Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիութիւն, Հոգեխոց Եւ Սփիւռք. Հայաստանի Առաջարկած Բնակութեան Պահանջը` Համեմատական Հայեցակէտով

November 25, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ՊԱԼԵԱՆ

Ուշացած կարգապահութի՞ւն

2026 սեպտեմբերի սկիզբը Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը հանրային քննարկման ներկայացուց օրէնսդրական ծրագիր մը, որ հիմնովին պիտի փոխէ արտասահմանաբնակ ազգութեամբ հայերուն դիւրացուած քաղաքացիութիւն տրամադրելու սահմանադրական հաստատումը: Առաջին անգամ ըլլալով` պետութիւնը կ’առաջարկէ, որ սփիւռքահայերը նախքան քաղաքացի դառնալը` բնակութիւն հաստատեն Հայաստան: Հեղինակները այս փոփոխութիւնը կը ներկայացնեն իբրեւ ուշացած կարգապահական քայլ:

Սակայն, սփիւռքահայերուն քաղաքացիութիւն շնորհող այլ պետութիւններու փորձառութեան լոյսին տակ դիտուած, այս բարեփոխումը սովորական կարգապահական քայլ մը չէ: Անիկա վերստին օրակարգի վրայ կը բերէ հարցում մը, որուն ստիպուած են պատասխանել փոքրաթիւ պետութիւններ միայն` Իսրայէլ, Ռուանտա, Պոսնիա-Հերցեկովինա, եւ ինք` Հայաստան. ի՞նչ պարտականութիւն ունի պետութիւնը այնպիսի սփիւռքի մը հանդէպ, որ գոյութիւն ունի ցեղասպանութեան կամ աղէտալի այլ հոգեխոցերու իբրեւ հետեւանք:

Ի՞նչ կը փոխէ օրէնքի նախագիծը

Հայաստանի քաղաքացիութեան գործող օրէնքով (1995) օտարերկրացիներուն մեծ մասը պէտք է վերջին երեք տարին մնայուն կերպով բնակած ըլլայ Հայաստան, ցուցաբերէ հայոց լեզուի իմացութիւն եւ սահմանադրութեան ծանօթ ըլլայ: Ազգութեամբ հայերը ամբողջութեամբ զերծ կացուցուած են բնակութեան եւ լեզուի պահանջներէն` կարենալով քաղաքացիութիւն ստանալ արտասահմանէն դիմում ներկայացնելով եւ երբեք ոտք չկոխելով երկիր, նախքան հայկական դեսպանատան միջոցով անձնագիր ստանալը:

Ներքին գործոց նախարարութեան նախագիծը պիտի դադրեցնէ այդ ազատումը: Ազգութեամբ հայերը նախքան քաղաքացիութիւն ստանալը պիտի ունենան երկու տարուան օրինական բնակութիւն, ներառեալ` 366 օրուան ֆիզիքական ներկայութիւն. իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի ծնողքի կամ զաւկի միջոցով դիմողները պիտի ունենան երեք տարուան բնակութիւն, ներառեալ` 549 օր երկրի մէջ: Քաղաքացիութիւն ստանալու պետական տուրքը պիտի հնգապատկուի` հասնելով 250.000 դրամի (շուրջ 687 տոլար), իսկ քաղաքացիութենէ հրաժարելու տուրքը պիտի տասնապատկուի: Նախագիծը նաեւ կը ստեղծէ յատուկ յանձնախումբ մը, որ իրաւասու պիտի ըլլայ գնահատելու, թէ արդեօք դիմորդը ներկայացուցա՞ծ է իր հայկական ծագման վերաբերեալ բաւարար ապացոյցներ:

Կառավարութեան նշած հիմնաւորումը կը հիմնուի ծաւալին վրայ. 2021-էն 2026-ի ընթացքին 110.219 անձ ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն, եւ պաշտօնեաները կը նշեն, որ էական մաս մը ունէր «անբաւարար իրական կապեր», ներառեալ` անոնք, որոնք երբեք ոտք չեն դրած երկիր: Ներքին գործոց նախարար Սարգսեանը բարեփոխումը հիմնաւորած է սահմանադրութեան 47-րդ յօդուածին նոր մեկնաբանութեամբ` պնդելով, որ յօդուածը միշտ ալ ենթադրած է բնակութիւն հաստատել:

Համեմատական պատկերը I. ժառանգութեան-գաղթի սփիւռքներ

Ծագումով քաղաքացիութիւն շնորհող պետութիւններուն մեծ մասը կը կառավարէ ժառանգութեան-գաղթի սփիւռքներ, բնակիչներ, որոնք հեռացած են մեծաւ մասամբ իրենց ընտրութեամբ` տնտեսական կամ կրթական կարելիութիւններու համար: Ծագումով քաղաքացիութիւն տալու անոնց դրութիւնները կը ծառայեն իբրեւ փափուկ ուժի եւ դրամական փոխանցումները քաջալերելու միջոցներ, եւ ոչ թէ` իբրեւ պետական ձախողման դարմանում, եւ համապատասխանաբար կը վերաբերուին զանոնք ստեղծող պետութիւններու կողմէ:

Իտալիան ամէնէն նպատակայարմար նախադէպն է, որովհետեւ ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կտրուկ կերպով ժառանգութեան-սփիւռքի դրութիւնը կրնայ սահմանափակուիլ, երբ ծաւալը վերածուի վարչական ճգնաժամի: Մինչեւ 2025-ի մարտ իտալական jure sanguinis (արեան իրաւունքի) քաղաքացիութիւնը հասանելի էր առանց սերունդի սահմանափակման` 1861-էն ետք ապրած իտալացի քաղաքացիէ սերած ոեւէ անձի: 366/2025 Օրէնսդրական հրամանագիրը կտրուկ կերպով մտցուց երկու սերունդի սահմանափակում: Նշուած հիմնաւորումը (հիւպատոսարանները ծանրաբեռնուելէ պաշտպանելը) կը նմանի Հայաստանի հիմնաւորման: Նոյնն է նաեւ հետեւանքը. բարեփոխումը այժմ Իտալիոյ սահմանադրական դատարանին առջեւ է:

Իրլանտան աճը կը կառավարէ վարչարարական եւ ոչ թէ բնակութեան դարպասի միջոցով. քաղաքացիութիւնը ինքնաբերաբար կ՛անցնի Իրլանտայի քաղաքացիի զաւկին, սակայն թոռներու սերունդը պէտք է արձանագրուած ըլլայ Արտասահմանեան ծնունդներու գրանցամատեանին մէջ. թղթաբանական պահանջ մը, որ կը զտէ ծաւալը` առանց ֆիզիքական ներկայութիւն պահանջելու:

Հունգարիան դիւրացուած հպատակագրութիւն կը շնորհէ արտասահմանաբնակ ազգութեամբ հունգարացիներուն` առանց բնակութեան պահանջի, սակայն զայն կը պայմանաւորէ հունգարերէն լեզուի իմացութեամբ:

Յունաստանը աւելի էական ցուցադրուած կապ կը սպասէ իր միատարր համայնքներէն, ինչ որ յաճախ կը ներառէ բնակութիւն կամ փաստաթղթաւորուած համայնքային կապեր:

Լեհաստանի Karta Polaka-ն (Լեհի Քարտը) էական իրաւունքներ կու տայ առանց քաղաքացիութեան եւ առանց բնակութեան, սակայն հայրենադարձութեան միջոցով լիարժէք քաղաքացիութիւնը ընդհանրապէս տակաւին կը պահանջէ բնակութեան հաստատում:

Հնդկաստանը` իբրեւ խստագոյն ծայրայեղութիւն, երկքաղաքացիութիւն ընդհանրապէս չի թոյլատրեր. անոր «Հնդկաստանի արտասահմանեան քաղաքացի» կարգավիճակը ծաւալուն, բայց յստակօրէն ոչ քաղաքացիական վիզայի կարգ մըն է:

Այս խումբին մէջ մուտքի խստացումը (ինչպէս Իտալիան ըրաւ) լաւագոյնս կը հասկցուի իբրեւ սովորական կարգաւորիչ սրբագրութիւն: Սփիւռքի պահանջը հայրենիքէն զգացական եւ պատմական է, եւ ոչ թէ` վնասի դարմանման ուղղուած:

Համեմատական պատկերը II. Ցնցումներու իբրեւ հետեւանք ստեղծուած սփիւռքներ

Պետութիւններու երկրորդ, շատ աւելի փոքր խումբ մը կը կառավարէ սփիւռքներ, որոնք գոյութիւն ունին կազմակերպուած բռնի գործողութեան մը պատճառով: Այս պետութիւններուն համար ծագումով քաղաքացիութիւնը աւելի նուազ կը ծառայէ իբրեւ ժառանգութեան առաւելութիւն եւ աւելի շատ` իբրեւ չվճարուած պարտքի ճանաչում. ցրուած ժողովուրդը տուն ունի: Իսրայէլը, Ռուանտան, Պոսնիա-Հերցեկովինան եւ Հայաստանը կը գտնուին այս խմբաւորումի մէջ. իսկ անոնց միջեւ պատմական օրինաչափութիւնը կը հակասէ Իտալիոյ ուղղութեան:

Իսրայէլի «Վերադարձի օրէնքը» երբեք բնակութեան նախապայման չէ ունեցած: Ոեւէ հրեայ քաղաքացիութիւն կը ստանայ ինքնաբերաբար` ժամանման եւ հաստատուելու յայտարարուած մտադրութեան պահուն` առանց սպասման շրջանի, առանց նախապէս բնակութեան, առանց քանակային սահմանափակման: Ժամանումէն ետք սպասման շրջանի բացակայութիւնը երկրի ներսը կը նկատուի անբաժանելի օրէնքի ծագումէն` Ողջակիզումէն եւ դարաւոր հալածանքներէն: Օրէնքին յառաջացուցած վէճերը վերաբերած են անոր, թէ ո՛վ կ՛որակուի իբրեւ հրեայ, եւ` երբեք անոր, թէ արդեօք բնակութիւնը պէ՞տք է ըլլայ իրաւունքի նախապայման:

Ռուանտան կը ներկայացնէ ցեղասպանութենէ ետք պետութեան ամէնէն յստակ օրինակը, որ կը հակի Հայաստանի առաջարկին` հակառակ ուղղութեամբ: 1994-ի ցեղասպանութեան աւարտը յառաջացուց տասնամեակներ շարունակ փախստական եղած թութսի աքսորեալներու զանգուածային վերադարձ: Նոր կառավարութեան քաղաքացիութեան եւ հողային քաղաքականութիւնը կառուցուեցաւ այդ աքսորը բեկանելու համար. սփիւռքը կը ներկայացուէր իբրեւ ազգին հանդէպ քաղաքացիական պարտք ունեցող եւ ոչ թէ արտօնութիւն ստացող: Ռուանտայի 2008-ի Հպատակագրութեան մասին օրէնքը աւելի առաջ գնաց երկքաղաքացիութիւնը դիւրացնելու եւ անքաղաքացիութեան հարցը լուծելու ուղղութեամբ: Հոն, ուր Հայաստանի նախագիծը կը սահմանափակէ եւ կ՛աւելցնէ ստուգման յանձնաժողով մը, Ռուանտայի ցեղասպանութենէ ետք ընթացքը ընդլայնեցաւ եւ պարզեցուեցաւ:

Պոսնիա-Հերցեկովինան կը տրամադրէ Հայաստանի ներկայ երկընտրանքին ամէնէն ուղղակի կառուցուածքային զուգահեռը, որովհետեւ միջազգային եւ տեղական դերակատարները դիմադրեցին ճիշդ այն սահմանափակման, որ Հայաստանը այժմ կ’առաջարկէ` պատերազմի եւ ցեղասպանութեան պատմութեան մէջ արմատացած պատճառներով: Պոսնիոյ յետպատերազմեան շրջանակը թոյլատրեց երկքաղաքացիութիւնը, սակայն զայն պայմանաւորեց երկկողմանի համաձայնագիրներով այն պետութիւններուն հետ, ուր քաղաքացիները կը բնակէին: Բարձր ներկայացուցիչի գրասենեակը պոսնիական իշխանութիւնները մղեց աւելի ազատական մօտեցման, որովհետեւ, ինչպէս Բարձր ներկայացուցիչ Քրիսթիան Շվարց-Շիլինկ նշեց, «պատերազմը յանգեցուցած է տարածուն սփիւռքի»: Կարճ ըսուած` զանգուածային տեղահանութիւն յառաջացուցած պատերազմը եւ ցեղասպանութիւնը պարտաւորեցուցին պետութեան աւելի հասանելի դարձնել քաղաքացիութիւնը, եւ ոչ թէ նուազ. սահմանափակող դրութիւն մը վարչականօրէն պիտի ամբողջացնէր այն, ինչ որ պատերազմը ըրած էր ժողովրդագրականօրէն:

Պոսնիոյ օրինակը կը մտցնէ նաեւ երկրորդ առանցք մը. «ոչ էթնիկ» քաղաքացիութեան շրջանակի միջազգային յստակ նախապատուութիւնը, որ ուղղակի հակասութեան մէջ է ազգային ծագումը ստուգող յանձնախումբ ստեղծելու Հայաստանի առաջարկին հետ: Պոսնիոյ յետպատերազմեան ղեկավարները ազգային վերահսկողութիւնը կը նկատէին պատերազմի յառաջացուցած խնդիրին մէկ մասը, եւ ոչ թէ` օրինական գործիք: Հայաստանի համաթեքսթը տարբեր է. անոր դրոյթը սահմանադրական յանձնառութիւն մըն է ցեղասպանութեամբ ցրուած մէկ ազգային համայնքի հանդէպ, եւ ոչ թէ` մրցակից պահանջներու միջեւ հաշտութեան համաձայնագիր: Այնուամենայնիւ, պետութիւնը կրնայ քաղաքացիութեան օրէնքի ձեւաւորման միջոցով վերարտադրել ցեղասպանութեան ցնցումի յառաջացուցած բացառումները:

Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը կարեւոր Է Հայաստանի բարեփոխումը հասկնալու համար

Ժառանգութեան-գաղթի խումբը եւ հոգեխոցի-ցնցումի ծագումով խումբը տարբեր հարցումներու կը պատասխանեն: Իտալիան, Իրլանտան, Հունգարիան, Յունաստանը, Լեհաստանը եւ Հնդկաստանը կը կառավարեն այն հարցը, թէ որքանո՞վ նախնիներու իրաւունքը պէտք է տարածուի նախքան վարչականօրէն անկառավարելի դառնալը: Իսրայէլը, Ռուանտան, Պոսնիան եւ Հայաստանը կը կառավարեն տարբեր հարցում մը. ի՞նչ պարտականութիւն ունի պետութիւնը ցեղասպանութեամբ ցրուած բնակչութեան հանդէպ: Իտալիոյ պատասխանը Հայաստանի հարցումին կիրարկելը կարգային սխալ է (category error), եւ օրէնքի նախագիծի քանի մը յատկանիշներ այդ սխալը կը դարձնեն իրական, եւ ոչ թէ` տեսական:

Ստուգման յանձնախումբը կը թիրախաւորէ այն բնակչութիւնը, որ ամէնէն նուազ կարողութիւնը ունի զայն բաւարարելու: 1915-ի Ցեղասպանութիւնը ոչնչացուց օսմանեան Հայաստանի քաղաքացիական, եկեղեցական եւ հողային արձանագրութիւնները, որոնք սովորաբար պիտի հաստատէին ծագման պահանջները: Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Արժանթինի եւ Ֆրանսայի սփիւռքահայ համայնքները յաճախ ծագումը կը վերականգնեն համայնքային պատկանելիութեան եւ մկրտութեան վկայականներու միջոցով: Չնչին խարդախութեան խնդիր մը (2025-ին` քսանվեց դէպք) բռնելու համար ստեղծուած յանձնախումբը կը սպառնայ վերածուիլ ապացուցողական արգելքի մը, որ ամէնէն ծանրը պիտի ազդէ ամէնէն հին, ամէնէն շատ տեղահանուած համայնքներուն վրայ: Ասիկա գրեթէ հակառակն է անոր, որուն պէտք է ձգտի Ցեղասպանութեան հետեւանքները դարմանող դրոյթը:

Բնակութիւնը իբրեւ պատկանելիութեան ապացոյց ենթադրելը կը պահանջէ տեղաշարժման ազատութիւն, որ ինքնին ցնցումը արգիլած է: Ֆիզիքական ներկայութեան պահանջը Հայաստանէն բացակայութիւնը կը նկատէ իբրեւ տկար կապուածութեան ցուցանիշ: Կամաւոր տնտեսական գաղթի սփիւռքի համար այդ ցուցանիշը պաշտպանելի է: Ցեղասպանութեան սփիւռքի համար անիկա կը սպառնայ շրջանաձեւութեան վերածուիլ. արեւմտահայ համայնքները գոյութիւն ունին Պէյրութ, Հալէպ, Մարսէյ եւ Պուէնոս Այրէս, եւ ոչ թէ` Վան կամ Էրզրում, որովհետեւ վերադարձը անկարելի դարձած էր ճիշդ նոյն պատահարով, որ ստեղծեց սփիւռքը, եւ անոր յաջորդած աղէտներով: Այս համայնքները արմատ նետած են աքսորի մէջ` Հայաստանի մէջ բնակութիւնը դարձնելով ամէնէն դժուարը: 366-օրեայ ֆիզիքական ներկայութեան փորձաքարը կը սպառնայ վարչականօրէն վերահաստատել այն հեռաւորութիւնը, որ Ցեղասպանութիւնը սկիզբը պարտադրեց բռնութեամբ:

Ժամանակը աւելի կը բարդացնէ խնդիրը: Ռուանտայի եւ Պոսնիոյ ընթացքը պահպանուեցաւ կառավարութիւններու կողմէ, որոնք կը վերանորոգէին այն, ինչ որ քայքայուեր էր հիմնադրման շրջանի բռնութեան պատճառով: Հայաստանի բարեփոխումը տեղի է ունենում հակառակ պահուն: Հայաստանի բարեփոխումը տեղի կ՛ունենայ հակառակ պահուն. 2020-ի պատերազմէն եւ 2023-ի Արցախի ցեղային զտումէն ետք, յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մը միջեւ, որ սփիւռքը արդէն զգուշութեամբ կը նկատէ իբրեւ նահանջ պատմական պահանջներէն: Սփիւռքի քաղաքացիութիւն ստանալու անվերապահ հասանելիութիւնը նեղցնող օրէնքը դժուար թէ այս պահուն դիտարկուի որպէս չէզոք խարդախութեան վերահսկողութիւն. անիկա պիտի նկատուի իբրեւ յաւելեալ ապացոյց, որ 2020-էն ետք տարածքային ազգ-պետութիւնն է, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը այժմ կը նկատէ «իրական» Հայաստանի մաս:

Մէջբերուած ապացոյցները կրնան սխալ բան չափել. 2021-էն 2026-ի միջեւ քաղաքացիութեան 110.219 ստացումները կը համընկնին Հայաստանի ամէնէն սուր անվտանգային ցնցումներուն հետ` 2020-ի պատերազմը եւ 2023-ի Արցախիի ցեղային զտումը: Սփիւռքահայերը, քաղաքացիութիւն ստանալով այն ատեն, երբ հայրենիքը ամէնէն շատը վտանգուած կը թուէր, ըստ էութեան կ՛ապահովեն սփիւռքի նախատեսուած դերը, եւ ոչ թէ կը չարաշահեն օրէնքի անցքը: Այս պահուն սփիւռքի անպայմանական քաղաքացիութեան մուտքը սահմանափակող օրէնքը հաւանական չէ, որ նկատուի իբրեւ չէզոք խարդախութեան վերահսկողութիւն. անիկա պիտի նկատուի իբրեւ յաւելեալ ապացոյց, որ 2020-էն ետք տարածքային ազգ-պետութիւնը, եւ ոչ թէ` Ցեղասպանութեան յառաջացուցած անդրազգային ամբողջութիւնը, այն է, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը այժմ կը նկատէ «իրական» Հայաստանի մաս:

Եզրակացութիւն

Հայաստանի առաջարկած բնակութեան պահանջը իրաւականօրէն ձեւաւորուած է ժառանգութեան-սփիւռքի տրամաբանութեամբ (Իտալիոյ վարչական կարողութեան ճգնաժամով), սակայն կը կիրարկուի հոգեխոցի ծնունդ սփիւռքի ժողովուրդի վրայ, որուն ամէնէն մօտ համեմատելիները` Իսրայէլը, Ռուանտան եւ Պոսնիան, իւրաքանչիւրը գրեթէ անպայմանական մուտքը նկատած է իր ժողովուրդը չպաշտպանելու իբրեւ հետեւանք յառաջացած պարտաւորութիւն: Պոսնիոյ յետպատերազմեան փորձառութիւնը ամէնէն սուր նախազգուշացումն է. անոր վերահսկիչները տասնամեակ մը անցուցին դիմադրելով ճիշդ այն սահմանափակող դարձին, որ Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը այժմ կ’առաջարկէ, որովհետեւ ցնցումէ յառաջացած սփիւռքը չի կրնար ըլլալ սովորական վարչական կարգ մը: Թէ արդեօք Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը նոյն ձեւով պիտի դատէ՞ (եւ թէ արդեօք սփիւռքը պիտի ընդունի՞ սահմանափակուած 47-րդ յօդուածը), հաւանաբար այս պիտի որոշէ, թէ արդեօք այս բարեփոխումը պիտի յիշուի՞ իբրեւ խոհեմ կարգաւորում, թէ՞ իբրեւ երկրորդ, վարչարարական աքսոր մը պիտի ըլլայ` առաջինին վրայ աւելցուած:

Պետութիւն մը, որ իսկապէս կը փորձէ քաղաքացիութեան ստացումը զտել անկեղծութեան եւ ոչ թէ մօտիկութեան համար, ունի աւելի սահմանափակ եւ աւելի պաշտպանելի գործիք մը. ընտրական իրաւունքը (քուէարկութիւնը) եւ ոչ թէ ինքնին քաղաքացիութիւնը կապել երկարատեւ ներդրման հետ: Արտասահմանէն վճարելի, եկամուտին համապատասխանեցուած չափաւոր քաղաքացիական ներդրում մը, երիտասարդ դիմորդներու համար ծառայութեան կարճ եւ մեծաւ մասամբ քաղաքացիականին հաւասարազօր տարբերակի մը հետ մէկտեղ, Հայաստանին թոյլ պիտի տար տարբերակել ժամանակաւոր եւ յանձնառու սփիւռքահայերը` առանց անոնցմէ պահանջելու նախ յանձնառութիւնը ապացուցող արարքի մը (վերադարձի) միջոցով, որ Ցեղասպանութիւնը եւ անոր յետցնցումները Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի եւ այլուր ամէնէն դժուարը դարձուցին ճիշդ ամէնէն հին եւ ամէնէն արմատացած սփիւռքահայ համայնքներուն համար: 47-րդ յօդուածին տակ քաղաքացիութիւնը պիտի մնար այն, ինչ որ սփիւռքի երեք տասնամեակի ապաւինումը դարձուցած է զայն. միայն համազգային քուէարկութիւնը, որ բնակիչ բնակչութեան համար չի բերեր հետեւանքներ, զորս սփիւռքը չի կիսեր, պիտի կրէր փոխադարձութեան պայման: Սակայն այս բոլորը բարդ միջոցառումներ են, որոնք արժանի են առանձին քննութեան:

16 սեպտեմբեր 2026

 

Նախորդը

Գրիգոր Պետրոս ԺԱ. Աղաճանեան Պատրիարքի Եւ Արշակ Չօպանեանի Ջանքերը Սանճագի Փրկութեան Համար

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։