Երկուշաբթի, 23 նոյեմբերին, Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը պիտի հրապարակէ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը: Այս մասին խորհրդարանին մէջ պետական պիւտճէի վերաբերեալ եզրափակիչ ելոյթի ընթացքին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ ուղերձով պիտի դիմէ ժողովուրդին:
«Այժմ կ՛առաջարկեմ, որ ընդդիմութիւնը ապահովէ անհրաժեշտ վեց ձայնը, որ երթանք նոր Սահմանադրութեան ընդունման հանրաքուէի», ըսաւ վարչապետը` դարձեալ վստահեցնելով, որ եթէ ժողովուրդը դէմ քուէարկէ նոր Սահմանադրութեան, մէկ շաբթուան ընթացքին հրաժարական պիտի տայ:
Իսկ եթէ ժողովուրդը կողմ քուէարկէ Սահմանադրութեան, յաջորդ ընտրութիւններուն` ըլլայ արտահերթ, թէ հերթական, Փաշինեան վստահեցուց, որ պիտի չառաջադրուի իբրեւ վարչապետի թեկնածու:


