Հայաստանի մարմնամարզութեան Բ. հաւաքականը իր յաջող ելոյթները կը շարունակէ Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ տեղի ունեցող «Վելվիթ Ռոտ» միջազգային մրցաշարքին:
Գրիշա Սարգսեան նուաճեց երկու ոսկի մետալ եւս, մինչ Մարատ Յովհաննիսեան պրոնզէ մետալ շահեցաւ:
Հայաստանի պատանեկան հաւաքականի ներկայացուցիչ Գրիշա Սարգսեան զուգափայտի եւ պտտաձողի վարժութիւններու ոսկի մետալակիր:
Սարգսեանի 3-րդ ոսկին էր երկու արծաթներու կողքին: Ան նախապէս նուաճած էր բազմամարտի (ոսկի), ինչպէս նաեւ ազատ վարժութիւններու եւ օղակներու արծաթ մետալները:
Մարատ Յովհաննիսեան երիտասարդներու հաւաքականին հետ պրոնզէ մետալ կրցաւ նուաճել պտտաձողի վարժութեան աւարտականին: Ան նախապէս արծաթ մետալ նուաճած էր ազատ վարժութեան մրցումին:
Աւելի առաջ, Ռոպերթ Գիւլումեան եւ Արման Ղուկասեան ոսկի մետալներ շահած էին բազմամարտի, նժոյգ թափի, օղակներու եւ ազատ վարժութիւններու մրցումներուն:
Երիտասարդներու օղակներու վարժութեան մրցումներուն, պրոնզէ մետալ նուաճած էր Ռոմիկ Մելքոնեան, իսկ աղջկանց (պարմանուհիներու) պրոնզէ մետալ նուաճած է Նարէ Աւագեան:
Այս ձեւով Հայաստան 13 մետալներ ձեռք ձգած է` 5 ոսկիէ, հինգ արծաթէ եւ 3 պրոնզէ:


