Եայիր Կոլանի ղեկավարած ձախակողմեան Ժողովրդավարներ կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ կ՛առկախէ Իսրայէլի նշանակեալ վարչապետ Կատի Այզենքոթի ղեկավարած Եաշար կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութեան կազմութեան շուրջ բանակցութիւնները:
Ժողովրդավարներ կուսակցութիւնը յայտնեց, որ այդ որոշումը տուած է գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութեան հետ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուելուն եւ Նեթանիահուն բացառող կառավարութեան մը կազմութեան ջանքերու ձախողելուն պատճառով:
Եաշար եւ Լիքուտ կուսակցութիւններուն միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը աւարտած էր երկուշաբթի գիշեր` առանց նշանակալից բեկումի արձանագրման:
Կոլան աշխատանք կը տանի կազմելու համախոհական կառավարութիւն մը` մասնակցութեամբը արաբական երկու ընտրացանկերուն, որոնք Քնեսեթին մէջ 19 աթոռներ ապահովեցին:
Այզենքոթի կառավարութիւն կազմելու պայմանաժամը կ՛աւարտի 6 դեկտեմբերին, սակայն այդ պայմանաժամը կրնայ 14 օրով երկարաձգուիլ:


