Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էմ. Էլ. Էս.» Ինթեր Մայեմի Պարտուեցաւ, Բայց Մեսսի Փրկուեցաւ…

November 25, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին «Էմ. Էլ. Էս.»-ի փլէյ-օֆի մրցումները սկսան անակնկալով: Անցեալ տարուան ախոյեան Ինթեր Մայեմի 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Քոլոմպուս Քրուէն, Ֆլորիտայի մէջ:

Մայեմիի «Նիւ Սթատիում»-ին մէջ 26 հազար համակիրներ անակնկալի մատնուեցան, երբ Լիոնել Մեսսի եւ ընկերներ 9-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացան` շնորհիւ չիլիցի Կոնզալօ Թափիայի փենալթիին:

Ինթեր Մայեմիի յետսապահներէն արժանթինցի Կոնզալօ Լուխան 13-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստացաւ, ապա 36-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը, եւ հեռացաւ դաշտէն:

Կիսախաղի յաւելեալ վայրկեաններուն, Մեսսի ոչ մարզավայել դրուագով մը փրկուեցաւ կարմիր քարտէ մը: Արդարեւ, գնդակը դուրս եկած էր, եւ Մեսսի կը պատրաստուէր աութ մը նետել: Թափիա փորձեց ուշացնել Մեսսին, որ կը փորձէր գնդակը արագ նետել դաշտը: Մեսսի չկրցաւ զսպել ինքզինք եւ գնդակը նետեց անոր դէմքին: Թափիա բնականաբար գետին ինկաւ, եւ իրաւարարը միայն դեղին քարտ բարձրացուց Մեսսիին դէմ, մինչ նոյն պահուն Թափիա դեղին քարտ ստացաւ դերասանութեան պատճառով: Ինթեր Մայեմիի միջնապահ Եանիք Պրայթ (Իտալիա) իր կարգին դեղին քարտ ստացաւ, երբ իրարանցում սկսած էր:

Բ. կիսախաղին Ինթեր Մայեմի մասնաւոր առիթ չունեցաւ, մինչ Քոլոմպուս Քրու երկու կոլ եւս նշանակեց շնորհիւ Թահա Հապրունի եւ Թափիայի, որ տուպլէ մը ձեռք ձգեց:

Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ գիշեր Քոլոմպուսի մէջ, եւ յաղթանակի պարագային Քոլոմպուս կը հասնի քառորդ աւարտական:

Արեւելեան շրջանին դիրքը գրաւած Նաշվիլ Բ. դիրքը գրաւող Ինթեր Մայեմիի նման անակնկալ պարտութիւն մը կրեց 9-րդ դիրքը գրաւած Սինսինաթիէն` 1-0 արդիւնքով:

Արեւմտեան շրջանի լաւագոյն խումբը` Վանքուվըր Ուայթքեփս 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիլ Սոլթ Լէյքը:

Քոլոմպիացի Էտիեր Օքամփօ եւ էքուատորցի Պրունօ Քայսետօ նշանակեցին Վանքուվըրի 2 կոլերը: Գերմանացի Թոմաս Միւլըր, որ վերջերս վերադարձած էր ապաքինելէ ետք, դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին, Վանքուվըրի հետ:

Շիքակօ Ֆայըր 1-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Չարլոթէն: Չարլոթի մարզիկ իսրայէլացի Լիել Ապատա բացաւ մրցումին հաշիւը: Ռոպերթ Լեվանտովսքի 69-րդ վայրկեանին նշանակեց Շիքակոյի հաւասարութեան կոլը, բայց սպանացի Փեփ Պիել 102-րդ վայրկեանին նշանակեց 2-1-ի կոլը` ի նպաստ Չարլոթի:

 

 

Նախորդը

«Ֆորմիւլա 1». Վեկասի Ծայր Աստիճան Հետաքրքրական Կրան Փրին…

RelatedPosts

«Ֆորմիւլա 1».  Վեկասի Ծայր Աստիճան Հետաքրքրական Կրան Փրին…
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վեկասի Ծայր Աստիճան Հետաքրքրական Կրան Փրին…

November 25, 2026
Սիմէոնէի Յատուկ Մրցանիշը
Մարզական

Սիմէոնէի Յատուկ Մրցանիշը

November 25, 2026
Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։