Արժանթինի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Լիոնել Սքալոնի եւ անոր մարզչական խումբը տակաւին չեն կրցած որոշել, թէ որո՛ւն պիտի յանձնեն պատմական խմբապետ Լիոնել Մեսսիի թիւ 10 մարզաշապիկը:
Մեսսիի միջազգային ասպարէզը աւարտելէ ետք, անոր պատուաւոր թիւ 10 մարզաշապիկին համար կը պայքարին երկու թեկնածուներ` Ինթեր Միլանի խմբապետ եւ յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեսը, ինչպէս նաեւ Քոմոյի յարձակողական ոճի միջնապահ Նիքօ Փասը:
Մեսսի իր հրաժեշտի մրցումը կատարած էր 7 հոկտեմբերին, երբ Արժանթին բարեկամական մրցում կատարած էր Պենինի դէմ: Այդ մրցումին Մեսսի կրցած էր կոլ մը նշանակել եւ երկու կոլեր պատրաստել իր խմբակիցներուն, եւ Արժանթին 3-0 արդիւնքով աւարտած էր մրցումը:


