Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի կարգապահական կոմիտէն հրապարակեց Անտորրայի բերդապահ Խեսուս Օվոնոյի պատիժին վերաբերեալ որոշումը: Վերջինիս հետ արկածին պատճառով մահացած էր Թեներիֆէ ակումբի յառաջապահ Խեսուս Տի Միկելը:
12 մրցումներով կախակայուած է բերդապահ Օվոնօ, ինչպէս նաեւ ենթարկուած է նիւթական տուգանքի, որուն յստակ գումարը կոմիտէի որոշումին մէջ չէ նշուած:
Այսպիսով, Օվոնօ դաշտ չի կրնար վերադառնալ մինչեւ փետրուար 2027, եւ պիտի բացակայի 17 յունուարին, Թեներիֆէի դէմ դարձի մրցումին:
Աւելցնենք, որ աւելի կանուխ Օվոնօ կը մտածէր նոյնիսկ ֆութպոլի իր ասպարէզը լքելու մասին` անհանգիստ զգալուն պատճառով:
Միւս կողմէ, Սպանիոյ ոստիկանութիւնը տակաւին իր հետաքննութիւնները չէ աւարտած: Լուրեր կային, որ բերդապահը կրնայ նոյնիսկ բանտարկուիլ, հակառակ անոր որ ոչ մէկ փաստ կար, թէ Օվոնօ դիտմամբ կատարած էր իր արարքը, որ պարզապէս արկած մըն էր, ոչ աւելի:


