Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ անդրադարձաւ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ երկրի ընդհանուր կացութեան:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտով թեւակոխուելիք փուլին վերաբերեալ հաղորդակցութիւններուն եւ խորհրդակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուալցի Պէյրութ այցելութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի տարեվերջին հեռացումէն ետք որեւէ բացի ստեղծումէն խուսափելու նպատակով նոր դասաւորումներու մշակման նպատակով Նիւ Եորքի մէջ ընթացող քննարկումներուն:
Նախագահն ու վարչապետը քննարկեցին տօնական օրերու ընթացքին ապահովական քայլերու կարեւորութեան եւ յառաջիկայ ժամանակաշրջանին զինուորական ու ապահովական ուժերու կողմէ անվտանգ ու կայուն միջավայր ապահովող քայլերու խիստ կիրարկման անհրաժեշտութեան: Քայլեր, որոնց գործադրումը պիտի սկսի յաջորդ շաբաթ:
Սալամ հանրապետութեան նախագահը տեղեակ պահեց Պէյրութի օդակայանին մէջ թռիչքներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ օդանաւերու երթեւեկը խանգարելու կարող թռչուններու երեւոյթը դադրեցնելու համար որդեգրուած քայլերուն մասին:
Անոնք անդրադարձան սննդական անվտանգութեան պահպանման վերաբերող քայլերուն` մեկնելով այն իրողութենէն, որ սննդեղէնի կայուն անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը տօնական օրերուն Լիբանան եկող քաղաքացիներուն եւ ճամբորդներուն վստահութիւնը կ՛ամրապնդեն:


