Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուալց Իշխանութեան 3 Պետերուն Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Յաջորդող Փուլը

November 17, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուալցը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի եւ դեսպան Ուալցին ընկերակցող պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ներկայ էր եռակողմ բանակցութիւններուն մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան պետ, նախկին դեսպան Սիմոն Քարամ: Այս մասին հաղորդեց նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը:

Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ներկայ զարգացումներուն, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժի` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք փուլին եւ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման ու Իսրայէլի շրջագծային համաձայնութիւնը չյարգելուն լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի կացութեան:

Ուալց նաեւ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որոնց հետ եւս քննարկեց հարաւային Լիբանանի կացութիւնն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտին յաջորդող փուլը, ինչպէս նաեւ եռակողմ շրջագիծը կեանքի կոչելու կարելիութիւնները:

Անդրադառնալով ՖԻՆԻՒԼ-ին յաջորդող փուլին` Սալամ վերահաստատեց «շարունակման անհրաժեշտութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ լիազօրուած միջազգային ներկայութեան, որ նաեւ կը ներառէ դիտորդութիւնը, զեկուցումներու ներկայացումը, հաղորդակցիլը, լիբանանեան բանակին աջակցիլը իր պարտականութիւնները կատարելու եւ պետութեան իշխանութիւնը անոր միջոցով ընդլայնելու` միաժամանակ հաւատարիմ մնալով թիւ 1701 որոշումին` իբրեւ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային դասաւորումներու հիմնարար ուղեցոյց»:

Ինչ կը վերաբերի եռակողմ շրջագիծին, ան ընդգծեց «փոխադարձութեան ու փուլային գործադրութեան սկզբունքները, որոնց վրայ հիմնուած է եռակողմ շրջագիծը, գործնական քայլերու եւ գետնի վրայ շօշափելի արդիւնքներու հասնելու անհրաժեշտութիւնը` սահմանելով յստակ ժամանակացոյց, որ պիտի ապահովէ զուգահեռ յառաջընթաց երկու ուղղութիւններով` Իսրայէլի Լիբանանի տարածքէն լիակատար հեռացումը, ամբողջ տարածքին մէջ պետական իշխանութեան տարածումը եւ զէնքի նկատմամբ մենաշնորհը, բացի ատկէ, ստեղծելով նաեւ յուսալի մեքանիզմ` երկու կողմերուն ատկէ, պարտաւորութիւններու կատարումը ստուգելու համար»:

Սալամ շեշտեց «այս շրջագիծի կեանքի կոչման մէջ ամերիկեան դերի կարեւորութիւնը` Իսրայէլի յարձակումներու դադրեցումն ու լիակատար հեռացման իրագործումը ապահովելու համար»:

Վարչապետը ընդգծեց. «Նպատակն է հասնիլ կայուն լուծման, որ պիտի վերականգնէ Լիբանանի լիակատար գերիշխանութիւնը, եւ ոչ թէ` պարզապէս հակամարտութիւնը կարգաւորել»:

Այն Թինէի մէջ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք Ուալց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան ապագայի քննարկման շարունակման կարեւորութիւնը շեշտեց:

Ուալց նշեց, որ Լիբանան իր այցելութեան նպատակը իշխանութեան երեք պետերուն հետ հանդիպում ունենալը, ՄԱԿ-ի առաքելութեան ծանօթանալն ու երկրին մէջ անոր ապագային քննարկումն է:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը աւելցուց, որ իր լսած դիրքորոշումներն ու առաջարկները պիտի փոխանցէ Ուաշինկթընին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:

Ուալց եզրափակեց նշելով, որ Միացեալ Նահանգները կը նախատեսեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի կիրարկման շարունակութիւնը` յառաջիկայ փուլին եւ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ներկայութեան ապագային շուրջ ընթացող քննարկումներուն լոյսին տակ անոր վրայ կարգ մը բարեփոխումներ կատարելով:

Այն Թինէի մէջ հանդիպումէն ետք Ուալց նաեւ յայտնեց. «Շատ կարեւոր էր նաեւ լսել յաջորդ քայլերը եռակողմ երկխօսութեան, որուն մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու իսրայէլեան կառավարութիւնը: Ատիկա պատմական բան է, եւ չափազանց կարեւոր էր, եւ կը կարծեմ, եւ ես վստահ եմ, որ ատիկա շրջանին մէջ աւելի լաւ ապագայի պիտի յանգեցնէ»:

«Այդ առնչութեամբ կարգ մը հիմնական հարցումներ ունինք, եւ կը կարծեմ, որ այս հոլովոյթին, այսինքն` եռակողմ երկխօսութեան մէջ վերջին կէտը Միացեալ Նահանգներու մէջ երկու կուսակցութիւններուն աջակցութիւնը կը վայելէ», աւելցուց ան:

«Որեւէ պետութիւն երկու բանակ չի կրնար ունենալ, եւ կը յուսամ ու կոչ կ՛ուղղեմ, որ Հըզպալլան իր զէնքը վար դնէ եւ ատիկա պէտք է կամովին կատարէ: Ինչ կը վերաբերի քաղաքական հոլովոյթին մասնակցութեան, ապա այդ հարցը կը ձգեմ հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին ու խորհրդարանի նախագահին, որպէսզի այդ ուղղութեամբ գործեն», նշեց Ուալց` աւելցնելով. «Լիբանանի մէջ յարձակումները անընդունելի են, եւ ասիկա կացութիւն մըն է, որ չի կրնար շարունակուիլ: Մենք անհամբեր կը սպասենք լիբանանեան զինեալ ուժերու կարողութիւններու ամրապնդման, որպէսզի անոնք կարենան իրենց երկիրը ամբողջովին ապահովել»:

Պըրրիի հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանուր կացութեան զարգացումներուն, մասնաւորաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտին եւ անոր յաջորդող փուլին:

Նախորդը

RelatedPosts

Manoushian_11926_f
Գլխաւոր լուրեր

November 17, 2026
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Իսրայէլ Արատը Փնտռելու Ձախող Փորձի Մը Ընթացքին  Իրանցի Երկու Զօրավարներ Առեւանգած Ու Սպաննած Է
Լիբանանեան

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Իսրայէլ Արատը Փնտռելու Ձախող Փորձի Մը Ընթացքին Իրանցի Երկու Զօրավարներ Առեւանգած Ու Սպաննած Է

November 17, 2026
Ֆայիատ. «Շրջագծային Համաձայնութիւնը  Լիբանանեան Շահերը Կը Զգետնէ, Եւ Պէտք Է  Անկէ Դուրս Գալ Եւ Ոչ Թէ Զայն Փրկել»
Լիբանանեան

Ֆայիատ. «Շրջագծային Համաձայնութիւնը Լիբանանեան Շահերը Կը Զգետնէ, Եւ Պէտք Է Անկէ Դուրս Գալ Եւ Ոչ Թէ Զայն Փրկել»

November 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.