. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Եունայթըտի նոր գլխաւոր մարզիչ Մաուրիսիօ Փոչեթինօ արդէն իսկ գործի անցած է եւ փոխանցումներու գլխաւոր առաջնահերթութիւն կը նկատէ Քոմոյի 22 տարեկան յարձակող ոճի միջնապահ Նիքօ Փասը:
Հարցը սակայն չի վերաբերիր Փասի կամ Քոմոյի, այլ` Ռէալ Մատրիտի, մանաւանդ որ Փաս Ռէալ Մատրիտի հետ տակաւին կապեր ունի` նկատի ունենալով, որ սպանական խումբի սանը 2027-2028 տարեշրջանին վերադարձի պայմանի կէտ մը ունի իր պայմանագրութեան մէջ:
. ԹՈԹԵՆՀԱՄԻ սպանացի յետսապահ Փետրօ Փորօ կը ցանկայ իր ասպարէզը շարունակել Պարսելոնայի հետ: Փորօ նպատակ ունի հեռանալ «Փրեմիեր լիկ»-էն, եւ անոր նախընտրելի ուղղութիւնն է Պարսելոնան:
27 տարեկան Փորոյի փոխանցման գինը մօտ 70 միլիոն եւրօ է, մինչ Պարսելոնա պատրաստ չէ այդքան գումար վճարելու` բարդացնելով տեղափոխութիւնը:
. ՍԵՒԻԼԻԱ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Լուիս Կարսիա Փլասա կը կարծէ, որ Սպանիոյ ախոյեանութեան Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի ու միւս ակումբներու մակարդակներու չափազանց մեծ տարբերութիւնը «Լա լիկա»-ն քիչ մը ձանձրացուցիչ կը դարձնէ: «Աթլեթիքօ Մատրիտը քիչ մը աւելի ետ կը մնայ այդ զոյգէն, մինչ Պեթիս, Վիարէալ Աթլեթիք Պիլպաօ եւ Ռէալ Սոսիետատ աւելի ետ կը մնան: Մնացած բոլոր խումբերը շատ աւելի ցած մակարդակի վրայ են, բան մը, որ ձանձրացուցիչ կը դարձնէ», ըսաւ Փլասա:
. ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ազգային խումբի լաւագոյն կոլ-սքորըր Ռոմելու Լուքաքու լքեց ազգային խումբին հետ իր ասպարէզը: 2010-էն ի վեր ազգային խումբին շապիկը կրած Լուքաքու 135 ելոյթ ունեցած է Պելճիքայի հետ` նշանակելով 94 կոլ: Ան 2018-ի Մոնտիալին 3-րդ դիրքը գրաւած էր Պելճիքայի հաւաքականին հետ:
. ԱՐՍԵՆԱԼ ակումբը կը փորձէ Ռէալ Մատրիտի հետ համաձայնութիւն կնքել` փոխարինելով միջնապահ Մարթին Սուպիմենտին Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի Էնտրիքի հետ: Նախապէս նիւթեր շրջան կ՛ընէին, թէ Լոնտոնի ակումբը կ՛ուզէ աշխատավարձով (ժամանակաւոր) ձեռք ձգել Էնտրիքը, բայց ըստ երեւոյթին այժմ Արթեթա կ՛ուզէ ամբողջական փոխանցում:
. ՉԵՄՓԻԸՆԶ Լիկ-ի վերջին երկու տարիներու տիտղոսներ Փարիզ Սեն Ժերմեն կը շարունակէ իր կազմը զօրացնելու նոր ճամբաներ գտնել:
Լուիս Էնրիքէ կ՛ուզէ ձեռք ձգել Ռէալ Մատրիտի թուրք միջնապահ Արտա Կիւլերը եւ պատրաստ է 4 անգամ աւելի աշխատավարձ վճարելու անոր փոխարէն: Կիւլեր այժմ մօտ 4 միլիոն եւրօ կը ստանայ սպանական խումբէն, իսկ Փարիզ Սեն Ժերմեն պատրաստ է 15 միլիոն վճարելու իբրեւ տարեկան եկամուտ:
. ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՑԻ պատմական մարզիկ Եոհան Քրոյֆի թոռը հրաւիրուած է Միացեալ Նահանգներու պատանիներու հաւաքական:
17 տարեկան Ռէյ Քրոյֆ-Պին ծնած է Միացեալ Նահանգներ, ապրած է Պարսելոնայի եւ այժմ մաս կը կազմէ սպանական Խիմնասթիքի երիտասարդական խումբին:
Շէյ Եոհան Քրոյֆի դստեր` Շանթալ Քրոյֆի եւ ամերիկացի Թոտ Պինի զաւակն է եւ առիթ ունի Միացեալ Նահանգներու, Սպանիոյ եւ Նետերլանտներու հաւաքականներէն խաղալու:
Այժմ հրաւէրը եկած է Միացեալ Նահանգներէն, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ ան ապագային անպայման Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբի անդամ պիտի ըլլայ:


