Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սէմ Սիմոնեան եւ «Քնար» պարախումբի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նորայր Գարամանուկեան երկուշաբթի, 9 նոյեմբեր 2026-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի Համազգայինի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Պէյրութ մարաթոն միութեան նախագահ Մէյ Խալիլը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Խալիլ անդրադարձաւ 29 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Սփինիզ Պէյրութ միջազգային մարաթոնի ծրագիրին` շեշտելով, որ մարաթոնը կը միտի համախմբել Լիբանանի ժողովուրդը` սիրոյ եւ համերաշխութեան սկզբունքներով: Ան յոյս յայտնեց, որ նշեալ հաւաքի գեղարուեստական յայտագիրին իր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերէ Համազգայինը, եւ ասիկա մեկնարկը կը հանդիսանայ յառաջիկայ գործակցութեան եւ նոր ծրագիրներու իրականացման:
Մեծապէս գնահատելով Պէյրութ մարաթոնին դերը եւ քաջալերական մթնոլորտը, Սէմ Սիմոնեան յայտնեց, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնէ ապահովելու «Քնար» պարախումբին մասնակցութիւնը` հաւատալով, որ այսպիսի ծրագիրներ էապէս կը նպաստեն առողջ հասարակութեան կազմութեան, իսկ հայկական առումով լաւագոյն միջոցներէն են մեր մշակոյթը ներկայացնելու Լիբանանի ժողովուրդին:
Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ քննարկելու մարաթոնին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտելու գործակցութեան կարելիութիւնները` ի սպաս մեր ընկերութեան զարգացման ու բարգաւաճման:


