Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաշեմ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Գոյութեան Ու Դերակատարութեան Վերջ Տալու Փորձին Նպատակը Մէկ Բան Է` Թիւ 1701 Որոշումի Ականահարումը»

November 16, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց. «Ներկայ փուլին Լիբանանի պաշտպանութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն է` անկախ անոնց ծագումէն կամ պատկանելիութենէն, որովհետեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը, ՄԱԿ-ի թիւ 2790 որոշումին համաձայն, կը մօտենայ իր աւարտին: Այս մէկը կը կատարուի խուսափելու համար մուտք գործելէ մահացու բացի փուլ, որ կապուած է թիւ 1701 որոշումին, որուն Լիբանանը հաւատարիմ է, եւ անոր բովանդակութեան գործադրութեան հսկելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ներկայութեան անհրաժեշտութեան»:

«Շրջանին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ փոփոխութիւններուն առջեւ, ինչպէս նաեւ երկրէն վտանգները հեռացնելու համար, անհրաժեշտ է արագ քայլերու ձեռնարկել բոլոր ազգային մակարդակներուն վրայ, բոլոր միջազգային կողմերուն, եղբայրներուն եւ ընկերներուն ուղղութեամբ` Լիբանանին օգնելու վերականգնելու ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւնը կամ որդեգրելու որեւէ այլ ձեւաչափ, պայմանով որ մնայ միջազգային կազմակերպութեան դրօշի տակ, որպէսզի արտաքին կարգ մը կողմեր չփորձեն պարտադրել կամք կամ ուղղութիւն, որ չի ծառայեր մեր երկրի շահերուն, այլ մեզ կը տանի լաբիւրինթոսներու եւ խնդիրներու, որոնց կարիքը չունինք, եւ մեզ կը տանի հոն, ուր չենք ուզեր երթալ, եւ կրնայ ըլլալ դուռ մը դէպի սադրանք, զոր միշտ փորձած ենք հեռու պահել մեր հայրենիքէն», ըսաւ երեսփոխանը:

«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ասոր դէմ դրաւ եւ ազգային աջակցութիւն ստացաւ, եւ ատիկա պէտք է կարմիր գիծ մը ըլլայ` կառչելով զինուորական հաստատութեան` իբրեւ ազգային միասնականութեան ու կայունութեան երաշխաւոր:

«Պէտք չէ թիրախաւորել հայրենասէր բանակը, անոր սպաները, անձնակազմն ու անդամները, որովհետեւ ներկայ պայմաններուն մէջ որեւէ պատրուակով կամ հռետորաբանութեամբ զանոնք թիրախաւորելը ձրի ծառայութիւն է Լիբանանի թշնամիին, որ կը փորձէ որեւէ առիթ օգատգործել` գործադրելու համար իր ռազմավարական նպատակները, որոնց հիմը Լիբանանը իր նպատակներուն ու կամքին ենթարկելն է», աւելցուց ան:

«Այսօր, մեկնելով ասկէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի գոյութեան, դերակատարութեան ու պարտականութեան վերջ տալու փորձին նպատակը մէկ բան է` թիւ 1701 որոշումի ականահարումը, որպէսզի կարենան մեզ դնել առջեւը մէկը միւսէն վատ եղող երկու ընտրանքի` կա՛մ տեւական պատերազմը, կա՛մ անձնատուութեան դրօշ բարձրացնելը», նշեց Քասեմ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 16, 2026
Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.