1890-ի աշնան Թիֆլիսի մէջ մէկտեղուած հայ յեղափոխականները վստահաբար չէին կրնար պատկերացնել իսկ որ իրենց հիմնած «Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն»-ը օր մը պիտի դառնար հայոց բազմադարեան պատմութեան ապրող, անլռելի վկան:
Բայց հայ ժողովուրդին բաժին հանուած վերջին հարիւրամեակի պաղ ու տաք հողմերը եղան այնպիսի՛ն, որ ամբողջ ազգային պատմութիւն մը արմատական վերանայումի ենթարկուեցաւ… հայը ստրուկ էր, բայց փոխակերպուեցաւ աննահանջ պահանջատէրի. հայը մինչեւ մահ գնաց` բայց վերականգնեցաւ իբրեւ ազգային պետականութիւն. հողմացրիւ բեկորներ դարձաւ, բայց շարունակեց իր խիզախումը` յանուն ամբողջական հայրենիքի եւ ամբողջական հայութեան:
Եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դարձաւ մեր ժողովուրդի վերջին հարիւրամեակի պատմութեան մշտարթուն պահակը, որովհետեւ ազատատենչ ու գաղափարապաշտ անձնուրացներու անսակարկ զոհաբերութեան գինը վճարեց, որպէսզի «Հայրենիք կամ մահ» պատգամը խտացնող ազատագրական պայքարին համազգային աւանդը միշտ պահէ իր թելադրականութիւնը եւ խռովէ քունը հայութեան գալիք սերունդներուն:
Տարբեր տեղ կարելի չէ գտնել բացատրութիւնը Դաշնակցութեան օրուան վարակիչ խորհուրդին: Այլապէս կարելի չէ ըմբռնել, թէ կուսակցութեան մը «Օր»-ը ինչպէ՞ս կրնայ ամբողջ ազգի մը պատմութենէն եկող անկատար տենչերուն խռովքը արթնցնել հոգիներու մէջ` դառնալով յեղափոխական յանձնառութիւններ վերանորոգելու առիթը:
Պարզ է. Դաշնակցութեան օրուան առիթով ոչ միայն սոսկական կազմակերպութիւն մը, այլ նաեւ ամբողջ ժողովուրդ մը կը վերանայի իր կտրած ճանապարհին, դարձեալ կը հաղորդուի իր պատմութենէն եկող հաւաքական տենչերով, որպէսզի սերունդներու ճամբով իրեն կտակուած աւանդին հաւատարիմ մնայ եւ իր մասնակցութեան բաժինը բերէ «վարդահեղեղ» գալիքի կերտումին:
Այս իմաստով` Դաշնակցութեան օրը միայն անուանապէս կը պատկանի քաղաքական կազմակերպութեան` մը, որովհետեւ այդ առիթով համայն հայութիւնը կը կանգնի իր պատմութեան դիմաց, մանաւանդ` վերջին հարիւրամեակի իր անկումներուն եւ մարտնչումներուն դիմաց: Ինչ որ դարերու ընթացքին կուտակուած, աւանդ դարձած է հայ ազգային մտածողութեան մէջ` այսօր ներշնչման աղբիւր կը դառնայ հայութեան գալիքով տագնապող հոգիներուն համար: Ժամանակն ու պայմանները այսօր կը ստանան իրենց ամբողջական իմաստը, որովհետեւ հայ մարդու ազատ զարգացման, հայ հոգիի անկաշկանդ թռիչքին, հայ մտքի անարգել արդիւնաւորման, հայ եսի հաւաքական վերամկրտումին, Հայոց պատմութեան ընթացքին կայունացման եւ, վերջապէս, հայ ժողովուրդի ընդհանուր կեցութեան բարեշրջումին տեսլականները շունչ ու մարմին կը զգենուն եւ հաղորդութեան նման կը բաշխուին հայկականութեան ծարաւ շրթներուն: Հայրենի դաշտերուն, լեռներուն եւ ժայռերուն վրայ իրենց արիւնով հայկական հողը սրբացուցած մեր ֆետայիները այսօր կը խօսին իւրաքանչիւր հայու մտքին ու հոգիին` յեղափոխական իրենց ուխտին վերանորոգումը պահանջելով:
87-ամեայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ապրող վկան է Հայոց պատմութեան, որովհետեւ իր բարոյական ուժն ու գաղափարական ներշնչումը կ՛առնէ մեր ժողովուրդի բազմադարեան փորձառութեան անսխալ դասերէն: Կը բաւէ ընդհանուր ակնարկ մը նետել 1890-էն ասդին երկարող հայ իրականութեան վրայ, տեսնելու համար որ ինչպէ՛ս Հայկի ազատատենչութիւնն ու Ս. Մեսրոպի յայտնագործ միտքը, Վարդանանց հերոսացումն ու Խորենացիի հայկականութիւնը: Լուսաւորիչի հաւատքն ու Դաւիթի ծառացումը իրենց խոր արձագանգը կը գտնեն Դաշնակցականութեան մէջ: Այո՛, հայ յեղափոխականներու դաշնակցութեան համար ճամբայ ելած այս կազմակերպութիւնը փաստօրէն դարձաւ դաշնադրումը ա՛յն բոլոր արժէքներուն, որոնք դարերու ընթացքին բիւրեղացած էին մեր ժողովուրդի ներաշխարհին մէջ: Անհրաժեշտ էր փշրել արդի ժամանակներուն հայութեան բաժին հանած ստրկութեան ժանգը, որպէսզի Հայու պատմական տիպարը վերակերտուէր իր ամբողջական հմայքով: Վերջին հարիւրամեակի հայութեան ազատագրական շարժումը եղաւ անզսպելի պոռթկումը վերագտնուած հայկականութեան, իսկ Դաշնակցութիւնը` այդ արդար պոռթկումին անկաշառ վկան:
Մեծարանքի օր չէ այսօր: Որքա՜ն ալ ժողովրդական, այսուհանդերձ` սոսկ կուսակցութեան մը օրը չէ այսօր: Անպայման որ աւելի՛ն է: Հայոց պատմութիւնը վկայակոչելու եւ ազգային ուխտ մը վերանորոգելու օր է անկասկած: Եւ իբրեւ այդպիսին` թէ՛ Դաշնակցութիւնը եւ թէ՛ հայութիւնը այսօր կու գան հաշիւ տալու պատմութեան: Անոնց խաւարանիստ հանգրուանի մը մէջ անձնազոհութեան, խիզախումի եւ գաղափարապաշտութեան փառաւոր էջ մը իրենց սեփական արիւնով գրեցին: Եւ անոնց, որոնք բախտաւոր օր մը պիտի տիրանան հայ ժողովուրդի լուսաւոր գալիքին:
1977


