. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Սէուտցի պատուիրակ Եազիտ պըն Ֆարհանի Պէյրութ այցելութիւնը պատասխան էր Պիլալ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան եւ կը պարունակէր պատգամ մը, թէ Սէուտական Արաբիան կառչած կը մնայ Լիբանանի մէջ իր դերակատարութեան եւ մտադիր չէ զայն ոեւէ այլ հեղինակութեան զիջելու»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Դիւանագիտական երկու պատուիրակներու միաժամանակեայ այցելութիւնները կարելիութիւն կ՛ընձեռեն լիբանանեան հարցերու լուծման գործը համակարգելու, մանաւանդ որ յաջորդ փուլը ապահովական կայունութեան, կառավարութեան բարեփոխումներու եւ արտաքին յարաբերութիւններու ապագային վերաբերեալ փոխըմբռնումներ կը պահանջէ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Գոյութիւն ունի ՄԱԿ-ի հովանիին տակ, սակայն նախկինէն տարբեր առաքելութեամբ եւ գործունէութեան աշխարհագրական տարբեր տարածքով ուժի մը ստեղծման ուղղուածութիւն»:
. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ առնչակից հեղինակութիւն մը «Ասաս»-ին. «Իտալիան, որ մասնակցելու խանդավառութիւն ցուցաբերած էր, քանի մը շաբաթ առաջ ուղարկեց յատուկ պատուիրակ մը, որ լուսարձակներէ հեռու ունեցաւ Հըզպալլան ներառող հանդիպումներ` քաղաքական իրավիճակն ու անոր հետեւանքները ուսումնասիրելու համար, եւ վերադարձաւ բացասական տպաւորութեամբ, որ դանդաղեցուց ՖԻՆԻՒԼ-ին այլընտրանքային որեւէ նախագիծի նպաստելու Հռոմի ջանքերը»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթեթին. «Հակառակ զէնքի մենաշնորհման հարցին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի շուրջ տարակարծութիւններուն, լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ ամերիկեան հաղորդակցութիւններու շարունակումը կը հաստատէ, որ Ուաշինկթըն կը պնդէ հաղորդակցութեան կապերը բաց պահելու վրայ»:
. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի (Հըզպալլային ուղղուած) զէնքէն կամաւոր կերպով հրաժարելու կոչը կառավարութիւնը կը դնէ պետութեան յանձնառութիւններուն եւ ներքին կայունութիւնն ու շրջանային դասաւորումները պահպանելու միջեւ հաւասարակշռութիւն գտնելու անհրաժեշտութեան առջեւ»:
. ՈՒԱԼՑԻ եւ հանրապետութեան նախագահի հանդիպումին ծանօթ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Անդրադարձ կատարուեցաւ սահմանային շրջանին մէջ կացութեան ու զարգացումներուն, իսրայէլեան յարձակումներուն եւ Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն, իսկ հիմնական թղթածրարը ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք Հարաւի մէջ կացութեան ապագան էր»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ուալցի այցելութիւնը կարելի է բնութագրել իբրեւ ճանաչողական, որուն նպատակն էր հասկնալ լիբանանեան դիրքորոշումը: Սակայն ան յստակ էր երկու հարցի շուրջ. առաջինը` ՖԻՆԻՒԼ-ի նկատմամբ վեթոյի վերաբերեալ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ վերջինիս ներկայութիւնը վերացնելու որոշումէն ետդարձի կարելիութիւն չկայ, եւ երկրորդը` թիւ 1701 որոշումը չի կրնար մնալ այնպէս, ինչպէս որ է, եւ պէտք է բարեփոխումներու ենթարկուի»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Իրավիճակին հետեւող շրջանակներ զարմանք յայտնեցին ամերիկացի պատուիրակ Մայք Ուալցի, Պաապտայի պալատ եւ վարչապետարան այցելելէ ետք, ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք հարաւային Լիբանանի վերաբերեալ առաջարկ պարունակող յայտարարութիւնը Այն Թինէէն կատարելուն նկատմամբ` հաշուի առնելով, որ հանրապետութեան նախագահը սահմանադրականօրէն առաջին լիազօրութիւնը ունեցողն է հետեւելու արտաքին համաձայնագիրներուն, մինչդեռ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին այս հարցին մէջ լիբանանեան դիրքորոշման միասնականութիւնը հաստատած էր»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ղալիպաֆ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Պըրրիէն խնդրեց կառչած մնալ թիւ 1701 որոշումի բարեփոխման մերժումին եւ տեղեկացուց, որ Իրան Չինաստանի եւ Ռուսիոյ հետ կապ կը հաստատէ, որպէսզի անոնք այդպիսի բարեփոխումներ պարունակող որեւէ որոշումի դէմ վեթօ կիրարկեն»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ անձեր կը յայտնեն, որ ան չ՛ուզեր Լիբանանը շրջանային հաւանականութիւններէն կախեալ պահել, մանաւանդ որ որեւէ նոր մագլցում կրնայ տապալել ներկայ քաղաքական ջանքերը եւ դուռը բանալ ապահովական իրավիճակի մը առջեւ որ դժուար կ՛ըլլայ վերահսկել»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր հեղինակութիւն մը «Տիար» օրաթերթին. «Ինծի այցելողներուն ըսի, թէ անորոշ է, թէ Լիբանանին կամ շրջանին մէջ մեզի ի՛նչ կը սպասէ»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Կառավարութեան իր որոշումներու գործադրութեան աջակցող անվտանգութեան միջազգային ցանց ապահովելու եւ հնգեակ յանձնախումբը վերստին կեանքի կոչելու ջանքեր գոյութիւն ունին: Այդ ջանքերուն նպատակն է խուսափիլ ներքին բախումէն` պահպանելով պետութեան հեղինակութեան վերականգնման ուղին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը կը մտածէ, արտասահմանի մէջ լիբանանեան ներկայութեան աջակցող աշխատանքի ծիրին մէջ, իր արտաքին շրջապտոյտները շարունակել»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակին կարծիքով, Հըզպալլան պիտի փորձէ որեւէ յառաջիկայ պատերազմի ընթացքին տասնեակներով կամ հարիւրաւոր անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներ շղթայազերծելով իրեն մարտահրաւէր ուղղել»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իրաքի մէջ գոյութիւն ունի ելեւմտական եւ առեւտրական շահերու ցանց մը, որ կապ ունի Հըզպալլայի հետ, եւ զայն կը ղեկավարէ կուսակցութեան պատասխանատուներէն Մ. Քաուսարանին` Ա. Քաուսարանիի օգնութեամբ, եւ անոնք երկուքն ալ պատժամիջոցներու ցուցակներու վրայ կը գտնուին»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «նախագահի ջանքերը յաջողած են կանխարգիլել բարձրաստիճան քաղաքական գործիչի մը նկատմամբ ամերիկեան պատժամիջոցներու կիրարկումը: Ան տեղեկացուած է այս մասին, սակայն ատիկա տակաւին կախեալ է անոր հետագայ քաղաքական դիրքորոշումներէն, որոնք կը վերաբերին շրջագծային համաձայնագիրին եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ անոր մօտեցումին»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ը տեղեկացած է. «Հըզպալլայէն պատասխանատուներու եւ իր պաշտօնը նոր ստանձնած դեսպանի մը հետ հանդիպումը յատկացուած է Լիբանանի եւ շրջանին մէջ քաղաքական ու ապահովական զարգացումներու քննարկման, մանաւանդ շրջանային փոփոխութիւններու եւ միջազգային ճնշումի աճի լոյսին տակ ներկայ փուլի հետեւանքներուն: Յստակ չէ, թէ հանդիպումը տեսակէտներու փոխանակումո՞վ սահմանափակուած է, թէ՞ ներառած է յառաջիկայ իրադարձութիւններու վերաբերեալ որոշակի ուղերձներ»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզիններուն գիները նուազեցան 48000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.343.000 լ.ո.-ի եւ 2.361.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 31000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.493.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 4000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.636.000 լ.ո.-ի:


