Պատմական Փառքէն Անդին

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։