Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ

… Ի՞նչն է, որ այնքան կը մեծցնէ Քրիստափորը. ո՞ւր է անոր ժողովրդականութեան գաղտնիքը: Նա չունէր բնաւ այն փայլն ու շուքը, որ յատկանիշն է Հայոց աշխարհի մեծերուն: Չունէր պերճ, գրաւիչ լեզու, ինչպէս Խրիմեան, եւ չէր կատարեր անոր պէս քարոզչական խանդավառ թափօրներ: Չունէր հրապարակագրի կոչում, տաղանդ, ինչպէս Նալբանդեան եւ Արծրունի, եւ չէր խօսեր անոնց պէս հայ ժողովուրդին` թերթերու, հանդէսներու բարձր ամպիոններէն: Չէր գրեր բոցավառող ու լացնող վէպեր, ինչպէս Րաֆֆի, չէր օժտուած խօսնակ քնարով, ինչպէս Պատկանեան, չէր կախարդեր բազմութիւններ թատերական բեմէն, ինչպէս Պետրոս Ադամեան:

Լռիկ, անշուք, համեստ մտաւորական մը, որուն միակ արտաքին փայլը իր նուրբ, տանջուած, վեհօրէն գեղեցիկ, առաքելական դէմքի մէջ էր: Շատեր չէին իսկ տեսած զինքը: Ոչ ալ կարդացած իր սակաւաթիւ, փոքր ինչ դժուարամարս յօդուածները: Բայց մէկ բան գիտէին ամէնքը. նա կազմակերպութեան գլուխն էր եւ ինքը գերագոյն կազմակերպիչը:

Կազմակերպիչ ոգի… Այտեղ Քրիստափորեան հմայքի գաղտնիքը: Հազուագիւտ առաջնորդ մը, որ իր ընտիր իմացականութիւնը կը միացնէր եւ բարոյական խոշոր առաքինութիւններ` հաստատուն նկարագիր,  անյողդողդ կամք, անաղարտ մաքրութիւն եւ անկաշառ շիտակութիւն:

***

… Եւ ահա Ռոստոմը: Նա ինքն ալ

խոշոր «լրացուցիչ» մըն էր, ինքն ալ ոչ պակաս անհրաժեշտ երրորդութեան մէջ` թէ՛ իր նուրբ իմացականութեամբ եւ թէ՛ իր աւելի հանգիստ, հարթ ու հաւասարակշռուած խառնուածքով: Միայն գիտէր ինքզինքը ջնջել միւսներուն առջեւ,- եւ այդ կ՛ընէր սիրով, բնականօրէն, առանց ցոյցի ու կեղծ համեստութեան: Մեծամոլութեան արատը, որ իր հիւանդագին արտայայտութիւններով այնքան յատուկ է հայ մտաւորականին նաեւ հասարակ, խորթ, օտար էր մեր Երրորդութեան անդամներուն, – այն օտար էր մանաւանդ Ռոստոմին: Դժուար է գտնել մեր հին ու նոր, ռուսահայ ու թրքահայ բարձր մտաւորականութեան շարքերուն մէջ ուրիշ դէմք մը, որ լինելով ի բնէ այնքան լայնօրէն օժտուած, ունենալով խելքի, հիումըրի, արիութեան եւ անձնազոհութեան այնքան առատ պաշար, միեւնոյն ժամանակ այն աստիճան զերծ լինէր ինքնապաշտումի, փառասիրութեան, ունայնամտութեան հակումներէն, ինչպէս Ռոստոմ:

«Կատարե՛նք մեր պարտքը մեր թշուառ ժողովուրդի հանդէպ… Փա՞ռք, ծա՞փ, դափնինե՞ր,- ունայնութիւն ունայնութեանց»… Այդպէս կ՛ըսէր, մեզ անոր մշտազուարթ ու ժպտուն դէմքը, իւրաքանչիւր խօսքը եւ ժեսթը:

… Ժընեւում, 1892- էն ի վեր, խմբագիրն էր «Դրօշակ»-ի եւ ինքն իսկ գրաշար:

… Գրելու ձիրք չունէր, թէեւ լաւագոյնն էր եղածներուն մէջ: «Դրօշակ»-ի խմբագրապետն էր եւ ինք առաջինը կը խնդար իր տիտղոսին վրայ: Յօդուած մը գրել ճառ մը ըսել, բանախօսութիւն մը ընել –  ճշմարիտ տառապանք էր իրեն համար: Մեծ մասով ընկերներու գրել կու տար «Դրօշակ»-ի յօդուածները եւ ինքը սիրով կը շարէր: Մեր ամէնէն զարգացած ընկերներէն էր:

***

Ու ապա Սիմոն Զաւարեանը… Մաքրագոյնը մաքուրներէն, «Աշխարհիկ սուրբ», ինչպէս կ՛ըսէին ոմանք կատակով: Ջիղերու խուրձ մը,  որ մշտապէս կ՛ալեկոծուէր ու կը բոցավառուէր: Փոքրահասակ, վտիտ եւ ջղուտ, սիրուն: Անդոնեսեան գլուխ մը, նուրբ դէմքով, թուխ, վառվռուն աչքերով: Համակ եռանդ, կեանք եւ շարժում: Ըմբոստ, հպարտ, գերազանցապէս ուրույն, անկախ նկարագիր մը: Երրորդութեան մէջ ամէնէն գիտունն էր եւ թերեւս ամէնէն հարցասէրը: Երեքին մէջ ամէնէն աւելի թափառեր էր, շփուեր ժողովրդային զանգուածներուն հետ,- եւ գլուխը լեցուն էր այլազան գիտելիքներու, տեսութիւններու պաշարով:

… 1890 թուականէն կը դառնայ կուսակցութեան տիրական դէմքերէն մէկը: Լինելով հանդերձ ուժեղ, շեշտուած անհատականութիւն իր ինքնատիպ մտակազմով, խառնուածքով ու գիտական պաշարով, Զաւարեան եւս առաւել սիրուած եւ յարգուած էր իր բարոյական առաքինութիւններով:

… ՀՅ Դաշնակցութեան բարոյախօսն էր նաեւ դատախազը միանգամայն: Չկար մի հատիկ ընկերական ժողով, ուր նա չխարանէր բարոյական սայթաքումները եւ չհոլովէր յաւիտենական պատգամները ուղղամտութեան, ազնուութեան, գաղափարային կարգապահութեան: Հայկական շարժումը անոր աչքին գերազանցապէս կրթիչ ազդակ մըն էր եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը անոր համար միջոց մըն էր` ոչ միայն Հայկական դատը հետապնդելու, այլեւ հայ ազգը դաստիարակելու, անոր բարոյական մակարդակը բարձրացնելու:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Թրիփփ` Խաղաղութեան Ճանապա՞րհ, Թէ՞ Աշխարհաքաղաքական Նոր Մրցակցութիւն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.