Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
ՀՅԴ–ի Հիմնադրութեան
136-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Ֆրանսա
14 նոյեմբերին Վալանսի Հայ մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 136-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը:
Օրուան հանդիսութեան յատկանշական պահերէն մէկը եղաւ երեք համակիրներու մուտքը ՀՅԴ-ի շարքեր: Անոնք, ստանձնելով դաշնակցականի պատասխանատուութիւնը, իրենց ուխտը կատարեցին` ծառայելու հայ ժողովուրդին, հայրենիքին եւ կուսակցութեան գաղափարական նպատակներուն:
ՀՅԴ Եւրոպայի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ-ն իր հիմնադրութեան տարեդարձը անգամ մը եւս կը նշէ բարդ ու մտահոգիչ պայմաններու մէջ, ընդգծելով, որ ասիկա նոր երեւոյթ չէ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւած է: Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդէն անջատ կազմակերպութիւն մը չէ, այլ անոր կեանքին, ապրումներուն եւ պայքարներուն հարազատ արտայայտութիւնը: Հետեւաբար, երբ հայրենիքն ու ժողովուրդը ծանր կացութեան մատնուած են, այդ իրողութեան հետեւանքները բնականաբար կ՛անդրադառնան նաեւ Դաշնակցութեան վրայ:
Վարժապետեան շեշտեց, որ դաշնակցականին առանձնայատկութիւնը դժուարութիւններուն դիմաց իր ցուցաբերած յամառութիւնն ու գաղափարական հաւատարմութիւնն են: Այդ յամառութիւնը անձնական նկատումներէ չի բխիր, այլ հիմնուած է գաղափարին, տրուած երդումին եւ ստանձնուած պարտաւորութեան հանդէպ անսակարկ նուիրումին վրայ:
Անդրադառնալով Հայաստանի կացութեան` Վարժապետեան մտահոգութիւն յայտնեց ժողովուրդին մէջ խորացած պառակտումներուն մասին: Ան ընդգծեց, որ միասնականութիւնը միատեսակ մտածողութիւն չի նշանակեր: Ժողովրդավար հասարակութեան մէջ բնական է տարբեր կարծիքներու գոյութիւնը: Սակայն տարակարծութիւնները պէտք չէ խոչընդոտեն ազգային հիմնական նպատակներուն շուրջ համախմբումը: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը պէտք է միասնական մնայ հայրենիքի ապագային, Հայ դատին եւ համազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան շուրջ` անկախ կուսակցական կամ յարանուանական պատկանելիութենէ:
Բանախօսը առանձնաբար անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին` զայն ներկայացնելով իբրեւ այն հիմնահարցերէն մէկը, որուն շուրջ հայութիւնը երկար տարիներ միասնական դիրքորոշում ունեցած է: Ան շեշտեց, որ այդ համազգային համաձայնութիւնը կասկածի տակ դնող որեւէ քայլ անհրաժեշտ կը դարձնէ ազգային միասնականութեան վերահաստատումը: Այս առումով, ան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը պատրաստ է ստանձնելու իրեն բաժին ինկող պատասխանատուութիւնը:
Վարժապետեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ գործող կուսակցական մարմիններուն եւ ընկերներուն, որոնք անմիջականօրէն կը կրեն ստեղծուած ծանր պայմաններուն հետեւանքները: Միաժամանակ ան ընդգծեց, որ սփիւռքը եւս ունի մեծ պատասխանատուութիւն: Սփիւռքահայութիւնը պէտք է ամուր մնայ իր ազգային հաւատքին, լեզուին, մշակոյթին եւ, մանաւանդ, Հայ դատի սկզբունքներուն մէջ:
Անդրադառնալով ամբողջական Հայաստանի գաղափարին` ան նշեց, որ այսօր շատեր զայն կրնան անիրագործելի երազ կամ ժամանակավրէպ ակնկալութիւն նկատել: Դաշնակցութեան համար, սակայն, ամբողջական Հայաստանի կերտումը պարզ ցանկութիւն մը չէ, այլ` գաղափարական էութիւն, երդում, պարտք եւ երկարաժամկէտ յանձնառութիւն:
Ան դիտել տուաւ, որ ազգային պայքարը փուլերով զարգացող երկարատեւ ընթացք մըն է: Հայ ժողովուրդը կրնայ որոշ ճակատամարտերու մէջ պարտութիւն կրել, բայց ատիկա չի նշանակեր ամբողջ պայքարին աւարտը: Հետեւաբար ժամանակաւոր ընկրկումները պէտք չէ վերածուին յուսահատութեան կամ ազգային նպատակներէ հրաժարումի:
Խօսելով նոր սերունդներուն մասին` Վարժապետեան ընդգծեց, որ անոնք պէտք է գիտակցին իրենց ժառանգած պատասխանատուութեան եւ չշեղին ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղիէն: Ան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը եղած է ու պիտի մնայ ամբողջական Հայաստանի կերտման համար պայքարող քաղաքական ուժ:
Վարժապետեան շեշտեց, որ աշխարհի որեւէ անկիւնը ապրող հայը` Ֆրանսայի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ, Արժանթինի, Ամերիկայի կամ Հայաստանի մէջ, պէտք է հաւատարիմ մնայ հայապահպանման եւ Հայ դատի պահանջատիրութեան սկզբունքներուն: Այդ ընդհանուր գաղափարական առանցքին սկիզբն ու վախճանական նպատակը ամբողջական Հայաստանի կերտումն է:
Իր կարգին, Վալանսի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Յակոբ Կոճիկեան ընդգծեց, որ համոզումներն ու գաղափարները իրենց իսկական արժէքը կը ստանան միայն այն ատեն, երբ կը վերածուին գործի: Ան այս առումով մատնանշեց Դաշնակցութեան գաղափարական արժէքներուն եւ աստուածաշնչական պատգամին միջեւ գոյութիւն ունեցող նմանութիւնը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Աւարտին ՀՅԴ Վալանսի ենթակոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Նուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի «Աղուիթա» մասնաճիւղին` ձեռնարկի կազմակերպման մէջ բերած իր համագործակցութեան համար:
Քանատա
Կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Վանքուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին, 14 նոյեմբերին, նշուեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 136-ամեակը:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Պատանեկան միութեան անդամներուն կողմէ Քանատայի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու հանդիսաւոր կատարումով:
Օրուան հանդիսավար` ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան անդամ Աննա Եղիայեան ողջունելէ ետք ներկաները, անգլերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խաչիկ Գոչեան:
Այնուհետեւ Վանքուվըրի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի ատենապետ Օհան Կիւրեղեան յղեց օրուան պատգամը: Ան ընդգծեց ՀՅԴ-ի 136-ամեայ ազգային առաքելութեան կարեւորութիւնը` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայ դատի հետապնդման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ: Կիւրեղեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքէն Վանքուվըր հաստատուած դաշնակցականներուն` 1968-ին տեղւոյն հայ գաղութի կազմակերպման ուղղութեամբ առած առաջին քայլերուն: Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց գաղութի միութիւններու ամրապնդման եւ նոր սերունդներուն ազգային արժէքներն ու գաղափարները փոխանցելու կարեւորութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Վանքուվըրի հայ գաղութի կազմաւորման եւ ՀՅԴ-ի տեղական կոմիտէութեան հիմնադրութեան պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզներ:
Թիթառ Քէօշկէրեան, Վահագն Պետրոսեան, Վահիկ Յակոբեան եւ Վահէ Անտոնեան իրենց ներկայացումներով ամբողջացուցին գաղութի եւ կոմիտէութեան պատմական պատկերը` լուսարձակի տակ առնելով անոնց կազմաւորման ու գործունէութեան կարեւոր փուլերը:
Աւարտին խօսք առաւ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Վարդան վրդ. Թաշճեան:
Պաշտօնական բաժնին յաջորդեց խրախճանքը, որ հայկական ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու ընկերակցութեամբ շարունակուեցաւ ջերմ ու ընկերական մթնոլորտի մէջ: Տօնակատարութեան առիթով ներկաները նաեւ իրենց նուիրատուութիւններով զօրակցութիւն յայտնեցին ՀՅԴ-ի ազգային եւ համայնքային գործունէութեան:
***
Քանատա
Արեւմտեան Քանատայի Հայ Դատը NDP Կուսակցութեան Ղեկավարութեան Հետ Քննարկեց Արցախի Հարցը
Վերջերս Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան-Չափանեան Վանքուվըրի մէջ մասնակցեցան դաշնակցային երեսփոխան Տոն Տէյվիսի քաղաքական գործունէութեան 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած հաւաքին:
Ձեռնարկի ընթացքին անոնք տեսակցութիւն ունեցան Քանատայի Նոր Ժողովրդավարական կուսակցութեան (NDP) նորընտիր ղեկավար Աւի Լուիսին եւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին անունով շնորհաւորեցին զայն իր ընտրութեան առիթով:
Անոնք նաեւ զրուցեցին երեսփոխաններ Տոն Տէյվիսի, Ատրիան Տիքսի եւ դաշնակցային ու նահանգային այլ ներկայացուցիչներու հետ` շնորհաւորելով վերընտրուած երեսփոխանները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով հայ համայնքին հանդէպ անոնց շարունակական զօրակցութեան համար:
Հայ դատի ներկայացուցիչները անգամ մը եւս բարձրացուցին Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման կասեցման հրատապ հարցերը:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Լոս Անճելըսի Մէջ Լիբանանի Գլխաւոր Հիւպատոսին
18 նոյեմբերին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներ Ծովիկ Զէյթլեանի եւ Յովիկ Պետեւեանի, ծանօթացման այցելութիւն տուաւ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Շարպել Նասսարի, վերջինիս նշանակման առիթով:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի պատմականօրէն դրական դերակատարութեան մասին` երկրի բոլոր բնագաւառներէն ներս, ապա արծարծուեցաւ Ամերիկայի մէջ ապրող ծագումով լիբանանցի հայերու կարգավիճակը, եւ երկուստեք շեշտուեցաւ, որ նախկին լիբանանցի հայեր (եթէ ցարդ չեն արձանագրուած) իրենց եւ ամերիկեան հողի վրայ ծնած իրենց զաւակներուն անունները պէտք է որ հիւպատոսարանի ճամբով արձանագրել տան Լիբանանի գրանցամատեանին մէջ, ի հարկին` կարելի փութկոտութեամբ օգնելու համար Լիբանանի մէջ ապրող հայութեան քաղաքա-համայնքային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ երկու երկիրներու միջեւ ընկերամշակութային գործակցութեան առաւել եւս սերտացման:
Աւարտին առաջնորդ սրբազանը Շարպել Նասսարին նուիրեց «Հայաստանի պարծանքը հիւսող մեր բանաստեղծները» գեղատիպ, նկարազարդ, արաբերէն մեծադիր հատորը, ուր թարգմանաբար տեղ գտած են վաղ ժամանակներէն սկսեալ մինչեւ 20-րդ դարու հայ բանաստեղծներու յայտնի գործեր:
Քուէյթ
Հանդիպում Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Հետ
14 նոյեմբերին Քուէյթի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Օշին վրդ. Չուալերթանեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի, որ Քուէյթ կը գտնուէր: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեաեանը:
Այս առաջին հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ փոխադարձ ծանօթացման եւ մտերմիկ զրոյցի: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Աստուածաշունչի կարեւորութեան, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդին` մեր եկեղեցական ու համայնքային կեանքին մէջ ունեցած կենսական ներկայութեան: Շեշտուեցաւ երիտասարդներուն հաւատքի մէջ կազմաւորելու, զանոնք Եկեղեցւոյ կեանքին մօտեցնելու եւ իրենց մասնակցութիւնը քաջալերելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումը առիթ ընծայեց մտքերու փոխանակման եւ ապագայ գործակցութեան հնարաւորութիւններու քննարկման:
Բրիտանիա
Տօնական Համերգ` Նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակին Եւ Հայ Մեծանուն Յօրինողներուն
15 նոյեմբերին Լոնտոնի պատմական Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տօնական համերգ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին, ինչպէս նաեւ հայ մեծանուն յօրինողներ` Ալեքսանդր Սպենդիարեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի եւ Ալեքսանդր Աճեմեանի յոբելեաններուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեան:
Սոյն համերգի նախաձեռնողը եւ գեղարուեստական ղեկավարն էր մայեսթրօ Սիփան Օլահը: Իր ղեկավարութեամբ բրիտանացի եւ բրիտանահայ մենակատարները, «Քլինկեն» կամերային նուագախումբը եւ «Քլինկեն» երգչախումբը ներկայացուցին հայկական երաժշտական արուեստի գլուխ գործոցներ:
Ծրագիրը կ՛ընդգրկէր Ա. Բաբաջանեանի դասական եւ ճազային դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ` անոր սիրուած երգերը, Ալ. Սպենդիարեանի երգերը, Խ. Աւետիսեանի սիրուած երգերն ու ռոմանսները:
Երեկոյի մենակատարներն էին` Հայարփի Եղիկեան (սոփրանօ), Թերեզա Գէորգեան (սոփրանօ), Նարինէ Մալխասեան (սոփրանօ), Հելեն Ռոտչել (մեցօ-սոփրանօ), Պոլինա Շարաֆեան (ջութակ), Մարիա Պալազեան (դաշնամուր), Ճես Մալոուն (շեփոր), Սամուէլ Դաւթեան (շեփոր) եւ Սիփան Օլահ (թենոր):


