Թուրքիոյ նախագահի որդիին Լիբանան այցելութիւնը միանշանակ հակազդեցութիւններու դուռ չբացաւ: Պարզ էր, որ յատկապէս հիւսիսային շրջանը, ուր երկար ատենէ ի վեր Անգարան յատուկ քաղաքականութիւն կը կիրարկէր ազդեցութեան գօտի ստեղծելու համար, միայն դրական արձագանգ պիտի ունենար` Լիբանանի փրկութեան բանալին Թուրքիոյ մօտ նկատելու առումով: Աւելի՛ն, կայ զանգուած մը, որ ինքզինք կը նկատէ Օսմանեան կայսրութեան օրուան քաղաքացիներուն ժառանգորդը, այլ խօսքով` այսօրուան Թուրքիոյ քաղաքացին: Ուսումնասիրուած ձեւով նաեւ տարիներէ ի վեր Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն կը շնորհուի օսմանեան քաղաքացիներու շառաւիղներուն:
Բազմաոլորտ են քաղաքական բնագաւառները, որոնց մէջ Անգարան աշխուժ քաղաքականութիւն կը շարունակէ տանիլ: Օսմանականութիւնը արդիականացնելու այս գաղափարախօսութիւնը, որ արտաքին գործոց նախկին նախարարներէն Տաւութօղլուի կողմէ ամէնէն շատը առաջ մղուեցաւ, այսօր շօշափելի տեսք կը ստանայ: Միայն քաղաքացիներու շառաւիղներու հաւաքագրումով չի բացատրուիր անիկա: Օսմանական մշակութային ժառանգութեան պահպանման առաջադրանքը օրակարգի վրայ է Լիբանանի մէջ կրօնական առումով եւ յուշակոթողներու ճարտարապետութիւնը, կառուցումն ու պատմական տուեալները վերստին լոյսին բերելու յստակ ճիգերով: Ծինային անդրադարձումի այս պետական քաղաքականութիւնը պարզապէս ազդեցութեան գօտիի ընդլայնման, ենթահողի պարարտացման եւ Լիբանան ներգրաւուելու պետական քաղաքականութեան միջոցներ են:
Կայ բնականաբար նաեւ տնտեսական եւ առեւտրական բաժինը: Թրիփոլիի նաւահանգիստը այս առումով տարիներէ ի վեր թրքական ապրանքներու ներմուծման կարեւորագոյն կեդրոն է: Սուրիոյ դրացութեամբ, Թրիփոլիի նաւահանգիստին նկատմամբ կայ շրջանային հանգամանք ապահովելու մօտեցում, որուն գլխաւոր համակարգողը ներկայ ընթացքով Թուրքիան է:
Համալիր այս ծրագիրներուն պիտի գայ աւելնալու նոյն շրջանին մէջ բացուելիք օդակայանը: Թէեւ առաջին թռիչքները դէպի Եգիպտոսով կը շղարշուին, այդուհանդերձ հրապարակուող թռիչքներու ժամանակացոյցին առանցքային բաժինը կը վերապահուի թրքական տարբեր քաղաքներ թռչող եւ այնտեղէն դէպի Լիբանան ժամանող թռիչքներուն:
Իրանեան ազդեցութեան թուլացման, սէուտական Արաբիոյ պայքարի ներգրաւման այս օրերուն, Անգարան կ՛աշխուժացնէ իր առկայութեան ընդլայնումը Լիբանանի մէջ: Տարբեր պատուիրակութիւններու արանքին մէջ Թուրքիոյ նախագահին որդին կը ժամանէ Լիբանան: Առեւտուրի, բարեսիրութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանման օրակարգերէն դուրս ուշագրաւ է պաշտօնական Պէյրութի պետական արձագանգումը ոչ պետական կարգավիճակ ունեցող անձնաւորութեան:
Լիբանանեան տարբեր շրջաններ հակազդեցին այս գերարժեւորման երեւոյթին` զայն նկատելով հակոտնեայ պետական փրոթոգոլին: Սակայն յայտնապէս կան արտալիբանանեան յուշումներ Ռիատ-Անգարա մրցակցային մթնոլորտին մէջ յատուկ կարեւորութիւն տալու, դռները լայն բանալու Անգարայէն եկող պաշտօնական կամ այս պարագային արտաքնապէս ոչ պաշտօնական ներկայացուցիչներուն: Փոխհակակշռելու, բաժանեալ վիճակ ստեղծելու, տարբեր կեդրոններու ազդեցութեան գօտիներ ձեւաւորելու այս ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ հիմա Անգարան առջեւ կը մղուի: Յուշումներ անպայման պէտք է եղած ըլլան լիբանանեան պետութեան ներկայացուցիչներուն` դռները լայն բանալու համար:
Նաւահանգիստ, օդակայան, ազդեցութեան գօտի, քաղաքացիներ եւ անվտանգային առումով թրքական սպասարկութեան կողմէ իրականացուող գործողութիւններ «պահանջուած անձեր»-ու առեւանգման տեսքով: Լիբանանեան խճանկարին մէջ նոր պատկեր է այս մէկը:
Թուրքիոյ նախագահի որդիին այցելութեան օրերուն իսկ պարզ դարձաւ, որ Լիբանան կը ժամանէ Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնական ներկայացուցիչը: Պետութիւնը նոյն մակարդակով հանդիպումներ ունեցաւ Ռիատի դիւանագէտին հետ, որ ի դէպ առաջին անգամը չէ, որ կ՛այցելէ Պէյրութ: Տարբերութիւնը այն է, որ առաջինը պետական հանգամանք չունի, մինչ երկրորդը` իր պետութիւնը ներկայացնող դիւանագէտ է:
«Ա.»


