Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի Անուան Փողոցի Պաշտօնական Բացում Եւ Հանդիսութիւն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

November 20, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2026-ին երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Էշրեֆիէի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին ՀԿՄ-ի «Արարատեան» վերանորոգ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան անուան փողոցին բացման արարողութիւնը` հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին: Այս ձեռնարկը ունեցաւ հոգեւոր, ազգային ու պատմական նշանակութիւն 1915-ի Ցեղասպանութեան ապրիլեան սուրբ նահատակին անունը ամրագրելով Լիբանանի մայրաքաղաքի սրտին մէջ: Յատկանշական է, որ այս մէկը իրականացաւ նախորդ տարուան 19 հոկտեմբերին Լեւոն ԺԴ. քահանայապետին կողմէ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասումէն շուրջ տարի մը ետք:

Ներկայ էին` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ներկայացուցիչ նախարար դոկտ. Քամալ Շահատէ, ինչպէս նաեւ պետական երեսփոխաններ, Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ, քաղաքապետը եւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ, մայրապետներ, հոգեւոր առաջնորդներու ներկայացուցիչներ, դեսպաններ, քաղաքական, պաշտօնական, դիւանագիտական, ընկերային եւ լրատուական դէմքեր, ինչպէս նաեւ` մեծ թիւով հայորդիներու եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

Անոր անունով փողոցի մը կոչումը կը կրէ խորիմաստ խորհրդանշական նշանակութիւն. անիկա սուրբի կեանքն ու վկայութիւնը կը դարձնէ կենդանի պատգամ մը սերունդներուն համար եւ կը վերահաստատէ Պէյրութի ու հայ համայնքին պատմական կապը` նկատի ունենալով, որ հայերը տասնամեակներ շարունակ կազմած են մայրաքաղաքին ազգային ու քաղաքակրթական բազմազան հասարակութեան անբաժանելի մասը եւ նպաստած են անոր զարգացումին բազմաթիւ բնագաւառներուն մէջ:

Հանդիսավար լրագրող Եարա Տըրղամ ներկայացուց յայտագիրն ու բանախօսները: Վարդան վրդ. Գազանճեանի եւ Էտի Թորիկեանի «Մալոյեան» երկու տաղերուն Միրէյ Քիւթիւքճեանի ու Ռիթա Գուրումլեանի ներդաշնակ զուգերգային կատարողութեամբ լսելի եղան հոգեւոր տաղեր, նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր արտացոլաց ձեռնարկին հոգեւոր, ազգային եւ մարդկային արժէքները:

Իր խօսքին մէջ Պէյրութի նահանգապետը` Մարուան Ապպուտ, ընդգծեց Լիբանանի եւ յատկապէս Պէյրութի մէջ հայ համայնքին պատմական ու ազգային դերակատարութիւնը` բարձր գնահատելով հայերու ներդրումը տնտեսական, մշակութային, հասարակական եւ քաղաքաշինական վերելքին մէջ:

Ան հաստատեց, որ հայկական ներկայութիւնը Պէյրութի ինքնութեան, պատմութեան եւ հաւաքական յիշողութեան անքակտելի մասն է, եւ շեշտեց, որ հայերը իրենց նուիրումով, աշխատանքով ու ստեղծագործ ոգիով նպաստած են Լիբանանի շինութեան եւ անոր քաղաքակիրթ դիմագիծին հարստացումին:

Ան նաեւ շնորհաւորեց  հոգեւոր տէրը այս պատմական առիթով` նշելով, թէ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի անուան փողոցի անուանումը յարգանքի տուրք մըն է հաւատքի, ազատութեան ու մարդկային արժանապատուութեան արժէքներուն, եւ անմար յիշատակումն է այն նահատակին, որ հալածանքին դէմ կանգնեցաւ արիութեամբ ու նախընտրեց մահը, քան` իր հաւատքէն ու սկզբունքներէն հրաժարիլը:

Նահանգապետը նոյնպէս նշեց, որ փողոցներու անունները միայն աշխարհագրական նշումներ չեն, այլ նաեւ քաղաքներու յիշողութեան եւ ինքնութեան մաս կը կազմեն, որոնք սերունդներուն կը փոխանցեն այն անձնաւորութիւններու կեանքն ու գործը, որոնք անջնջելի հետք ձգած են պատմութեան մէջ:

Հանդիսութեան ընթացքին երգչուհի Լայալ Նաամէ ներկայացուց հոգեւոր ու ազգային երգերու փունջ մը: Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին «Շուշի» պարախումբը, որ արտայայտիչ բեմադրութեամբ ներկայացուց Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի կեանքի կարեւոր փուլերը` ծնունդէն ու մանկութենէն մինչեւ անոր քահանայական եւ եպիսկոպոսական ծառայութիւնը, նահատակութիւնն ու սրբադասումը:

Ապա Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կարդաց իր հայրապետական պատգամը, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ կան փողոցներ, որոնք անձերու անուններ կը կրեն. կան փողոցներ, որոնք պատմութիւն կը կրեն. «Իսկ այսօր մենք բացումը կը կատարենք փողոցի մը, որ հաւատքի վկայութիւնը կը կրէ, ժողովուրդի յիշողութիւնն ու հայրենիքի պատգամը»:

«Այսօր կը հաւաքուինք Պէյրութի սրտին մէջ, այս մայրաքաղաքին մէջ, որ ցաւը ճանչցաւ, բայց չյանձնուեցաւ, աւերումը տեսաւ, բայց չդադրեցաւ վերականգնելէ, որպէսզի անոր էջերէն մէկուն վրայ արձանագրենք անուն մը, որ միայն անցեալին չի պատկանիր, այլ նաեւ ամբողջ մարդկութեան խղճին` անունը նահատակ Սուրբ  Իգնատիոս Մալոյեանին: Այսօր մենք միայն նոր փողոցի մը բացումը չենք կատարեր, այլ նաեւ մենք կը բանանք յիշողութեան արահետ մը, վկայութեան ճամբայ մը եւ տարածք մը, ուր պատմութիւնն ու հաւատքը կը հանդիպին, իսկ նահատակութեան սրբութիւնն ու մարդկային արժանապատուութիւնը կը միանան», ըսաւ ան:

Ապա ան յիշեց Իգնատիոս Մալոյեանի տառապանքները, մահուան դէմ անոր մարտնչումը` նշելով, որ ան դարձաւ կեանքի ու յոյսի սերմը: «Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան, որ 1915 թուականին նահատակուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան տարիներուն, միայն մէկ ժողովուրդին նահատակը չեղաւ, այլ նաեւ ամբողջ մարդկութեան վկան դարձաւ: Ան իւրաքանչիւր հալածանք կրողի ձայնն է, իւրաքանչիւր անմեղի աղաղակը եւ այն իւրաքանչիւր անձին խիղճը, որ կը մերժէ իր հաւատքին, ազատութեան եւ արժանապատուութեան վրայ սակարկել»:

Հոգեւոր տէրը հաստատեց, որ փողոցը «Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան» անունով կոչելը կը պարունակէ խոր ազգային պատգամ, կը յայտարարէ, որ Պէյրութ չի մոռնար իր նահատակները, չի ժխտեր իր զաւակներուն պատմութիւնը եւ չ՛ամչնար իր բազմազանութեան, ազատութեան ու համակեցութեան վրայ հիմնուած ինքնութենէն:

Այս ծիրին մէջ ան հաստատեց, որ անմոռանալի է Լիբանանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայ զաւակներուն ապաստան տալը` նշելով, «Այս հողին վրայ անոնք գտան հայրենիք մը, որ գրկեց անոնց վէրքերը, վերադարձուց յոյսը եւ անոնց զաւակներուն տուաւ նոր կեանքին հնարաւորութիւնը»:

«Հայերը այս հայրենիքին մէջ հիւրեր չմնացին. անոնք դարձան անոր հասարակութեան անբաժան մասը եւ մասնակցեցան անոր շինութեան ու վերելքին` տնտեսութեան, մշակոյթի, կրթութեան, արուեստի, քաղաքականութեան եւ հանրային ծառայութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ: Լիբանան գրկեց հայերը այն ժամանակ, երբ անոնք հայրենիք կը փնտռէին: Հետեւաբար Լիբանան դարձաւ անոնց հայրենիքը, անոր հարցերը անոնց հարցերն էին, անոր ցաւերը` անոնց ցաւերը, եւ անոր յոյսերը` անոնց յոյսերը:

«Ուստի, այս փողոցը միայն հայերուն կամ միայն քրիստոնեաներուն փողոցը չէ, այլ նաեւ ան իւրաքանչիւր լիբանանցիի փողոցն է, որ կը հաւատայ, թէ ազատութիւնը սուրբ է, արժանապատուութիւնը չի վաճառուիր, հաւատքը ուժով չի պարտադրուիր, եւ մարդ արարածն աւելի բարձր է ամէն անարդարութենէ ու հալածանքէ»:

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ այսօր, Լիբանան կարիքն ունի պետական ղեկավարներու, որոնք բարոյական քաջութիւն ունին, պատասխանատուներու, որոնք ազգային շահը կը գերադասեն անձնական հաշիւներէն, հաստատութիւններու, որոնք կը պաշտպանեն մարդն ու անոր իրաւունքները, ինչպէս նաեւ` արդարութեան, որ ուժին չ՛ենթարկուիր, եւ ինքնիշխանութեան, որ չի սակարկուիր: Ան հիմնական նկատեց ունենալ Լիբանան մը, որ կը պաշտպանէ իր բոլոր զաւակները, հայրենիք մը, ուր արժանապատուութիւնը իրաւունք է, ազատութիւնը` երաշխիք, հաւասարութիւնը` հիմք, իսկ համակեցութիւնը` առաքելութիւն:

Ան շնորհակալութեան եւ  գնահատանքի խօսք ուղղեց Պէյրութի նահանգապետին, քաղաքապետին եւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն` այս ազնիւ նախաձեռնութեան համար, որով այս փողոցը անուանակոչուեցաւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի անունով:

Պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ   Պէյրութ, որ պատմութեան վէրքերը կրած է, դառնայ քաղաք մը, որ կը վկայէ մահուան վրայ կեանքի յաղթանակին մասին, սիրոյ յաղթանակին` ատելութեան վրայ, եւ հաւատքի յաղթանակին` վախին վրայ, իսկ Սուրբ Մալոյեանի անունը կրող այս փողոցը ըլլայ ճանապարհը դէպի յիշողութիւն, կամուրջը` դէպի միութիւն եւ նշանը` յոյսին:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները քայլարշաւով ուղղուեցան պատրիարքարանին սրահէն դէպի նոր փողոցին մուտքը, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման արարողութիւնը: Կտրուեցաւ ժապաւէնը, վար առնուեցաւ ծածկոցը եւ հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ «Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան Փողոց» անունին ցուցանակը` ուրախութեան եւ հպարտութեան մթնոլորտին մէջ, որ արժեւորեց այս պատմական իրադարձութիւնը:

Նախորդը

Այսօր Փութին-Թրամփ-Շի Եռակողմ Վեհաժողով

RelatedPosts

Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան  Ազգային Լիկայի Պատուիրակութիւնը
Գաղութային

Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգային Լիկայի Պատուիրակութիւնը

November 18, 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան  Վերաբերեալ ՀՅԴ Լիբանանի  Հայ Դատի Մարմինի Հաղորդագրութիւնը
Գաղութային

Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վերաբերեալ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Հաղորդագրութիւնը

November 18, 2026
Մխիթարեան Միաբանութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Մխիթարեան Միաբանութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

November 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.