. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակը Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ կռիւի նոր փուլի կը պատրաստուի»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Ուալցի այցելութիւնը Փարիզի մէջ Եօթներու խմբակի յայտարարութեան առաջին գործնական թարգմանութիւնն էր` շրջագծային համաձայնագիրին եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին իրականացման միասնաբար աջակցելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին աջակցելու համար ուժեղ, յուսալի եւ երկարաժամկէտ անվտանգութեան կառոյց մը ստեղծելու պահանջով, որ կը համապատասխանէ միջազգային բանաձեւին եւ կ՛արտօնէ գործադրել եռակողմ համաձայնագիրը:
«Անիկա նաեւ կ՛արտացոլէր երկու կողմերուն միջեւ լարուածութեան ու վստահութեան բացակայութեան ժամանակաշրջանէն ետք վերականգնուած եւ վերստին կեանքի կոչուած ֆրանսական-ամերիկեան համակարգումի մէկ մասը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ղալիպաֆ-Պըրրի հաղորդակցութիւնը համընկնեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուալցի եւ Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհանի լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներուն, անիկա նաեւ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիի` Լիբանան կատարած այցելութենէն մէկ օր ետք»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ամերիկեան եւ իսրայէլեան հասկացողութեան մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ժամկէտը անցած միջազգային «ապրանք»-ի նման կը թուի»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Երեսփոխանական աղբիւր մը մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ձեւաչափէն նոր միջազգային ձեւաչափ անցումը կրնայ առիթ դառնալ վերատեսութեան ենթարկելու հարաւային Լիբանանի հետ յարաբերելու կանոնները` երկրին վրայ լրացուցիչ պարտաւորութիւններ դնելով` առանց յստակ երաշխիքներու:
«Աղբիւրին կարծիքով, մարտահրաւէրը ոչ թէ միջազգային ծածկոյթի բնոյթին, այլ անոր լիազօրութիւններուն եւ գործառնական մեքանիզմներու սահմաններուն մէջ է, եւ թէ արդեօք անիկա պիտի ապահովէ՞ լիբանանեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ բանակի աջակցութիւնը, թէ՞ պիտի դառնայ ճնշման գործիք` գետնի վրայ եւ քաղաքական ասպարէզի մէջ նոր իրողութիւններ պարտադրելու համար»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ շրջանակները «Տիար» օրաթերթին. «Կուսակցութիւնը կը պահանջէ, որ երկխօսութիւնը ըլլայ լիբանանեան` հիմնուած սահմանադրութեան վրայ եւ որեւէ արտաքին հոգատարութենէ հեռու, եւ կը շեշտէ ներքին երկխօսութեան վերսկսելէ առաջ Իսրայէլի հետ բանակցութեան ուղին վերատեսութեան ենթարկելու, ուղղակի բանակցութիւնները դադրեցնելու կամ շրջագծային համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրաքի դեսպանատունը յայտարարեց, թէ Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի Պէյրութ այցելութիւնը ցնոր տնօրինութիւն յետաձգուած է:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Հըզպալլան յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէր Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի Լիբանան այցելութեան, նախքան յետաձգուիլը, մանաւանդ Հարաւային արուարձաններ սպասուող այցելութեան: Տուեալները ցոյց տուին, թէ կուսակցութիւնը աշխատանք կը տանէր իրաքցի պաշտօնատարի դիմաւորման համար մեծ բազմութիւն ապահովելու` իր նկատմամբ ժողովրդային զօրակցութիւնն ու գետնի վրայ իր կազմակերպչական կարողութիւնը ցուցադրելու նպատակով: Այս այցելութիւնը ունէր յաւելեալ քաղաքական նշանակութիւն, որովհետեւ Հըզպալլան կը ձգտէր ուղերձ յղել Իրաքի նոր կառավարութեան եւ վերահաստատել իր դիրքը Լիբանանի քաղաքական դաշտին ու շրջանային յարաբերութիւններուն մէջ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Քլէյաաթի օդակայանին բացումը յետաձգող հիմնական խոչընդոտը էջուղիի վրայ վերանորոգման կարիք ունեցող 15 թեքնիք խնդիրներն են, որոնք մինչեւ օրս խոչընդոտած են անոր շահագործման համար անհրաժեշտ թեքնիք հաստատումներու ստացումը: Տեղեկութեան համաձայն, սկզբնական գործողութիւնները պիտի սահմանափակուին միջին չափի «Էմրպայէր» տիպի օդանաւերով, որոնք կրնան 80-էն 120 ճամբորդ տեղաւորել, եւ մեծ օդանաւերը բացառուած են»:
. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Ուղերձը հասաւ, ծառայութիւններու եւ անոնց գործակալներուն ուղերձը»:
. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի պատուիրակ երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշին եւ անոր հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու արդիական նիւթեր:


