Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիք Տիւրելը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի ընդհանուր կացութեան եւ քաղաքական ու ապահովական զարգացումներուն:
Պըրրի վերահաստատեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին կառչելու վերաբերեալ լիբանանեան պաշտօնական դիրքորոշման միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ որոշումի կէտերուն գործադրութեան համար գործելիք որեւէ ուժի վրայ ՄԱԿ-ի լիազօրութեան, իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալուն եւ ժողովուրդին իր գիւղաքաղաքներ եւ գիւղեր վերադարձի կարեւորութիւնը:
Պըրրի նաեւ երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆը ընդունելով քննարկեց ընդհանուր կացութիւնը եւ քաղաքական նորութիւններ, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական եւ ազգային հարցեր:


