Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ թրքական կողմի բանագնաց Սերտար Քըլըչ Հայաստանի նոր սահմանադրութեան նախագիծի հրապարակումը որակած է «պատմական փոփոխութիւն»` նշելով, որ Թուրքիոյ հետ վէճի առիթ դարձած ձեւակերպումը վերցուած է:
Քըլըչ «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Պատմական փոփոխութիւն Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ. վերցուած է այն ձեւակերպումը, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ տարակարծութիւններու տեղ տուած էր: Ինչպէս միշտ ըսած եմ, պարոն Նիկոլ Փաշինեանը կառուցողական եւ անկեղծ գործընկեր է ոչ միայն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ, այլ նաեւ շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման հարցին մէջ»:
Նոր սահմանադրութեան նախագիծի նախաբանէն կը բացակայի յղումը Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին: Եթէ Պաքուն խնդրայարոյց կը նկատէ Անկախութեան հռչակագիրին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի միաւորման մասին յիշատակումը, Անգարայի դժգոհութեան պատճառը փաստաթուղթին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատար կանգնելու ձեւակերպումն է:
Քըլըչ ապրիլ 2025 թուականին Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի ծիրին մէջ, պատասխանելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ հարցումներուն, նշած էր, որ ատիկա Հայաստանի ներքին գործն է, եւ միայն հայ ժողովուրդն ու Հայաստանի հաստատութիւնները պիտի որոշեն ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կատարել այդ քայլը:


