Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Լիբանանի անկախութեան 83-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին յղելով շնորհաւորական ուղերձ մը յայտնեց. «Յանուն ամերիկացի ժողովուրդին, սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ լիբանանցի ժողովուրդը 22 նոյեմբերին Լիբանանի անկախութեան 83-ամեակը նշելնուդ առիթով:
«Լիբանանը կարելիութիւն ունի ձեր ղեկավարութեամբ նոր վերածնունդ սկսելու, եւ անիկա դէպի յաւելեալ գերիշխանութիւն եւ իր դրացիներուն հետ խաղաղութեան ուղիի վրայ է», շեշտեց Թրամփ:
«Ես բարձր կը գնահատեմ ձեր կառավարութեան կողմէ տրուած համարձակ որոշումները եւ ձեզի կոչ կ՛ուղղեմ օգտուելու այս կարելիութենէն: Ես անհամբեր կը սպասեմ մեր երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործընկերութեան շարունակութեան, որովհետեւ դուք կ՛աշխատիք ապագայ սերունդներու համար աւելի պայծառ ապագայ կերտելու ուղղութեամբ», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:


