Քրեմլին մերժած է մեկնաբանել Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելուն դիմաց Տոնպասէն հրաժարելու կարելիութեան մասին առաջարկը` նշելով, որ բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները հրապարակելը տեղին չէ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն ըսած է. «Մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ այն դիրքորոշման, որ մեր եւ ամերիկացիներուն միջեւ ընթացող քննարկումներուն մանրամասնութիւնները հրապարակելը նպատակայարմար չէ` ինքնին խաղաղ հոլովոյթի շահերէն մեկնելով»:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Ապու Տապիի մէջ Ռուսիոյ հետ խաղաղ բանակցութիւններու հերթական փուլէն ետք շաբաթ օր յայտարարած էր. «Ամերիկացի բանագնացները առաջարկած են քննարկել Ուքրանիոյ` Տոնպասէն զօրքերը հեռացնելու կարելիութիւնը` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու դիմաց»:


