Երեւանի Կապոյտ մզկիթին մէջ տեղի ունեցած մշակութային նախաձեռնութիւնը յարուցած է Կովկասի մահմետականներու վարչութեան դժգոհութիւնը: Ազրպէյճանական հոգեւոր կառոյցը տեղի ունեցածը որակեց «բարբարոսութիւն» եւ «սադրանք»` Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջելով կանխել նման ձեռնարկներ:
Խօսքը Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան մշակոյթի կեդրոնին կազմակերպած միջոցառման մասին է, որուն ընթացքին ներկայացուած է պարսիկ բանաստեղծ Ֆիրտուսիի «Շահնամէ» գործին ամբողջական հայերէն արձակ թարգմանութիւնը, մզկիթի հանդիսութիւններու դահլիճն ալ անուանակոչուեցաւ Եղիշէ Չարենցի անունով: Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Իրանի փոխնախագահ սէյիտ Համիտ Փուրմոհամետին:
Կովկասի մահմետականներու վարչութիւնը, սակայն, կը պնդէ, որ մզկիթին մէջ կայացած ձեռնարկը անհամատեղելի է իսլամական կրօնական աւանդութիւններուն հետ:
«Քաղաքակիրթ ժողովուրդները գիրքերու շնորհահանդէսներ կը կատարեն ոչ թէ այլ կրօնի պատկանող պաշտամունքային կառոյցներուն մէջ, այլ իրենց մշակութային հաստատութիւններուն մէջ», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ, զոր տարածեց ազրպէյճանական «Էյ. Փի. Էյ.» գործակալութիւնը:
Կառոյցը նաեւ բողոքեց դահլիճը հայ բանաստեղծին անունով անուանակոչելու եւ այնտեղ հետագային Չարենցի կիսանդրին տեղադրելու ծրագիրին դէմ: Յայտարարութեան հեղինակները Կապոյտ մզկիթը «ազրպէյճանական պատմամշակութային ժառանգութեան մաս կը նկատեն»` պնդելով, թէ անիկա «իրանական ներկայացնելը պատմութեան կեղծիք է»:
«Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք մշակութային նախաձեռնութեան անուան տակ կայացած այս ներկայացումը եւ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջենք կանխել նման դէպքեր», յայտարարեց վարչութիւնը` աւելցնելով, թէ տեղի ունեցածը կասկածի տակ կը դնէ նաեւ խաղաղութեան գործընթացը:
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը, մինչդեռ, դահլիճը Չարենցի անունով անուանակոչելու որոշումը բացատրած է բանաստեղծին` իրանեան մշակոյթին ու գրականութեան նկատմամբ առանձնայատուկ հետաքրքրութեամբ, ինչպէս նաեւ Կապոյտ մզկիթի պահպանման մէջ անոր ունեցած աւանդով:
Կապոյտ մզկիթը կառուցուած է 1766 թուականին Երեւանի Հուսէյն-Ալի խանի իշխանութեան օրերուն: Խորհրդային տարիներուն փրկուած է քանդումէն շարք մը հայ մտաւորականներու, որոնց կարգին նաեւ Եղիշէ Չարենցի ջանքերով, եւ հետագային ծառայած է իբրեւ թանգարան:
Հայաստանի անկախացումէն ետք մզկիթը տրամադրուած է իրանեան կողմին` իբրեւ աղօթավայր:


