Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Տանըլտ Թրամփը երկկողմ հանդիպման ընթացքին քննարկած են ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ ղեկավարի օգնական Եուրի Ուշաքովը:
«Քննարկած ենք եռակողմ վեհաժողովի նախապատրաստման հարցերը եւ մեր երկկողմ յարաբերութիւններու վերաբերող որոշ հարցեր: Բնականաբար, անմիջականօրէն շօշափած ենք նաեւ ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը», նշած է Ուշաքով:
Թրամփ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ բանակցութիւններուն ժամանակ յայտնած է. «Նախագահ Փութին այստեղ պիտի ժամանէ քիչ մը աւելի ուշ: Մենք պիտի ունենանք եռակողմ հանդիպում, ինչպէս որ զայն կը կոչեն: Ես անհամբեր կը սպասեմ այդ հանդիպումին: Մենք տակաւին նոր կարճ հանդիպում ունեցանք նախագահ Փութինի հետ` ատոր համար հիմք դնելու նպատակով, եւ կը կարծեմ, որ մեր մօտ հաւանաբար յաջող հանդիպում կայանայ»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Փութին-Թրամփ հանդիպումը դրական էր:
«Անիկա լաւ ընթացաւ: Հակառակ անոր որ երկարատեւ չէր, սակայն երկու նախագահները կրցան շարք մը կարեւոր հարցեր քննարկել», նշեց Փեսքով:
Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով իր կարգին նշեց, որ Փութին Թրամփի հետ իր հանդիպումէն ետք «լաւ տրամադրութեան մէջ էր»:


