Միացեալ Նահանգներու մէջ մտադիր են ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին վրայ նշանակել սպանացի մասնագէտ Փեփ Կուարտիոլան, եթէ այժմու գլխաւոր մարզիչը` արժանթինցի Մաուրիսիօ Փոչեթինոն հեռանայ իր պաշտօնէն:
Կը նշուի, որ Փոչեթինօ այժմ շատ մօտ է Մանչեսթըր Եունայթըտին միանալու:
Նշենք, որ Կուարտիոլայի մարզական վերջին պաշտօնը Մանչեսթըր Սիթիի հետ էր, որմէ հեռացած էր այս տարուան ամրան:


