29 տարեկան միջնապահ Արթուր Զախարեան դարձաւ Ֆրանսայի բաժակի 7-րդ հանգրուանի հանդիպումի հերոսը, ուր «Վերսայ 78» ակումբը 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ռոտեզին:
Ֆրանսայի Գ. դասակարգի Վերսայ ակումբը կրցաւ յաղթել Բ. դասակարգի Ռոտեզին` շնորհիւ Զախարեանի նշանակած կոլին, յաւելեալ վայրկեաններուն:
Զախարեան 90-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած էր, երբ արդիւնքը 2-2 էր, եւ հազիւ վայրկեան մը անցած, ան իր առաջին հարուածով կրցած էր գրաւել մրցակից Ռոտեզի բերդը:
Մրցումը սկսած էր Վերսայի արագ կոլով 4-րդ վայրկեանին, երբ Քենի Ռոշա Սանթոս նշանակած էր կոլ մը: Մինչեւ կիսախաղ Ռոտեզ 2 կոլ նշանակած էր շնորհիւ Ճորտան Մենտեշի եւ Նաշոն Նսինկայի:
72-րդ վայրկեանին Պիլալ Սիսէ կրցած էր նշանակել Վերսայի հաւասարութեան կոլը, որմէ ետք Զախարեան նշանակած էր յաղթանակի կոլը:
8-րդ հանգրուանին Վերսայ պիտի մրցի «Էֆ. Սէ. 2 Ռիվ 82» ակումբին դէմ, որ իր կարգին դուրս ձգած էր Բ. դասակարգի Թրելիսաք խումբը` 2-1 արդիւնքով:


