Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Պատերազմները աշխարհի ստեղծումին չափ հին են, եւ մարդիկ մինչեւ այսօր կը տանջուին անոնց պատճառով: Յաղթողները պարտուողներուն նման յուսախաբ կ՛ըլլան: Կը ներկայացնենք հատուածներ պատմաբան Մարկարեթ Մաքմիլանի Expeditions-ի մէջ հրապարակած յօդուածէն:
Ն.
«Տարածուած պատերազմը» կ՛ազդէ հասարակութեան ամբողջութեան վրայ: Այդ կը մղուի ոչ միայն երկու բանակներու, այլեւ երկու հասարակութիւններու միջեւ:
Անոնք, որոնք կը կռուէին, յայտնուեցան բոլորովին այլ պատերազմի առջեւ, քան կը սպասէին: 1914 թուականի Սուրբ Ծննդեան տօներուն անոնք յայտնուած էին անելի մէջ, որ տեւեց մինչեւ պատերազմի աւարտը` 1918: Պատերազմի աւարտէն ետք կար զգացումներու բարդ խառնուրդ` կորուստի եւ ցնցումի ապրում, զուգորդուած յեղափոխութիւններու հետ, եւ այն համոզումը, որ աւելի լաւ աշխարհ մը կը ստեղծուի:
«Շրջանային պատերազմ» եզրը իրականութեան մէջ չէր օգտագործուեր մինչեւ 20-րդ դարը, որուն պատերազմներուն լայնածաւալ ըլլալու եւ հասարակութեան մեծ մասը ներգրաւելու պատճառով` միլիոնաւոր կռուողներէն մինչեւ հասարակութեան միջոցները, մարդիկ զգացին, որ անոր համար նոր եզր պէտք է գտնել:
«Շրջանային պատերազմ» եզրին իմաստը կը գրաւէ հանրութիւնը: Այդ կը ներգրաւէ միջոցները, կիներու, գիտնականներու եւ արուեստագէտներու աշխատանքը: Այլ խօսքով, կ՛ազդէ հասարակութեան ամբողջականութեան վրայ: Այդ նաեւ ամբողջական է այն պատճառով, թէ ինչպէ՛ս կը մղուի, քանի որ այդ տեղի կ՛ունենայ ոչ միայն երկու բանակներու, այլեւ երկու հասարակութիւններու միջեւ:
Երբ դուք կը վարէք լիակատար պատերազմ, եւ այս ճիշդ էր Ա. Համաշխարհային պատերազմի պարագային, կը կռուիք ոչ միայն ցամաքին վրայ գտնուող բանակներու, ծովուն մէջ գտնուող նաւատորմերու կամ օդին մէջ ընթացող օդանաւերու, այլեւ` անոր ետին կանգնած ամբողջ գործուածքի դէմ:
Պատերազմի դաշտի եւ տան մէջ գտնուողներու միջեւ հին տարբերութիւնը կը վերանայ, եւ այդպիսով թոյլատրելի կը դառնայ յարձակիլ քաղաքացիական բնակչութեան վրայ:
Ա. Համաշխարհային պատերազմին արհեստագիտութիւնը տակաւին բաւարար զարգացած չէր, որպէսզի երկու կողմերն ալ այդ շատ արդիւնաւէտ օգտագործէին, բայց անոնք փորձեցին:
Գերմանացիները նաւատորմը օգտագործեցին բրիտանական նաւահանգիստները ռմբակոծելու համար: Անոնք նաեւ ռումբերով զինուած զեփլիններ ղրկեցին բրիտանական քաղաքներուն վնաս պատճառելու համար:
Բրիտանացիները, իրենց կարգին, Գերմանիոյ դէմ սահմանեցին ծովային շրջափակում, որ կտրեց պատերազմի մատակարարումները, բայց նաեւ կտրեց սննդամթերքը եւ վնասեց գերմանական բնակչութեան:
Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցած քանդումները
Համատարած պատերազմը համատարած է թէ՛ հասարակութիւններու իր ներգրաւումով, թէ՛ յարձակման թոյլատրելի նկատուող թիրախներու ընդարձակումով, թէ՛ իր նպատակներով:
Մէկ կողմի` «Տեսէք, մենք պարզապէս կը փորձենք միւս կողմը համոզել ընդունիլ, որ պարտուած է, եւ այդ ժամանակ մենք բանակցութիւններ կ՛ունենանք» ըսելու փոխարէն` համատարած պատերազմը կը վերածուի միւս կողմը ոչնչացնելու, ամբողջութեամբ ոչնչացնելու, ամբողջութեամբ պարտութեան մատնելու:
Մենք այդ աւելի շատ կը տեսնենք Բ. Համաշխարհային պատերազմին մէջ, երբ արհեստագիտութիւնը կարելիութիւն տուաւ հարուածել թշնամիի հայրենիքները այնպիսի եղանակներով, որոնք կարելի չէին Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին:
Ահա` Գերմանիոյ զանգուածային ռմբակոծումը բրիտանական եւ ամերիկեան ծովուժերու կողմէ, Ճափոնի ռմբակոծումը, Ճափոնի կողմէ չինական եւ ֆիլիփինեան քաղաքներու ռմբակոծումը, Գերմանիոյ կողմէ Վարշաւիոյ եւ Ռոթերտամի նման քաղաքներու եւ անշուշտ Լոնտոնի ռմբակոծումը:
Բ. Համաշխարհային պատերազմին թիրախներու շրջանակը զգալիօրէն ընդարձակուեցաւ, իսկ քանդումներու տարողութիւնն ու կործանարար ուժը անհամեմատօրէն մեծցան: Այդ աւարտեցաւ երկու սարսափազդու հիւլէական ռումբերու արձակումով Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի վրայ: Այս ռումբերը` առաջին եւ վերջին անգամ մինչեւ հիմա օգտագործուած, քաղաքները հողին հաւասարեցուցին եւ հազարաւոր մարդոց կեանքերը խլեցին:
Բ. Համաշխարհային պատերազմին մէջ կար նաեւ նպատակ` ոչնչացնել այն հասարակութիւնները, որոնց յաղթած էին: Դուք այդ կը տեսնէք նացիականներու պարագային` թէ ինչպէ՛ս անոնք փորձեցին Եւրոպայի բնակչութեան հսկայական մասը վերածել ստրուկներու, ըստ էութեան` աշխատելով կերակրել գերմանական ռազմական մեքենան եւ գերմանական հասարակութիւնը:
Ճափոնցիներն ալ նման բան ըրին: Դաշնակիցները, իրենց կարգին, կը ձգտէին ձեռք բերել անվերապահ անձնատուութիւն:
Այլ խօսքով, թշնամիերը, ինչպէս` Գերմանիան, Իտալիան, Ճափոնը եւ անոնց կարգ մը դաշնակիցները, ստիպուած էին ամբողջովին անձնատուր ըլլալ յաղթածներուն:
Սահմանափակ պատերազմներ
Մենք պէտք է յիշենք, թէ պարտադիր չէ, որ բոլոր պատերազմները ամբողջական ըլլան: Կրնան ըլլալ սահմանափակ պատերազմներ: Այս զանոնք պաշտպանելու համար չէ, այլ պատերազմի այլ տեսակ է, ուր պահու մը երկու կողմերն ալ պատրաստ են նստելու եւ խօսելու:
Սահմանափակ պատերազմները, ակներեւ պատճառներով, շատ աւելի աժան են, քան` ամբողջական պատերազմը:
Սահմանափակ պատերազմի մէջ, երբ հասարակութիւնները իրարու հետ չեն հաղորդակցիր, երբ այդ աւելի շատ քաղաքականութեան հարց է, գոնէ անոնք, որոնք պատասխանատու են, եթէ անոնք կը շարունակեն պատասխանատու մնալ, կրնան դադրեցնել այդ:
Պատերազմի վտանգն այն է, որ այդ կ՛արթնցնէ հասարակութիւններ եւ կիրքեր այնպէս, որ այդ շատ դժուար կը դարձնէ դադրեցումը:
Բայց եւ այնպէս, սահմանափակ պատերազմը, որքան ալ սարսափելի ըլլայ, առնուազն ունի աւարտելու առաւելութիւնը: Մեծ դժուարութիւններէն մէկը պատերազմը աւարտելու եղանակը գիտնալն է:
Պատերազմները բաւական դիւրին կը սկսին. պարզապէս կը յարձակիս մէկու մը վրայ, կը սկսիս կռուիլ, կը յայտնուիս պատերազմի նման իրավիճակի մէջ:
Բայց եւ այնպէս, պատերազմները ձեռք կը բերեն իրենց սեփական թափը, եւ անոնց աւարտը միշտ ալ խնդիր եղած է:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի հնարաւոր պատճառները
Եթէ կ՛ուզէք փորձել հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս սկսած է Ա. Համաշխարհային պատերազմը, կը կարծեմ, որ պատասխանը տարբեր մակարդակներու վրայ է:
Եթէ կ՛ուզէք նայիլ երկարատեւ պահուած պատճառներուն, կրնաք ըսել, որ Եւրոպայի մէջ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն 20 կամ 30 տարի առաջ լարուածութիւն եղած է երկիրներու միջեւ: Զարգացուցած են դաշինքները: Զարգացած է նաեւ մտածելակերպը. պատերազմը, թերեւս, լաւ բան է կամ բան մըն է, որ կարելի է կառավարել: Հետեւաբար կրնաք նայիլ պահուած պատճառներուն եւ ըսել. հնարաւոր էր, որ Եւրոպան պատերազմ սկսէր:
Կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ է նաեւ նկատի առնել Ա. Համաշխարհային պատերազմին յանգեցուցած իրական որոշումները:
1914 թուականէն առաջ քանի մը ճգնաժամեր եղած են, երբ խօսքը ընդհանուր պատերազմի մասին էր, եւ մարդիկ կը վախնային, որ այդ կրնայ տեղի ունենալ, բայց տեղի չէ ունեցած: Հիմքին մէջ գտնուող պատճառները բաւարար չեն պատերազմի բռնկման պատճառը բացատրելու համար:
Եթէ պատասխանատու պետութիւններն ու անհատները տարբեր ձեւով կառավարէին 1914 թուականի ճգնաժամը, պատերազմ կրնար տեղի չունենալ: Այդ ժամանակ Եւրոպայի մէջ բազմաթիւ մարդիկ այդպէս կը մտածէին:
Սարայեւոյի մէջ Աւստրիոյ դուքսին սպանութեան ժողովուրդին արձագանգը ուժգին էր: Զարմանալին այն է, որ այդ շատ ցաւալի էր: Այդ տխուր էր անոր եւ իր ընտանիքին համար, անոր կինը սպաննուած էր անոր հետ, բայց այդ պարզապէս ճգնաժամ մը եւս էր:
Սպանութիւնը տեղի ունեցած է 28 յունիս 1914 թուականին: Եւրոպան ընդհանուր պատերազմի մտաւ 1914 թուականի օգոստոսին:
Աւելի մօտենալով պատերազմին
Վստահ չեմ, որ միշտ պատմաբաններու դերն է մեղքը մէկու մը կամ կողմի մը վերագրելը, բայց եթէ կ՛ուզէք փորձել բացատրել այդ, կրնաք նայիլ հիմնական պատճառներուն, այն բաներուն, որոնք պատերազմը աւելի հաւանական դարձուցին: Բայց եւ այնպէս, կը կարծեմ, որ պէտք է նաեւ նայիլ, թէ ո՞վ, ի՛նչ որոշած է, ինչպէս օրինակ` դուքսին սպանութենէն ետք:
Այս վիճելի հարց է, որ բնաւ չի լուծուիր, բայց կարծեմ` կարելի է որոշակի բաներ առանձնացնել: Կարելի է ըսել, որ մասամբ այդ Աւստրօ-Հունգարիոյ մեղքն էր, որ սպանութիւնը որպէս առիթ եւ շատ լաւ պատրուակ ընդունեց Սերպիան ոչնչացնելու: Սերպիան այն երկիրն էր, որ բազմաթիւ խնդիրներ յառաջացուցած էր Աւստրօ-Հունգարիոյ համար, եւ Վիեննայի մէջ անոնք որոշեցին, որ ժամանակն է բան մը ընել` անոր կապուած:
Մայրաքաղաքին մէջ կարգ մը մարդոց կողմէ Սերպիոյ դէմ պատերազմ սկսելու որոշումը վճռական քայլ էր դէպի մեծ պատերազմ, քանի որ անոնք գիտէին, որ Ռուսիա կ՛աջակցի Սերպիոյ: Ռուսիա այդ յստակացուցած էր. Սերպիան իր փոքր ուղղափառ եղբայրն էր: Հետեւաբար Աւստրօ-Հունգարիան գիտէր, որ վտանգի կը դիմէ սկսելու պատերազմ մը, որ կը տարածուի Սերպիայէն այն կողմ` Ռուսիա, եւ գիտէր, որ եթէ Ռուսիա ներգրաւուի պատերազմին, Ֆրանսա, որ անոր դաշնակիցն էր, հաւանաբար նոյնպէս կը ներգրաւուի:
Երկրորդ կարեւոր բանը, որ տեղի ունեցաւ, եւ կրկին շատերը կը վիճէին այս մասին, այն էր, որ աւստրիացիները գացին Պերլին եւ ըսին իրենց դաշնակիցին. «Կ՛աջակցի՞ք մեզի, եթէ փորձենք ոչնչացնել Սերպիան»:
Գերմանական գերագոյն իշխանութիւնը, գիտակցելով Ռուսիոյ պատերազմի մէջ մտնելու վտանգը, պատերազմի ընդհանրացման վտանգը, այդուհանդերձ, ըսին. «Մենք կ՛աջակցինք ձեզի»: Անոնք տուին այն, որ հետագային անուանուեցաւ «բաց չեք»: Այսպիսով, 1914 թուականի յուլիսին այդ երկու քայլերը Եւրոպան շատ աւելի մօտեցուցին պատերազմին:
Անպատրաստ անսպասելիին համար
Սկիզբը, երբ սկսաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը, կռուողներն ու ղեկավարները կը մտածէին. «Է՜հ, մենք քանի մը ճակատամարտ կ՛ունենանք, եւ այդ ժամանակ ամէն բան կ՛որոշուի: Յետոյ կը նստինք եւ կը խօսինք խաղաղութեան մասին. հաւանաբար մինչեւ Սուրբ Ծնունդ տունը կ՛ըլլանք», ինչպէս կ՛ըսէին այդ ժամանակուան յայտնի արտայայտութեան մէջ:
Անոնք չէին գիտակցեր, որ երկու կողմերը այնքան հաւասարակշռուած էին, որ իրականութեան մէջ յաղթանակի հասնիլը շատ դժուար ըլլալու էր:
1914 թուականի Սուրբ Ծննդեան տօներուն անոնք արդէն տեղաւորուած էին այն դիրքերուն մէջ, որոնք, իրենց կարծիքով, ժամանակաւոր խրամատներ էին:
Անոնք չէին գիտեր, որ մատնուած էին անելի, որ պիտի տեւէր մինչեւ 1918 թուականի ամառը: Հետեւաբար անոնք յայտնուեցան բոլորովին այլ պատերազմի առջեւ, քան այն, որ կը սպասէին: Անոնք ստիպուած էին զօրաշարժի ենթարկել իրենց հասարակութիւնները այնպիսի ձեւերով, որոնք երբեք չէին պատկերացներ:
Պատերազմի սկիզբը զինուորականները եւ միւսները ենթադրած էին, որ ունին բաւարար ռազմական արհեստագիտութիւն, բաւարար արկեր, բաւարար զինամթերք` պատերազմելու համար: Իրականութեան մէջ, առաջին ամսուան ընթացքին անոնք պարզեցին, որ սպառած են իրենց ունեցած ամէն բաները, եւ ստիպուած էին յանկարծակի վերաբաշխել իրենց գործարանները` արտադրելու այնպիսի ապրանքներ, որոնք կը շարունակէին սպառիլ անընդհատ աճող թափով:
Բաւարար թիւով մարդոց գոյութիւնը շատ կարեւոր դարձաւ:
Բրիտանացիներն ու ֆրանսացիները կրցան դիմել իրենց առաջին կայսրութիւններուն: Գերմանացիները ունէին կայսրութիւն, բայց այդ նման չէր բրիտանացիներուն եւ ֆրանսացիներուն, ուրեմն Ա. Համաշխարհային պատերազմը արագ վերածուեցաւ համաշխարհային պատերազմի, քանի որ զինուորներ բրիտանական եւ ֆրանսական կայսրութիւններէն ժամանեցին Եւրոպա, նաեւ Մերձաւոր Արեւելք` կռուելու:
Կորուստի զգացում
Երբ պատերազմը աւարտեցաւ 1918 թուականին, Եւրոպայի մէջ կար կորուստի եւ ցնցումի զգացում, որ մենք մեզի բան մը ըրած ենք, որմէ երբեք չենք վերականգիր: Մենք միասին առած ենք այն, որ նախապէս բարգաւաճ ցամաքամաս էր, աշխարհի ամէնէն հզօր մասը,եւ սպառած ենք անոր հարստութիւնները:
Մենք սպաննած ենք անոր միլիոնաւոր մարդիկը:
Մենք այդ ձգած ենք նոր պետութիւններուն, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներուն, ձգած ենք պարտքի մէջ եւ գործ ունինք քաղաքներու հետ, ուր մարդիկ բաւարար սնունդ չեն ստանար, ուր` յեղափոխութիւններ կը բռնկին, ուր` 1918 թուականին բոլորովին պարզ չէ, որ պատերազմի աւարտը կը նշանակէ, թէ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ:
Բազմաթիւ կռիւներ շարունակուեցան մինչեւ 1920-ականներու կէսերը
Ինչպէս ըսած է Չրչիլ. «Հսկաներու պատերազմը աւարտեցաւ, կը սկսի թզուկներու պատերազմը»: Պատերազմներ պիտի ըլլային Եւրոպայի կեդրոնին մէջ, պալթեան երկիրներու եւ պալքաններու մէջ: Պատերազմներ պիտի ըլլային Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ: Կար յոռետեսութեան, մռայլութեան, վախի զգացում:
Յեղափոխութիւններու ժամանակաշրջան
Միաժամանակ կար նաեւ թեթեւութեան մեծ զգացում, որ վերջապէս ամէն բան աւարտեցաւ, եւ այն երկիրներուն մէջ, որոնք յաղթած էին, կար յաղթանակի զգացում: Այսպիսով, այդ զգացումներու ամբողջութիւն մըն էր:
Այս բոլորին կապուած էր այն զգացողութիւնը, որ այս բոլոր քանդումներէն եւ աղբէն անպայման աւելի լաւ աշխարհ մը պիտի ստեղծուի: Ոմանց համար այդ կը նշանակէր յեղափոխութիւն:
1917 թուականին Ռուսիոյ մէջ յեղափոխութիւն բռնկած էր, եւ կը թուէր, թէ պոլշեւիկները կը կառուցէին նոր եւ աւելի լաւ տեսակի հասարակութիւն, ուրեմն մարդիկ կը մտածէին. «Մենք պէտք է ամբողջութեամբ վերափոխենք հանրութիւնը»:
Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք եւ նոյնիսկ մինչեւ պատերազմի աւարտը, ամբողջ Եւրոպայի մէջ յեղափոխութեան եւ նման վերափոխումներու փորձեր կային: Անոնց շրջանակին մէջ, որոնք չէին ուզեր յեղափոխութիւն, կար նաեւ այն զգացողութիւնը, որ մենք պէտք է կառուցենք աւելի արդար հասարակութիւններ, բայց մենք նաեւ պէտք է հիմնենք նոր կառոյցներ, որոնք անկարելի կը դարձնէին աշխարհի համար նման պատերազմի կրկնութիւնը:


